Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 92

Տասը բորոտներէն մէկը երախտագիտութիւն կը յայտնէ

Տասը բորոտներէն մէկը երախտագիտութիւն կը յայտնէ

ՂՈՒԿԱՍ 17։11-19

  • ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍԸ ԲՈՐՈՏ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

Յիսուսը սպաննելու Սենետրիոնի ծրագիրը կը ձախողի, քանի որ Յիսուս Եփրայիմ քաղաքը կ’երթայ, որ Երուսաղէմին հիւսիս արեւելքը կը գտնուի։ Ան իր աշակերտներուն հետ հոն կը մնայ, իր թշնամիներէն հեռու (Յովհաննէս 11։54)։ Բայց Ք.Ե. 33–ի Պասեքը կը մօտենայ, եւ Յիսուս նորէն ճամբայ կ’ելլէ։ Ան Սամարիայէն անցնելով կ’երթայ հիւսիս՝ Գալիլիա։ Ասիկա իր վերջին այցելութիւնն է այս շրջանը, իր մահէն առաջ։

Այս ճամբորդութեան սկիզբը, մինչ ան գիւղէ գիւղ կ’անցնի, կը հանդիպի տասը բորոտներու։ Ընդհանրապէս այս հիւանդութիւնը աստիճանաբար վնաս կը հասցնէ մարմնի անդամներուն, ինչպէս՝ ձեռքի կամ ոտքի մատներուն կամ ականջներուն (Թուոց 12։10-12)։ Աստուծոյ Օրէնքը բորոտէն կը պահանջէ, որ պոռայ՝ «Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ», եւ առողջ մարդոցմէ հեռու ապրի (Ղեւտացւոց 13։45, 46

Տասը բորոտները Օրէնքը պահելով հեռու կը մնան Յիսուսէն։ Բայց բարձրաձայն կը կանչեն. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ Երբ Յիսուս կը տեսնէ բորոտները, անոնց կ’ըսէ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք» (Ղուկաս 17։13, 14)։ Այսպիսով, ան ցոյց կու տայ, թէ կը յարգէ Աստուծոյ Օրէնքը, որ հեղինակութիւն կու տայ քահանաներուն, որ բորոտներուն բժշկուիլը ծանուցանեն։ Այս կերպով է որ անոնք կրնան նորէն ապրիլ առողջ մարդոց հետ (Ղեւտացւոց 13։9-17

Տասը բորոտները կը վստահին Յիսուսի հրաշքներ ընելու զօրութեան։ Անոնք կ’ուղղուին քահանաները տեսնելու, նոյնիսկ բժշկուելէ առաջ։ Ճամբուն վրայ, անոնց հաւատքը կը վարձատրուի։ Անոնք կը տեսնեն եւ կը զգան որ առողջացած են։

Բժշկուած բորոտներէն ինն իրենց ճամբան կը շարունակեն։ Բայց տասէն մէկը, որ սամարացի է, կը վերադառնայ Յիսուսը փնտռելու։ Ինչո՞ւ։ Ան շատ երախտապարտ է Յիսուսի ըրածին համար։ Ան ‘մեծ ձայնով փառք կու տայ Աստուծոյ’, անդրադառնալով որ Աստուա՛ծ զինք առողջացուց (Ղուկաս 17։15)։ Երբ Յիսուսը կը գտնէ, անոր առջեւ կը խոնարհի եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ։

Յիսուս իր շուրջը եղողներուն կ’ըսէ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։ Ետքը Յիսուս սամարացիին կ’ըսէ. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Ղուկաս 17։17-19

Տասը բորոտները բժշկելով, Յիսուս ցոյց կու տայ որ Եհովայի աջակցութիւնը կը վայելէ։ Եւ այդ տասէն մէկը ոչ միայն Յիսուսի միջոցաւ կը բժշկուի, հապա նաեւ հաւանաբար առիթ կ’ունենայ, որ կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալէ։ Մեր օրերուն, Աստուած Յիսուսին միջոցաւ այս տեսակ բուժումներ չ’ըներ։ Բայց Յիսուսին հաւատալը մեր առջեւ առիթ կը բանայ, որ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալենք։ Արդեօք սամարացիին պէս ցոյց կու տա՞նք որ երախտապարտ ենք։