Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 121

«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»

«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 16։1-33

  • ՔԻՉ ԵՏՔ ԱՅԼԵՒՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԵՆ

  • ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՏՐՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽՈՒԻ

Յիսուսը եւ իր առաքեալները կը պատրաստուին դուրս ելլելու վերնատունէն, ուր Պասեքի ընթրիքը ունեցան։ Յիսուս իրենց կարեւոր խրատներ տուած է։ Իսկ հիմա կ’ըսէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք»։ Այս զգուշացումը ինչո՞ւ յարմար է։ Ան կ’ըսէ. «Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ» (Յովհաննէս 16։1, 2

Այս խօսքերը թերեւս կը ցնցեն ու կը մտահոգեն առաքեալները։ Թէեւ Յիսուս իրենց ըսած էր, որ աշխարհը զիրենք պիտի ատէ, բայց ուղղակի չէր ըսած որ ոմանք պիտի սպաննուին։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի» (Յովհաննէս 16։4)։ Իսկ հիմա, մեկնելէ առաջ, զանոնք կը զգուշացնէ։ Ասիկա յետագային կրնայ օգնել որ չգայթակղին։

Յիսուս կը շարունակէ. «Ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով եւ ձեզմէ մէ՛կն ալ չի հարցներ ինծի թէ ‘Ո՞ւր կ’երթաս’»։ Այդ երեկոյ, առաքեալները իրեն հարցուցած էին, թէ ո՛ւր պիտի երթար (Յովհաննէս 13։36. 14։5. 16։5)։ Բայց հիմա, հալածանքի մասին լսելէ ետք, տրտմութիւնը զիրենք կը պատէ։ Այդ պատճառով, Յիսուսին չեն հարցներ որ ի՛նչ փառքի պիտի արժանանայ եւ ատիկա ի՛նչ անդրադարձ պիտի ունենայ ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ։ Այս մէկը նկատելով՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Որովհետեւ այս բաները ձեզի խօսեցայ, ձեր սրտերը տրտմութիւնով լեցուեցան» (Յովհաննէս 16։6

Յետոյ Յիսուս կը բացատրէ. «Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ» (Յովհաննէս 16։7)։ Աշակերտները կրնան սուրբ հոգին ստանալ միայն եթէ Յիսուս մահանայ եւ երկինք երթայ։ Ան սուրբ հոգին պիտի ղրկէ որպէս օգնական իր հետեւորդներուն, ո՛ւր որ ալ ըլլան։

Սուրբ հոգին «աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար» (Յովհաննէս 16։8)։ Այո, սուրբ հոգիին շնորհիւ յստակ պիտի դառնայ, որ աշխարհը հաւատք չունի Աստուծոյ Որդիին հանդէպ։ Երբ Յիսուս երկինք համբառնայ, պիտի փաստուի անոր արդարութիւնը եւ յստակ պիտի դառնայ, որ ինչո՛ւ Սատանան՝ «այս աշխարհին իշխանը», դատապարտութեան արժանի է (Յովհաննէս 16։11

Յիսուս կը շարունակէ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ»։ Երբ սուրբ հոգին անոնց վրայ թափուի, զանոնք պիտի առաջնորդէ որ ‘ամբողջ ճշմարտութիւնը’ հասկնան եւ անոր համաձայն ապրին (Յովհաննէս 16։12, 13

Ետքը Յիսուս կ’ըսէ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք»։ Ասիկա առաքեալները կը շփոթեցնէ։ Անոնք իրարու կը հարցնեն, որ ան ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ Նկատելով թէ ասոր մասին հարցման նշաններ ունին, Յիսուս կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’» (Յովհաննէս 16։16, 20)։ Երբ Յիսուս կէսօրէ ետք կը սպաննուի, կրօնական առաջնորդները կ’ուրախանան, իսկ իր աշակերտները կը տրտմին։ Անոնց տրտմութիւնը ուրախութեան կը փոխուի, երբ Յիսուս յարութիւն կ’առնէ։ Եւ այդ ուրախութիւնը կը շարունակուի, երբ անոնց վրայ կը թափէ Աստուծոյ սուրբ հոգին։

Յիսուս առաքեալներուն վիճակը կը համեմատէ յղի կնոջ մը վիճակին հետ, որ ծննդաբերութեան ցաւեր կը քաշէ։ Ան կ’ըսէ. «Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ»։ Ան զանոնք կը քաջալերէ՝ ըսելով. «Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ» (Յովհաննէս 16։21, 22

Մինչեւ հիմա, առաքեալները բան մը չեն խնդրած Յիսուսին անունով։ Իսկ հիմա Յիսուս կ’ըսէ. «Այն օրը իմ անունովս պիտի խնդրէք»։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Հայրը կը տատամսի անոնց խնդրանքներուն պատասխանելու։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ» (Յովհաննէս 16։26, 27

Յիսուսի քաջալերական խօսքերը կը մղեն առաքեալները, որ համարձակութեամբ ըսեն. «Ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար»։ Այդ համոզումը շուտով փորձի պիտի ենթարկուի։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ այն ինչ որ շուտով տեղի պիտի ունենայ. «Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք»։ Բայց զանոնք կը վստահեցնէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհաննէս 16։30-33)։ Ոչ, Յիսուս զանոնք երեսի վրայ պիտի չձգէ։ Ան վստահ է որ անոնք ալ կրնան աշխարհին յաղթել՝ հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կատարելով, հակառակ անոր որ Սատանան եւ իր աշխարհը ջանք պիտի թափեն, որ անոնց ուղղամտութիւնը բեկանեն։