Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 107

Թագաւորը կը հրամայէ հարսանիքին կանչել հրաւիրուածները

Թագաւորը կը հրամայէ հարսանիքին կանչել հրաւիրուածները

ՄԱՏԹԷՈՍ 22։1-14

  • ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԿՈՉՈՒՆՔԻՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուսին ծառայութիւնը վերջանալու վրայ է եւ ան կը շարունակէ առակներով մէջտեղ հանել դպիրներուն եւ քահանայապետներուն ի՛նչ տեսակ մարդիկ ըլլալը։ Անոր համար, անոնք կ’ուզեն Յիսուսը սպաննել (Ղուկաս 20։19)։ Բայց Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ, որպէսզի զանոնք քօղազերծէ.

«Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։ Անոնք չուզեցին գալ» (Մատթէոս 22։2, 3)։ Յիսուս առակին սկիզբը կը նշէ «երկնքի թագաւորութիւնը»։ Ուրեմն, տրամաբանօրէն, «թագաւոր»ը Եհովան է։ Իսկ թագաւորին որդին եւ հարսանիքին հրաւիրուածները որո՞նք են։ Դժուար չէ եզրակացնել թէ թագաւորին որդին Եհովային Որդին է, որ այս առակը կը պատմէ, եւ թէ հրաւիրուածները անոնք են՝ որոնք երկնքի Թագաւորութեան մէջ Որդիին հետ պիտի ըլլան։

Որո՞նք սկիզբը կը հրաւիրուին։ Յիսուս եւ իր առաքեալները որո՞նց կը քարոզէին Թագաւորութեան մասին։ Հրեաներո՛ւն (Մատթէոս 10։6, 7. 15։24)։ Այս ազգը Օրէնքի ուխտը ընդունեց Ք.Ա. 1513–ին, եւ այսպիսով անոնք առաջինները պիտի ըլլային «քահանաներու թագաւորութիւն» մը կազմելու (Ելից 19։5-8)։ Բայց ճիշդ ե՞րբ պիտի կանչուէին «հարսանիքին»։ Տրամաբանական է եզրակացնել, որ անոնք հրաւիրուեցան Ք.Ե. 29–ին, երբ Յիսուս սկսաւ քարոզել երկնքի Թագաւորութեան մասին։

Իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս ընդառաջեց հրաւէրին։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «անոնք չուզեցին գալ»։ Կրօնական առաջնորդներուն եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չընդունեց Յիսուսը որպէս Մեսիան եւ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը։

Բայց Յիսուս կ’ըսէ որ հրեաներուն նորէն առիթ պիտի տրուէր. «[Թագաւորը] նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. ‘Ըսէք հրաւիրուածներուն, «Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք»’։ Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։ Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին» (Մատթէոս 22։4-6)։ Ասիկա պատահեցաւ յետագային, երբ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ։ Այդ ժամանակ, հրեաները դեռ առիթ ունէին Թագաւորութեան մէջ ըլլալու, բայց անոնց մեծամասնութիւնը հրաւէրը մերժեց, նոյնիսկ գէշ կերպով վարուեցաւ ‘թագաւորին ծառաներուն’ հետ (Գործք 4։13-18. 7։54, 57

Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց» (Մատթէոս 22։7)։ Եւ ասիկա իրապէս տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմայեցիները կործանեցին «անոնց քաղաքը»՝ Երուսաղէմը։

Հրեաներուն կողմէ թագաւորին հրաւէրին մերժումը կը նշանակէ՞ որ ուրիշ ո՛չ ոք պիտի հրաւիրուի։ Ըստ Յիսուսի առակին, ո՛չ։ Ան կը շարունակէ ըսել. «Այն ատեն [թագաւորը] իր ծառաներուն ըսաւ. ‘Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք’։ Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ՛ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ» (Մատթէոս 22։8-10

Այդ խօսքերը պիտի կատարուէին յետագային, երբ Պետրոս առաքեալ պիտի սկսէր օգնել ծագումով հրեայ չեղողներուն եւ նորահաւատ չեղողներուն, որպէսզի քրիստոնեաներ ըլլան։ Ք.Ե. 36–ին, հռոմայեցի հարիւրապետ Կոռնելիոս եւ իր ընտանիքը սուրբ հոգին ստացան եւ առիթը ունեցան մտնելու երկնքի Թագաւորութիւնը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ (Գործք 10։1, 34-48

Յիսուս կը յայտնէ, որ ո՛չ բոլոր մարդիկը, որոնք հարսանիքին կու գան, վերջապէս «թագաւոր»ին ընդունելի պիտի ըլլան։ Ան կ’ըսէ. «Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր, ըսաւ անոր. ‘Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի’։ Անիկա պապանձեցաւ։ Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. ‘Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել’։ Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ» (Մատթէոս 22։11-14

Կրօնական առաջնորդները, որոնք Յիսուսին մտիկ կ’ընեն, չեն ըմբռներ իր բոլոր ըսածներուն իմաստը կամ կիրարկումը, բայց եւ այնպէս իր խօսքերը չեն մարսեր։ Անոր համար անոնք ա՛լ աւելի կը վճռեն ձերբազատուիլ այս անձէն, որ իրենց ի՛նչ տեսակ մարդիկ ըլլալը մէջտեղ կը հանէ։։