Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 81

Յիսուս եւ իր Հայրը ինչպէ՞ս մէկ են

Յիսուս եւ իր Հայրը ինչպէ՞ս մէկ են

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 10։22-42

  • «ԵՍ ՈՒ ՀԱՅՐԸ ՄԷԿ ԵՆՔ»

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՑՈՒՑՆԷ ՈՐ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾ Չ’ԸՆԵՐ

Յիսուս Երուսաղէմ եկած է Նաւակատիքի տօնին համար։ Այս տօնը կը յիշատակէ տաճարին երկրորդ նաւակատիքը։ Աւելի քան մէկ դար առաջ, Սուրիոյ թագաւորը՝ Անտիոքոս Դ. Եփիփանոս, հեթանոսական զոհասեղան մը շինեց Աստուծոյ տաճարին զոհասեղանին վրայ։ Ետքը, հրեայ քահանայի մը որդիները Երուսաղէմը ազատագրեցին եւ տաճարը դարձեալ Եհովային նուիրեցին։ Ատկէ ի վեր, ամէն տարի այս տօնակատարութիւնը կը սկսի քասղեւ ամսուան 25–ին,– այն ամիսը որ կը համապատասխանէ նոյեմբերի կէսէն մինչեւ դեկտեմբերի կէսին։

Ձմեռ է եւ օդը պաղ է։ Յիսուս կը քալէ տաճարին մէջ՝ Սողոմոնի սրահը։ Հրեաները իր շուրջը հաւաքուելով կը հարցնեն. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ» (Յովհաննէս 10։22-24)։ Յիսուս ի՞նչ պիտի պատասխանէ։ Ան կը նշէ. «Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք»։ Յիսուս իրենց ուղղակիօրէն չէ ըսած, որ ինք Քրիստոսն է, ինչպէս որ սամարացի կնոջ ըսած էր (Յովհաննէս 4։25, 26)։ Բայց իր ինքնութիւնը յայտնած է, ըսելով. «Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես» (Յովհաննէս 8։58

Յիսուս կ’ուզէ որ մարդիկ անձամբ եզրակացնեն որ ինք Քրիստոսն է, իր գործերը բաղդատելով այն գործերուն հետ, որոնք ըստ մարգարէութեան՝ Քրիստոս պիտի ընէր։ Ասոր համար է որ ան ուրիշ առիթներով իր աշակերտներուն ըսաւ, որ մէկու մը չըսեն թէ ինք Մեսիան է։ Բայց ան հիմա այդ թշնամական հրեաներուն բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։ Բայց դուք չէք հաւատար» (Յովհաննէս 10։25, 26

Անոնք ինչո՞ւ չեն հաւատար որ ինք Քրիստոսն է։ Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի։ Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։ Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է»։ Ետքը, Յիսուս անոնց կ’ըսէ թէ որքա՛ն մտերիմ է իր Հօրը հետ, ըսելով. «Ես ու Հայրը մէկ ենք» (Յովհաննէս 10։26-30)։ Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ ինք եւ իր Հայրը բառացիօրէն մէկ են, քանի որ ինք երկրի վրայ է, իսկ իր Հայրը՝ երկինքը։ Անոնք ‘մէկ են’ այն իմաստով, որ նոյն նպատակը ունին եւ միութիւն կայ իրենց միջեւ։

Հրեաները այնքա՛ն կը ջղայնանան, որ քարեր կը վերցնեն զինք քարկոծելու համար։ Բայց Յիսուս չի վախնար։ Ան կ’ըսէ. «Շատ բարի գործեր ցուցուցի ձեզի իմ Հօրմէս, անոնցմէ ո՞ր գործին համար զիս կը քարկոծէք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն. . . ինքզինքդ Աստուած կ’ընես» (Յովհաննէս 10։31-33)։ Յիսուս բնա՛ւ չդաւանեցաւ աստուած մը ըլլալ։ Լաւ, ինչո՞ւ համար այս բանը կ’ըսուի իր մասին։

Քանի որ Յիսուս կ’ըսէ թէ ինք ունի այնպիսի զօրութիւն մը, որ ըստ հրեաներուն՝ միայն Աստուծոյ կը պատկանի։ Օրինակ, Յիսուս «ոչխարներ»ուն նկատմամբ ըսաւ. «Անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ», ինչ որ բան մըն է, որ մարդ արարածը չի կրնար ընել (Յովհաննէս 10։28)։ Հրեաները կ’անտեսեն այն իրողութիւնը, որ Յիսուս բացէ ի բաց ըսած է, թէ ինք իշխանութիւն ստացած է իր Հօրմէն։

Հրեաներուն ըսածը հերքելու համար, Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ ձեր օրէնքին մէջ [Սաղմոս 82։6–ին մէջ] գրուած է. ‘Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք’։ Եթէ ‘աստուածներ’ կ’անուանէ զանոնք [Իսրայէլի դատաւորները], որոնց Աստուծոյ խօսքը տրուեցաւ. . . հապա զայն որ Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ինչպէ՞ս անոր կ’ըսէք թէ՝ ‘Հայհոյութիւն կ’ընես’, ‘Աստուծոյ Որդի եմ’ ըսելուս համար» (Յովհաննէս 10։34-36

Եթէ Սուրբ Գրութիւնները նոյնիսկ անարդար մարդկային դատաւորները կը կոչէ «աստուածներ», հրեաները ինչպէ՞ս կրնային Յիսուսը յանդիմանել՝ «Աստուծոյ Որդի եմ» ըսելուն համար։ Հիմա Յիսուս կ’ըսէ բան մը, որ պէտք է համոզիչ ըլլայ անոնց համար. «Եթէ իմ Հօրս գործերը չեմ գործեր, ինծի մի՛ հաւատաք։ Բայց քանի որ կը գործեմ, թէեւ ինծի չէք հաւատար, գոնէ գործերուս հաւատացէք, որպէս զի գիտնաք ու հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես անոր մէջ» (Յովհաննէս 10։37, 38

Երբ ասիկա կը լսեն, հրեաները կը փորձեն Յիսուսը բռնել, բայց ան նորէն կը փախչի։ Ան Երուսաղէմէն ելլելով Յորդանան գետը կը կտրէ եւ կ’երթայ այն շրջանը, ուր Յովհաննէս գրեթէ չորս տարի առաջ սկսաւ մարդիկը մկրտել։ Ըստ երեւոյթին, այդ շրջանը մօտ է Գալիլիայի ծովուն հարաւային մասին։

Շատեր Յիսուսին գալով կ’ըսեն. «Իրաւ Յովհաննէս հրաշք մը չըրաւ, բայց ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր» (Յովհաննէս 10։41, 42)։ Այսպիսով, շատ մը հրեաներ Յիսուսին կը հաւատան։