Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 112

Տասը կոյսերուն առակը

Տասը կոյսերուն առակը

ՄԱՏԹԷՈՍ 25։1-13

  • ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

Յիսուս կը խօսէր իր ներկայութեան նշանին եւ աշխարհի վախճանին մասին։ Հիմա ան յաւելեալ առակի մը միջոցաւ, իր առաքեալներուն իմաստուն խրատ մը կու տայ։ Իր ներկայութեան ժամանակ ապրողները առակին կատարումը պիտի տեսնեն։

Յիսուս կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար» (Մատթէոս 25։1, 2

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ երկնքի Թագաւորութիւնը ժառանգող իր աշակերտներուն կէսը յիմար են, իսկ միւս կէսը՝ իմաստուն։ Հապա ան ըսել կ’ուզէ որ Թագաւորութեան առնչութեամբ, իր աշակերտներէն ամէն մէկը անձամբ կ’որոշէ արթուն ըլլալ կամ ոչ։ Յիսուս վստահ է որ իր ամէն մէկ ծառան կրնա՛յ հաւատարիմ մնալ եւ իր Հօր օրհնութիւնները ստանալ։

Առակին մէջի տասը կոյսերը դուրս կ’ելլեն փեսան դիմաւորելու եւ հարսանիքին մասնակցելու։ Երբ փեսան հարսը բերէ այն տունը, որ իրեն համար պատրաստուած է, կոյսերը պէտք է իրենց լապտերներով լուսաւորեն ճամբան եւ այդպիսով պատիւ տան փեսային։ Բայց արդեօք կոյսերը արթուն ու պատրա՞ստ են փեսան դիմաւորելու։

Յիսուս կը բացատրէ. «Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան» (Մատթէոս 25։3-5)։ Փեսան կոյսերուն ակնկալած ժամանակին չի գար։ Իրենց համար կը թուի որ փեսան շա՛տ ուշացած է, անոր համար անոնք քունի կ’անցնին։ Մինչ Յիսուս առակին մանրամասնութիւններուն կ’երթայ, առաքեալները թերեւս կը յիշեն այն ինչ որ Յիսուս պատմեց ազնուական մարդու մը մասին, որ հեռու երկիր գնաց եւ ի վերջոյ «թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ» (Ղուկաս 19։11-15

Տասը կոյսերուն առակին մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ ի վերջոյ փեսան կը հասնի. «Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’» (Մատթէոս 25։6)։ Արդեօք տասը կոյսերը արթուն եւ պատրա՞ստ են փեսան դիմաւորելու։

Յիսուս կը շարունակէ. «Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։ Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’» (Մատթէոս 25։7-9

Յստակօրէն հինգ կոյսերը յիմար են այն առումով, որ անոնք արթուն եւ պատրաստ չեն փեսան դիմաւորելու։ Անոնք բաւարար իւղ չունին լապտերները վառ պահելու համար եւ ստիպուած են իւղ գնել։ Յիսուս կը շարունակէ. «Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’» (Մատթէոս 25։10-12)։ Այո, արթուն եւ պատրաստ չըլլալը գէշ հետեւանքներ ունի։

Առաքեալները կը հասկնան որ փեսան Յիսուսն է։ Ասկէ առաջ, ան ինքզինք նմանցուցած էր փեսայի (Ղուկաս 5։34, 35)։ Իսկ որո՞նք են իմաստուն կոյսերը։ Երբ Յիսուս կը խօսէր «պզտիկ հօտ»ին մասին, որուն Թագաւորութիւնը պիտի տրուէր, ըսաւ. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած» (Ղուկաս 12։32, 35)։ Ուրեմն, առաքեալները տասը կոյսերուն առակէն կրնան հասկնալ, որ Յիսուս ի մտի ունի իրենց պէս հաւատարիմ աշակերտներ։ Լաւ, Յիսուս ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել այս առակին միջոցաւ։

Ան բացայայտօրէն կը նշէ դասը, երբ իր առակը կ’եզրափակէ ըսելով. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (Մատթէոս 25։13

Յստակ է որ Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն խրատ կու տայ, որ իր ներկայութեան ժամանակ հոգեւորապէս արթուն մնան։ Ան անպայման պիտի գայ, բայց աշակերտները պէտք է հինգ իմաստուն կոյսերուն պէս արթուն եւ պատրաստ ըլլան, որպէսզի իրենց թանկարժէք յոյսը վառ պահեն եւ վարձատրուին։