Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 101

Յիսուս Բեթանիայի մէջ Սիմոնին տունը կ’ընթրէ

Յիսուս Բեթանիայի մէջ Սիմոնին տունը կ’ընթրէ

ՄԱՏԹԷՈՍ 26։6-13 ՄԱՐԿՈՍ 14։3-9 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։55–12։11

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԲԵԹԱՆԻԱ

  • ՄԱՐԻԱՄ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԳԼՈՒԽԻՆ ԵՒ ՈՏՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԻՒՂ ԿԸ ԹԱՓԷ

Յիսուս Երիքովէն ելլելով՝ Բեթանիա կ’ուղղուի։ Ճամբան խորտուբորտ զառիվեր է եւ ան պէտք է 20 քիլոմեթր կտրէ։ Երիքովը ծովու մակերեսէն մօտ 250 մեթր ցած է, իսկ Բեթանիան ծովու մակերեսէն մօտ 610 մեթր բարձր է։ Ղազարոսն ու իր երկու քոյրերը կ’ապրին Բեթանիա, որ Երուսաղէմէն մօտ 3 քիլոմեթր հեռու է եւ Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի։

Շատ մը հրեաներ արդէն հասած են Երուսաղէմ Պասեքը տօնելու։ Անոնք կանուխ եկած են որ «ինքզինքնին մաքրեն», հակառակ պարագային եթէ մեռելի դպչած են կամ ըրած են բան մը, որ զիրենք անմաքուր կը դարձնէ (Յովհաննէս 11։55. Թուոց 9։6-10)։ Կանուխ հասնողներէն ոմանք տաճարը կը հաւաքուին եւ իրարու միջեւ հարց կու տան, որ արդեօք Յիսուս Պասեքին համար պիտի գա՞յ (Յովհաննէս 11։56

Մարդիկ Յիսուսին մասին տարբեր կարծիքներ ունին։ Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կ’ուզեն զինք բռնել եւ մեռցնել։ Անոնք նոյնիսկ հրաման արձակած են, որ եթէ մէկը Յիսուսին ո՛ւր ըլլալը գիտնայ՝ տեղեկացնէ, «որպէս զի զանիկա բռնեն» (Յովհաննէս 11։57)։ Անոնք արդէն փորձած են Յիսուսը սպաննել, Ղազարոսին յարութենէն ետք (Յովհաննէս 11։49-53)։ Ուրեմն հասկնալի է թէ ոմանք ինչո՛ւ կասկածներ ունին, որ Յիսուսը Պասեքի պիտի գայ կամ ոչ։

Յիսուս Բեթանիա կը հասնի ուրբաթ օրը՝ «զատկէն վեց օր առաջ» (Յովհաննէս 12։1)։ Նոր օրը (շաբաթ, նիսան 8) կը սկսի արեւամուտին։ Ուրեմն Յիսուս իր ճամբորդութիւնը աւարտած էր Շաբաթը սկսելէն առաջ։ Ան չէր կրնար Շաբաթ օրը Երիքովէն Բեթանիա երթալ, քանի որ հրէական օրէնքին համաձայն, ճամբորդելը արգիլուած էր Շաբաթ օրը (ուրբաթ արեւամուտէն մինչեւ շաբաթ արեւամուտ)։ Յիսուս հաւանաբար իր սովորութեանը պէս կ’երթայ Ղազարոսին տունը։

Սիմոնը, որ ինքն ալ Բեթանիայի մէջ կ’ապրի, շաբաթ երեկոյեան ընթրիքի կը հրաւիրէ Յիսուսը եւ անոր ընկերակիցները, մէջը ըլլալով Ղազարոսը։ Սիմոն «բորոտ» կը կոչուի, թերեւս քանի որ առաջ բորոտ էր եւ Յիսուս զինք բժշկած էր։ Աշխատասէր Մարթան անմիջապէս կը սկսի հիւրերուն հոգ տանիլ։ Իսկ Մարիամ իր ուշադրութիւնը Յիսուսին վրայ կը կեդրոնացնէ, այս անգամ ընելով բան մը, որ վիճաբանութեան դուռ կը բանայ։

Մարիամ ‘մէկ լիտր նարդոսի պատուական իւղին’ շիշը կը բանայ (Յովհաննէս 12։3)։ Այս իւղը շատ սուղ է, անոր գինը (300 դահեկան) մօտ մէկ տարուան աշխատավարձի հաւասար է։ Մարիամ իւղը Յիսուսի գլուխին եւ ոտքերուն վրայ կը թափէ եւ ետքը անոր ոտքերը իր մազերովը կը սրբէ։ Անուշահոտ իւղին բոյրը կը լեցուի ամբողջ տան մէջ։

Աշակերտները կը բարկանան եւ կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը» (Մարկոս 14։4)։ Յուդա Իսկարիովտացին դժգոհելով՝ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր» (Յովհաննէս 12։5)։ Իրականութեան մէջ, Յուդան աղքատներով չէ հետաքրքրուած։ Ան արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր կը գողնայ այն գանձանակէն, որ իր քով կը մնայ։

Յիսուս Մարիամը կը պաշտպանէ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք կինը։ Անիկա բարի գործ մը գործեց։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ Անիկա, որ այդ իւղը իմ մարմնիս վրայ թափեց, իմ թաղումիս համար ըրաւ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար» (Մատթէոս 26։10-13

Յիսուս արդէն մէկ օրէ ի վեր Բեթանիայի մէջ է եւ իր մասին լուրերը տարածուած են։ Շատ մը հրեաներ Սիմոնին տունը կու գան, ոչ միայն Յիսուսը տեսնելու, հապա նաեւ Ղազարոսը, որ Յիսուս «մեռելներէն յարուցանած էր» (Յովհաննէս 12։9)։ Քահանայապետները իրարու հետ կը խօսակցին, որ սպաննեն թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը։ Այս կրօնական առաջնորդները համոզուած են, որ շատեր Յիսուսին կը հաւատան, քանի որ կը տեսնեն թէ Ղազարոսը ողջ է։ Անոնք որքա՜ն չար են։