Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 85

Ուրախանալ զղջացող մեղաւորին համար

Ուրախանալ զղջացող մեղաւորին համար

ՂՈՒԿԱՍ 15։1-10

  • ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐԻՆ ԵՒ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԴՐԱՄԻՆ ԱՌԱԿՆԵՐԸ

  • ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ Կ’ՈՒՐԱԽԱՆԱՆ

Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին, շատ անգամ խօսած է խոնարհ ըլլալու կարեւորութեան մասին (Ղուկաս 14։8-11)։ Ան կը տենչայ գտնել տղամարդիկ ու կիներ, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ խոնարհաբար ծառայել։ Բայց թերեւս անոնցմէ ոմանք դեռ վատահամբաւ մեղաւորներ են։

Փարիսեցիներն ու դպիրները կը նկատեն որ այդպիսիներ,– որոնք իրենք անարժան կը համարեն,– Յիսուսին կ’երթան եւ անոր պատգամին կ’ընդառաջեն։ Անոր համար, անոնք դժգոհութեամբ կ’ըսեն. «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ» (Ղուկաս 15։2)։ Փարիսեցիներն ու դպիրները իրենք զիրենք գերադաս կը սեպեն եւ հասարակ մարդիկը ոտքի տակ եղող աղտ կը համարեն։ Անոնց հանդէպ իրենց ունեցած արհամարհանքը արտայայտելու համար, զանոնք եբրայերէնով ամ հա·արեց կը կոչեն, այսինքն՝ «գետնի մարդիկ»։

Առ ի հակապատկեր, Յիսուս ամէն մարդու հետ արժանապատուութեամբ, ազնուութեամբ եւ կարեկցութեամբ կը վարուի։ Ատոր համար, արհամարհուած մարդոցմէ շատեր, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք վատահամբաւ մեղաւորներ են, շատ կ’ուզեն Յիսուսին մտիկ ընել։ Բայց Յիսուսին կարծիքը ի՞նչ է փարիսեցիներուն քննադատութեան նկատմամբ եւ ինչպէ՞ս կը հակազդէ։

Ան կը պատմէ սրտի դպչող առակ մը, որ կը նմանի այն առակին որ նախապէս Կափառնայումի մէջ պատմած էր (Մատթէոս 18։12-14)։ Ան այս առակին մէջ փարիսեցիները այնպէս մը կը ներկայացնէ, կարծես արդար են եւ Աստուծոյ հօտին մէջ ապահով են, իսկ սովորական մարդիկը կը ներկայացնէ որպէս մոլորածներ եւ կորսուածներ։ Ան կ’ըսէ.

«Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’» (Ղուկաս 15։4-6

Յիսուս ի՞նչ կիրարկում կ’ընէ։ Ան կը բացատրէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ» (Ղուկաս 15։7

Զղջումի գաղափարը թերեւս կը ցնցէ փարիսեցիները, քանի որ իրենք զիրենք արդար կը սեպեն եւ չեն զգար որ զղջումի պէտք ունին։ Երբ անոնցմէ ոմանք շուրջ երկու տարի առաջ Յիսուսը քննադատեցին, քանի որ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կը ճաշէր, ան պատասխանեց. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա՝ մեղաւորները» (Մարկոս 2։15-17)։ Իսկապէս զղջացող մեղաւորներուն հակառակը, ինքնարդար փարիսեցիները չեն նկատեր որ պէտք է զղջան, եւ այսպէս երկնքի մէջ ուրախութիւն չեն պատճառեր։

Շեշտելու համար որ զղջացող մեղաւորները մեծ ուրախութիւն կը պատճառեն երկնքի մէջ, Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ. «Ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։ Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’» (Ղուկաս 15։8, 9

Այս առակը եւ կորսուած ոչխարին առակը նոյն կիրարկումը ունին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ» (Ղուկաս 15։10

Երեւակայէ։ Աստուծոյ հրեշտակները որքա՜ն կը փափաքին որ Աստուծմէ հեռացած մեղաւորները զղջան ու դարձի գան։ Այս գաղափարը ուշադրութեան արժանի է, քանի որ զղջացած մեղաւորները, որոնք Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը պիտի մտնեն, հրեշտակներէն աւելի բարձր դիրք պիտի ստանան (Ա. Կորնթացիս 6։2, 3)։ Բայց հրեշտակները չեն նախանձիր։ Ուրեմն, մենք ինչպէ՞ս պէտք է զգանք, երբ մեղաւոր մը սրտանց զղջայ եւ Աստուծոյ վերադառնայ։