Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 119

Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է

Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 14։1-31

  • ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԹԱՅ ՈՐ ՏԵՂ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

  • ԻՐ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՕԳՆԱԿԱՆ ՂՐԿԵԼ

  • ՀԱՅՐԸ ՅԻՍՈՒՍԷՆ ՄԵԾ Է

Տէրունական ընթրիքէն ետք, Յիսուս տակաւին վերնատան մէջ է իր առաքեալներուն հետ, եւ զանոնք կը քաջալերէ՝ ըսելով. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք» (Յովհաննէս 13։36. 14։1

Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ մտահոգուին որ ինք կ’երթայ, ըսելով. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. . . եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։ Բայց առաքեալները չեն ըմբռներ, որ երկինք երթալու մասին կը խօսի։ Թովմաս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ» (Յովհաննէս 14։2-5

«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», Յիսուս կը պատասխանէ։ Միայն Յիսուսը եւ անոր սորվեցուցածները ընդունելով եւ իր կեանքի ընթացքը ընդօրինակելով է, որ մէկը կրնայ իր Հօր երկնային բնակարանը մտնել։ Ան կ’ըսէ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6

Փիլիպպոս, որ Յիսուսին ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ, կը խնդրէ. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի»։ Այնպէս կ’երեւի որ Փիլիպպոս կ’ուզէ, որ Աստուած ձեւով մը ինքզինք յայտնէ իրենց, ինչպէս որ տեսիլքներով ինքզինք յայտնած էր Մովսէսին, Եղիային եւ Եսայիին։ Բայց առաքեալները այդպիսի տեսիլքներէ աւելի լաւ բան մը ունին։ Յիսուս ատիկա կը շեշտէ, երբ կ’ըսէ. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ Յիսուս իր Հօր անձնաւորութիւնը կատարելապէս կ’արտացոլէ։ Անոր համար Յիսուսին հետ ապրիլը եւ իր օրինակը տեսնելը հաւասար է Հայրը տեսնելուն։ Անշուշտ, Հայրը Որդիէն մեծ է. եւ Յիսուս այդ կէտը կը շեշտէ, երբ կ’ըսէ. «Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ» (Յովհաննէս 14։8-10))։ Առաքեալները յստակ կերպով կրնան տեսնել, թէ Յիսուս իր սորվեցուցած բաներուն ամբողջ վարկը իր Հօրը կու տայ։

Առաքեալները տեսած են թէ Յիսուս ինչպէ՛ս սքանչելի գործեր կ’ընէ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէ։ Հիմա ան անոնց կ’ըսէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ» (Յովհաննէս 14։12)։ Ան ըսել չ’ուզեր որ անոնք իրմէ աւելի մեծ հրաշքներ պիտի ընեն. հապա թէ անոնք պիտի քարոզեն աւելի երկար ժամանակ, շա՛տ աւելի շրջաններու մէջ եւ աւելի շատ մարդոց։

Իր երթալէն ետք, Յիսուս զանոնք առանձին պիտի չձգէ։ Ան կը խոստանայ. «Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ»։ Ասկէ զատ, ան կ’ըսէ. «Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին» (Յովհաննէս 14։14, 16, 17)։ Յիսուս զիրենք կը վստահեցնէ, որ պիտի ստանան սուրբ հոգին, այս միւս «մխիթարիչ»ը կամ օգնականը։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ Պէնտէկոստէին։

Յիսուս կ’ըսէ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք» (Յովհաննէս 14։19)։ Յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս մարմնով անոնց պիտի յայտնուի, եւ որոշ ժամանակ ետք, նշանակուած ժամանակին, անոնց յարութիւն պիտի տայ որպէս հոգեղէն արարածներ, որպէսզի իրեն հետ ըլլան երկնքի մէջ։

Հիմա Յիսուս ճշմարտութիւն մը կը նշէ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։ Այն ատեն Յուդա առաքեալը, որ նաեւ Թադէոս կը կոչուի, կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ. . . Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր» (Յովհաննէս 14։21-24)։ Իր հետեւորդներուն հակառակը, աշխարհը չ’ընդունիր որ Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է։

Յիսուս քիչ ժամանակ ետք պիտի երթայ. աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի յիշեն բոլոր այն բաները որ սորվեցուց։ Յիսուս կը բացատրէ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ Առաքեալները տեսած են որ Յիսուս ինչպէ՛ս սուրբ հոգիին միջոցաւ մեծ գործեր ըրած է։ Անոր համար այդ խօսքերը շատ մխիթարական են իրենց համար։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. . . Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ» (Յովհաննէս 14։26, 27)։ Աշակերտները պէտք չունին տակնուվրայ ըլլալու, քանի որ Յիսուսին Հայրը զիրենք պիտի առաջնորդէ եւ պաշտպանէ։

Շուտով անոնք պիտի տեսնեն, որ Աստուած կրնայ մարդիկ պաշտպանել։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի» (Յովհաննէս 14։30)։ Սատանան կրցաւ մտնել Յուդային մէջ եւ անոր ազդել։ Բայց Յիսուս չունի տկարութիւն մը, որ Սատանան կրնայ օգտագործել՝ զինք Աստուծոյ դէմ հանելու համար։ Սատանան նոյնիսկ կարողութիւն չունի Յիսուսը մահուան կապանքներուն մէջ պահելու։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ»։ Ուրեմն ան վստահ է, որ իր Հայրը յարութիւն պիտի տայ իրեն (Յովհաննէս 14։31