Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 102

Թագաւորը աւանակի վրայ նստած Երուսաղէմ կը մտնէ

Թագաւորը աւանակի վրայ նստած Երուսաղէմ կը մտնէ

ՄԱՏԹԷՈՍ 21։1-11, 14-17 ՄԱՐԿՈՍ 11։1-11 ՂՈՒԿԱՍ 19։29-44 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 12։12-19

  • ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԿԸ ՄՏՆԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱՅ

Յաջորդ օրը, կիրակի, նիսան 9–ին, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’ուղղուի։ Մինչ կը մօտենան Բեթփագէի, որ Ձիթենեաց լերան վրայ կը գտնուի, Յիսուս երկու աշակերտներու կ’ըսէ.

«Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։ Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ» (Մատթէոս 21։2, 3

Աշակերտները չեն անդրադառնար, որ Յիսուսին տուած ուղղութիւնները կապ ունին աստուածաշնչական մարգարէութեան մը հետ։ Բայց ետքը անոնք կը հասկնան Զաքարիայի մարգարէութեան կատարումը։ Զաքարիան մարգարէացած էր, որ Աստուծոյ խոստացած Թագաւորը ‘հեզ էր. . . եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ հեծած’ Երուսաղէմ պիտի մտնէր (Զաքարիա 9։9

Երբ աշակերտները Բեթփագէ կու գան եւ կ’առնեն աւանակն ու անոր մայրը, հոն կայնողներէն ոմանք կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը» (Մարկոս 11։5)։ Բայց երբ անոնք կը լսեն որ էշն ու անոր ձագը Տէրոջ համար են, թոյլ կու տան աշակերտներուն որ ատոնք Յիսուսին տանին։ Աշակերտները իրենց հանդերձները իշուն ու աւանակին վրայ կը դնեն։ Բայց Յիսուս կը նստի աւանակին վրայ։

Մինչ Յիսուս Երուսաղէմի կը մօտենայ, հաւաքուած մարդոց թիւը կ’աւելնայ։ Շատեր իրենց հանդերձները գետինը կը փռեն, իսկ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրեն եւ ճամբուն վրայ կը տարածեն։ Անոնք բարձր ձայնով կ’ըսեն. «Ովսա՛ննա. օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ» (Մարկոս 11։8-10)։ Ասիկա լսելով՝ փարիսեցիները կը ջղայնանան եւ Յիսուսին կ’ըսեն. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն» (Ղուկաս 19։39, 40

Իսկ Երուսաղէմին նայելով, Յիսուս կու լայ եւ կ’ըսէ. «Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ»։ Երուսաղէմը սուղ գին պիտի վճարէ իր դիտումնաւոր անհնազանդութեան համար։ Յիսուս կը մարգարէանայ. «Թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ» (Ղուկաս 19։42-44)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս կը մարգարէանայ, Երուսաղէմը կը կործանի Ք.Ե. 70–ին։

Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ ‘բոլոր քաղաքը կը շարժի ու կ’ըսէ. «Ո՞վ է աս»’։ Եւ բազմութիւնը կ’ըսէ. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն» (Մատթէոս 21։10, 11)։ Իսկ անոնք՝ որոնք Ղազարոսին յարութեան ականատես եղած էին, ուրիշներուն կը պատմեն այդ հրաշքին մասին։ Փարիսեցիները կը սկսին իրարու գանգատիլ, քանի որ կը տեսնեն որ իրենց ջանքերը անօգուտ են։ Անոնք իրարու կ’ըսեն. «Բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց» (Յովհաննէս 12։18, 19

Իր սովորութեանը պէս, Յիսուս տաճար կ’երթայ սորվեցնելու։ Հոն կոյրեր ու կաղեր կը բժշկէ։ Երբ քահանայապետները եւ դպիրները Յիսուսին ըրածները կը տեսնեն եւ կը լսեն տղաքը, որոնք կ’ըսեն՝ «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», կը բարկանան։ Անոնք Յիսուսին կը հարցնեն. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Ան կը պատասխանէ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’» (Մատթէոս 21։15, 16

Տաճարին մէջ, Յիսուս ուշի–ուշով իր շուրջը կը դիտէ։ Հիմա ժամը ուշ ըլլալով, ան իր առաքեալներուն հետ կը մեկնի։ Նիսան 10–ն սկսելէ առաջ, ան ետ Բեթանիա կ’երթայ եւ կիրակի գիշերը հոն կ’անցընէ։