Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 113

Յիսուս տաղանդներուն առակով կը սորվեցնէ ժրաջան ըլլալ

Յիսուս տաղանդներուն առակով կը սորվեցնէ ժրաջան ըլլալ

ՄԱՏԹԷՈՍ 25։14-30

  • ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուս իր չորս առաքեալներուն հետ խօսած ատեն կը պատմէ ուրիշ առակ մը։ Քանի մը օր առաջ, երբ Երիքովի մէջ էր, մնասներուն առակը պատմելով ցոյց տուաւ, որ Թագաւորութիւնը հեռաւոր ապագային պիտի գար։ Իսկ այն առակը, որ հիմա կը պատմէ, կը նմանի մնասներուն առակին։ Անիկա կապ ունի իր ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին նշանին հետ, եւ ցոյց կու տայ որ իր աշակերտները պէտք է իրենց վստահուած գործին նկատմամբ ժրաջան ըլլան։

Յիսուս կ’ըսէ. «Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց» (Մատթէոս 25։14)։ Յիսուս ասկէ առաջ ինքզինք նմանցուցած էր մարդու մը, որ հեռու երկիր գնաց՝ «իրեն թագաւորութիւն առնելու» (Ղուկաս 19։12)։ Ուրեմն, առաքեալները կրնան դիւրաւ ըմբռնել, որ այս առակին մէջն ալ «մարդ»ը Յիսուսն է։

Այս մարդը օտար երկիր ճամբորդելէ առաջ, իր թանկարժէք ունեցուածքը կը յանձնէ իր ծառաներուն։ Յիսուս նոյնը ըրաւ։ Իր ծառայութեան երեքուկէս տարուան ընթացքին, ան կեդրոնացաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու վրայ եւ իր աշակերտները մարզեց, որ այդ գործը ընեն։ Հիմա ան երթալու վրայ է եւ վստահ է, որ անոնք պիտի շարունակեն ընել իրենց վստահուած գործը (Մատթէոս 10։7. Ղուկաս 10։1, 8, 9. համեմատէ՛ Յովհաննէս 4։38. 14։12

Առակին մէջ, մարդը ինչպէ՞ս իր ունեցուածքը կը բաժնէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ» (Մատթէոս 25։15)։ Ծառաները ինչպէ՞ս պիտի օգտագործեն իրենց վստահուած տաղանդները։ Արդեօք ժրաջանօրէն ատոնք պիտի գործածե՞ն իրենց տիրոջ օգուտ բերելու համար։

Յիսուս կ’ըսէ առաքեալներուն. «Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։ Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։ Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց» (Մատթէոս 25։16-18)։ Ի՞նչ պիտի պատահի երբ տէրը վերադառնայ։

Յիսուս կը շարունակէ. «Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց» (Մատթէոս 25։19)։ Առաջին երկուքը իրենց լաւագոյնը ըրին՝ ‘ամէն մէկը իր կարողութեան չափ’։ Իւրաքանչիւրը ժրաջան ու ջանասէր էր, եւ արդիւնաբեր աշխատանք տարաւ։ Թէ՛ հինգ տաղանդ ստացողը եւ թէ երկու տաղանդ ստացողը կրկնապատկեցին իրենց ստացած տաղանդները (այդ օրերուն, մէկը պէտք էր մօտ 20 տարի աշխատէր, որպէսզի մէկ տաղանդ շահէր)։ Տէրը երկուքն ալ նոյն ձեւով կը գովէ, ըսելով. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մատթէոս 25։21

Բայց մէկ տաղանդ ստացող ծառային պարագան տարբեր է։ Ան իր տիրոջ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի» (Մատթէոս 25։24, 25)։ Ան դրամը նոյնիսկ սեղանաւորներուն չէր տուած, որ գոնէ իր տիրոջ շահ մը բերէր։ Իրողութիւնը այն է որ ան իր տիրոջ վնաս բերած էր։

Անոր համար տէրը իրեն կ’ըսէ. «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ»։ Ան իրմէ կ’առնէ ինչ որ իրեն վստահուած էր եւ ժրաջան ծառային կու տայ։ Ետքը տէրը իր սկզբունքը կը նշէ. «Ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի» (Մատթէոս 25։26, 29

Այս առակը կարեւոր դասեր կը պարփակէ Յիսուսի աշակերտներուն համար։ Անոնք կը տեսնեն որ այն ինչ որ Յիսուս իրենց կը վստահի, այսինքն աշակերտելու առանձնաշնորհումը, շատ մեծ արժէք ունի։ Եւ ան կ’ակնկալէ որ այդ գործին մէջ ժրաջան ըլլան։ Բայց եւ այնպէս, ան չ’ակնկալեր որ նոյն չափով աշխատանք տանին այս գործին մէջ։ Ինչպէս յստակ է առակէն, ‘ամէն մէկը իր կարողութեանը չափ’ պէտք է իր լաւագոյնը տայ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ Յիսուս պիտի հաճի այն անհատին, որ ծոյլ է եւ իր լաւագոյնը չ’ըներ Տէրոջ ունեցուածքը աւելցնելու համար։

Առաքեալները անկասկած կը քաջալերուին, երբ Յիսուս կ’ըսէ. «Ամէն ունեցողին պիտի տրուի»։