Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 82

Յիսուսի ծառայութիւնը Պերեայի մէջ

Յիսուսի ծառայութիւնը Պերեայի մէջ

ՂՈՒԿԱՍ 13։22–14։6

  • ՋԱՆԱԼ ՆԵՂ ԴՌՆԷՆ ՆԵՐՍ ՄՏՆԵԼ

  • ՅԻՍՈՒՍ ՊԷՏՔ Է ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՄԵՌՆԻ

Հրէաստանի եւ Երուսաղէմի մէջ, Յիսուս ժողովուրդին սորվեցնելէ եւ բուժելէ ետք, Յորդանան գետը կը կտրէ եւ կ’անցնի Պերեա։ Հոն, ան քաղաքէ քաղաք երթալով՝ կը սորվեցնէ։ Բայց շուտով պիտի վերադառնայ Երուսաղէմ։

Մինչ Յիսուս Պերեայի մէջ է, տղամարդ մը կը հարցնէ. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։ Թերեւս մարդը տեղեակ է որ կրօնական առաջնորդները այս նիւթին շուրջ կը վիճաբանին։ Անոնցմէ ոմանք կ’ըսեն որ շատեր պիտի փրկուին, իսկ ուրիշներ կ’ըսեն՝ քիչեր։ Փոխանակ պատասխանելու որ քանի հոգի պիտի փրկուի, Յիսուս կ’ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է ընել՝ փրկուելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Ջանք ըրէք [«Պայքարեցէ՛ք», ԱԾ] որ նեղ դռնէն մտնէք»։ Ուրեմն, պէտք է մէկը ջանք թափէ եւ պայքար մղէ, որ փրկուի։ Յիսուս բացատրելով՝ կ’ըսէ. «Շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան» (Ղուկաս 13։23, 24

Ջանք թափելու կարեւորութիւնը շեշտելու համար, Յիսուս օրինակ մը կու տայ՝ ըսելով. «Երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’. . . անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինձմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’» (Ղուկաս 13։25-27

Այսպէս Յիսուս ցոյց կու տայ, որ ինչ կը պատահի, երբ մէկը ուշ գայ,– թերեւս այն ժամանակ՝ երբ իրե՛ն յարմար է,– եւ տեսնէ որ դուռը արդէն փակուած ու կղպուած է։ Ան պէտք էր աւելի կանուխ գար, նոյնիսկ եթէ ատիկա իրեն անյարմար էր։ Նոյնպէս, շատեր չօգտուեցան երբ Յիսուս երկրի վրայ մարդոց կը սորվեցնէր, ոչ ալ ճշմարիտ պաշտամունքը առաջին տեղը դրին իրենց կեանքին մէջ։ Մարդոց մեծամասնութիւնը, որոնց համար Յիսուս ղրկուած էր, չընդունեցին Աստուծոյ կարգադրած փրկութեան միջոցը։ Յիսուս կ’ըսէ որ անոնք պիտի ‘լան ու ակռաներ կրճտեն’, երբ դուրս ձգուին։ Բայց մարդիկ պիտի գան «արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն», այո, բոլոր ազգերէն, «ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ» (Ղուկաս 13։28, 29

Յիսուս կը բացատրէ. «Պիտի գտնուին յետիններ [ինչպէս՝ հրեայ չեղողներ եւ արհամարհուած հրեաներ]՝ որոնք առաջիններ պիտի ըլլան ու առաջիններ [կրօնական առաջնորդներ, որոնք կը հպարտանան որ Աբրահամի սերունդէն են]՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան» (Ղուկաս 13։30)։ Այդ ապերախտները «յետիններ» պիտի ըլլան այն իմաստով, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնեն։

Այն ատեն, կարգ մը փարիսեցիներ Յիսուսին կու գան ու կը խրատեն. «Ելիր ու գնա՛ ասկէ, վասն զի Հերովդէս [Անթիպաս] քեզ սպաննել կ’ուզէ»։ Թերեւս Հերովդէս թագաւոր ինք սկիզբ տուած է այդ տարաձայնութեան, որպէսզի Յիսուս շրջանէն փախչի։ Հերովդէս թերեւս կը վախնայ որ ձեւով մը ուրիշ մարգարէի մը մահուան պատճառ դառնայ, ինչպէս որ պատճառ դարձաւ Յովհաննէս Մկրտիչին մահուան։ Բայց Յիսուս փարիսեցիներուն կ’ըսէ. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ‘Ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ’» (Ղուկաս 13։31, 32)։ Հերովդէսը «աղուէս» կոչելով՝ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ ան խորամանկ է։ Բայց Յիսուս թոյլ չի տար որ Հերովդէսը կամ ուրիշ ոեւէ մէկը ազդէ իրեն կամ պատճառ դառնայ որ իր գործունէութիւնը անտեղիօրէն արագացնէ։ Ան կ’ուզէ իր նշանակումը կատարել իր Հօ՛ր դրած յայտագրին համաձայն, եւ ոչ թէ՝ մարդոց։

Յիսուս կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնը դէպի Երուսաղէմ։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի» (Ղուկաս 13։33)։ Աստուածաշունչին մէջ չկայ մարգարէութիւն մը, որ կը նշէ թէ Մեսիան այդ քաղաքին մէջ պէտք է մեռցուի. ուրեմն Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ հոն պիտի մեռնի։ Քանի որ Երուսաղէմը մայրաքաղաքն է եւ կեդրոնը հրէական բարձրագոյն ատեանին՝ Սենետրիոնին, որ 71 անդամներ ունի։ Հոն է որ կը հարցաքննուին անոնք՝ որոնք կ’ամբաստանուին սուտ մարգարէ ըլլալու յանցանքով։ Ասկէ զատ, Երուսաղէմի մէջ է որ անասնական զոհերը կը մատուցանուին։ Այսպէս, Յիսուս կը գիտակցի որ ուրիշ քաղաքի մէջ պիտի չսպաննուի։

Յիսուս կ’ըսէ. «Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Ղուկաս 13։34, 35)։ Հրեայ ազգը Աստուծոյ Որդին կը մերժէ եւ ատոր հետեւանքները պիտի կրէ։

Երուսաղէմ հասնելէ առաջ, Շաբաթ օրով՝ փարիսեցիներու գլխաւորներէն մէկը Յիսուսը ճաշի կը հրաւիրէ իր տունը։ Ներկաները ուշի–ուշով Յիսուսը կը դիտեն, որ տեսնեն թէ ի՛նչ պիտի ընէ երբ նկատէ որ ներկաներէն մէկը ջրգողեալ մարդ է (այսինքն՝ ունի հիւանդութիւն մը, որուն պատճառով հեղուկ կը լեցուի մարմինին մէջ, ընդհանրապէս՝ սրունքներուն եւ ոտքերուն մէջ)։ Յիսուս փարիսեցիներուն եւ օրինականներուն կը հարցնէ. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել» (Ղուկաս 14։3

Մէկը չի պատասխաներ։ Յիսուս այդ մարդը կը բժշկէ եւ ետքը կը հարցնէ. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը» (Ղուկաս 14։5)։ Դարձեալ անոնք իր տրամաբանական հարցումին պատասխան չունին։