Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 99

Յիսուս կոյրեր կը բժշկէ եւ Զաքէոսին կ’օգնէ

Յիսուս կոյրեր կը բժշկէ եւ Զաքէոսին կ’օգնէ

ՄԱՏԹԷՈՍ 20։29-34 ՄԱՐԿՈՍ 10։46-52 ՂՈՒԿԱՍ 18։35–19։10

  • ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԻՔՈՎԻ ՄՕՏ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

  • ՄԱՔՍԱՒՈՐ ԶԱՔԷՈՍ ԿԸ ԶՂՋԱՅ

Յիսուս եւ իր ճամբորդակիցները Երիքով կը հասնին։ Երիքովէն Երուսաղէմ գրեթէ մէկ օրուան ճամբայ է։ Երիքովը զոյգ քաղաք մըն է. հին քաղաքը հռոմէական նոր քաղաքէն մօտ 1,6 քիլոմեթր հեռու է։ Մինչ Յիսուս եւ մեծ բազմութիւն մը այս երկու քաղաքներէն մէկէն ելլելով միւսին կը մօտենան, երկու կոյր մուրացկաններ աղմուկը կը լսեն։ Անոնցմէ մէկուն անունը Բարտիմէոս է։

Երբ Բարտիմէոսն ու միւս կոյրը կը լսեն որ Յիսուս կ’անցնի, կը սկսին բարձրաձայն ըսել. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի» (Մատթէոս 20։30)։ Ոմանք անոնց կ’ըսեն որ լուռ մնան, բայց երկուքը ձայներնին ա՛լ աւելի կը բարձրացնեն։ Յիսուս անոնց ձայնը լսելով՝ կանգ կ’առնէ եւ քովը եղող անհատներուն կ’ըսէ, որ զանոնք կանչեն։ Անոնք ալ կ’երթան մուրացկաններուն քով եւ անոնցմէ մէկուն կ’ըսեն. «Քա՛ջ եղիր, ելի՛ր, քեզ կը կանչէ» (Մարկոս 10։49)։ Մուրացկանը ա՛յնքան կ’ուրախանայ որ իր հանդերձը մէկ կողմ կը նետէ, կ’ելլէ եւ Յիսուսին կ’երթայ։

«Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ», կը հարցնէ Յիսուս։ Երկուքը կ’աղաչեն. «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց» (Մատթէոս 20։32, 33)։ Անոնց վրայ խղճալով, Յիսուս անոնց աչքերուն կը դպնայ եւ անոնցմէ մէկուն կ’ըսէ. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Մարկոս 10։52)։ Երկու կոյր մուրացկաններուն աչքերը կը բացուին եւ անկասկած երկուքը կը սկսին Աստուած փառաւորել։ Այս բոլորը տեսնելով, ժողովուրդն ալ Աստուած կը փառաբանէ։ Իսկ երկու բժշկուած կոյրերը կը սկսին Յիսուսին ետեւէն երթալ։

Մինչ Յիսուս Երիքովէն կ’անցնի, մեծ բազմութիւն մը անոր շուրջը կը հաւաքուի։ Ամէն մարդ կ’ուզէ տեսնել այն անհատը, որ բժշկեց կոյրերը։ Յիսուսի չորս կողմը մարդիկ իրար կը հրմշտկեն, այն աստիճան որ ոմանք նոյնիսկ չեն կրնար զինք տեսնել։ Զաքէոս անոնցմէ մէկն է։ Ան Երիքովի եւ շուրջի շրջաններուն մաքսապետն է։ Քանի՛ որ ան կարճահասակ է եւ չի կրնար տեսնել ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ, յառաջ կը վազէ եւ ժանտաթզենիի մը վրայ կ’ելլէ։ Հոնկէ ան ամէն բան յստակ կը տեսնէ։ Երբ Յիսուս կը մօտենայ եւ Զաքէոսը ծառին վրայ կը տեսնէ, անոր կ’ըսէ. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ» (Ղուկաս 19։5)։ Զաքէոսն ալ ծառէն վար կ’իջնէ եւ շատ արագ տուն կ’երթայ, որ այս կարեւոր այցելուին համար պատրաստութիւններ տեսնէ։

Ասոր վրայ, մարդիկ կը սկսին տրտնջալ։ Անոնք կը զգան որ պատշաճ չէ որ Յիսուս աս տեսակ մարդու մը հիւրը ըլլայ, քանի որ Զաքէոսը մեղաւոր կը նկատեն։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Զաքէոս հարստացած է՝ մարդոց դրամները շորթելով։

Երբ Յիսուս Զաքէոսին տունը կը մտնէ, մարդիկ կը գանգատին. «Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու»։ Բայց Յիսուս անոր մէջ զղջալու հաւանականութիւնը կը տեսնէ, եւ յուսախաբ չ’ըլլար։ Զաքէոս ոտքի կայնելով՝ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր» (Ղուկաս 19։7, 8

Ասկէ յստակ կը դառնայ, որ Զաքէոս սրտանց զղջացած է։ Հաւանաբար ան կրնայ իր արձանագրած հաշիւներէն գիտնալ, թէ հրեաներէն որքա՛ն գանձած է, եւ ան կը խոստանայ չորեքպատիկ հատուցանել։ Ասիկա Աստուծոյ Օրէնքին պահանջածէն աւելի է (Ելից 22։1. Ղեւտացւոց 6։2-5)։ Ասկէ զատ, Զաքէոս կը խոստանայ իր ունեցածին կէսը աղքատներուն տալ։

Յիսուս կ’ուրախանայ տեսնելով որ Զաքէոս զղջացած է եւ անոր կ’ըսէ. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։ Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ» (Ղուկաս 19։9, 10

Յիսուս դեռ վերջերս պատմած էր անառակ կամ կորսուած որդիին առակը (Ղուկաս 15։11-24)։ Իսկ հիմա բոլորը կրնային տեսնել կենդանի օրինակ մը։ Այս մաքսապետը կորսուած էր, բայց գտնուեցաւ։ Կրօնական առաջնորդները եւ անոնց հետեւորդները թերեւս տրտնջան Յիսուսին դէմ եւ զինք քննադատեն, որ Զաքէոսին պէս մէկու մը ուշադրութիւն դարձուց։ Բայց Յիսուս կը շարունակէ փնտռել ու փրկել Աբրահամին կորսուած որդիները։