Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 106

Երկու առակներ այգիներու մասին

Երկու առակներ այգիներու մասին

ՄԱՏԹԷՈՍ 21։28-46 ՄԱՐԿՈՍ 12։1-12 ՂՈՒԿԱՍ 20։9-19

  • ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

  • ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

Տաճարին մէջ, քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը դեռ նոր Յիսուսին հարցուցած են որ ի՛նչ իշխանութեամբ այս բոլոր բաները կ’ընէ։ Եւ Յիսուսին պատասխանը զանոնք լռեցուցած է։ Հիմա, Յիսուս կը պատմէ առակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ անոնք ի՛նչ տեսակ մարդիկ են։

Յիսուս կը պատմէ. «Մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. ‘Որդեա՛կ, գնա՛ այսօր այգիիս մէջ գործէ’։ Անիկա պատասխանեց. ‘Չեմ ուզեր երթալ’։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. ‘Կ’երթամ, Տէ՛ր’, սակայն չգնաց։ Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց» (Մատթէոս 21։28-31)։ Պատասխանը յստակ է. առաջին որդին իր հօր ըսածը ըրաւ։

Յիսուս իր հակառակորդներուն կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Մաքսաւորները եւ պոռնիկները սկիզբը Աստուծոյ չծառայեցին, բայց առաջին որդիին նման, անոնք ետքը զղջացին եւ հիմա Աստուծոյ կը ծառայեն։ Անոնց հակապատկերը, կրօնական առաջնորդները, երկրորդ որդիին պէս, կը դաւանին որ Աստուծոյ կը ծառայեն, բայց իրականութեան մէջ չեն ծառայեր։ Յիսուս կ’ըսէ. «Յովհաննէս [Մկրտիչ] արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ» (Մատթէոս 21։31, 32

Ետքը, Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ։ Այս անգամ ան ցոյց կու տայ, որ կրօնական առաջնորդները ոչ միայն Աստուծոյ չեն ծառայեր, հապա նաեւ չար են։ Ան կը պատմէ. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։ Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։ Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։ Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին» (Մարկոս 12։1-5

Յիսուսին մտիկ ընողները պիտի հասկնա՞ն իր առակը։ Անոնք թերեւս յիշեն Եսայիի այս խօսքը. «Զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։ Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ» (Եսայի 5։7)։ Յիսուս նոյն գաղափարը կ’ընդգծէ իր առակով։ Այգիին տէրը Եհովան է եւ այգին՝ իսրայէլ ազգը, որ պաշտպանուած է Աստուծոյ Օրէնքով։ Եհովան մարգարէներ ղրկեց, որ իր ժողովուրդին ուղղութիւններ տայ եւ անոնց օգնէ լաւ պտուղ արտադրելու։

Բայց «մշակները» ծառաներուն հետ գէշ կերպով վարուեցան եւ նոյնիսկ սպաննեցին։ Յիսուս կը բացատրէ. «[Այգիին տէրը] սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ Բայց այն մշակները ըսին իրարու. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ’։ Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին» (Մարկոս 12։6-8

Հիմա Յիսուս կը հարցնէ. «Այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ» (Մարկոս 12։9)։ Կրօնական առաջնորդները կը պատասխանեն. «Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն» (Մատթէոս 21։41

Այսպէս պատասխանելով՝ անոնք իրենք զիրենք կը դատեն, քանի որ Եհովայի «այգի»ին՝ իսրայէլ ազգին՝ «մշակներ»էն են։ Եհովան այսպիսի մշակներէ կ’ակնկալէ պտուղներ ստանալ։ Այդ պտուղներէն մէկն է, իր Որդիին՝ Մեսիային հանդէպ հաւատք։ Յիսուս ուղղակի կրօնական առաջնորդներուն կը նայի եւ կ’ըսէ. «Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ. ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն’» (Մարկոս 12։10, 11)։ Ետքը Յիսուս իր կէտը կը յստակացնէ. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատթէոս 21։43

Դպիրներն ու քահանայապետները կ’անդրադառնան, որ Յիսուս «այն առակը իրենց համար ըսաւ» (Ղուկաս 20։19)։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, անոնք կ’ուզեն սպաննել զինք, ինք որ իրաւացի «ժառանգորդ»ն է։ Բայց ժողովուրդէն կը վախնան, քանի որ անոնք Յիսուսը մարգարէ կը նկատեն։ Անոր համար անոնք չեն փորձեր այդ ժամանակ Յիսուսը սպաննել։