Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 124

Քրիստոս կը մատնուի եւ կը ձերբակալուի

Քրիստոս կը մատնուի եւ կը ձերբակալուի

ՄԱՏԹԷՈՍ 26։47-56 ՄԱՐԿՈՍ 14։43-52 ՂՈՒԿԱՍ 22։47-53 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։2-12

  • ՅՈՒԴԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՄԱՏՆԷ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

  • ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱԿԱՆՋԸ ԿԸ ԿՏՐԷ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ

Կէս գիշերը անց է։ Քահանաները Յուդային հետ համաձայնած են, որ Յիսուսը մատնելու փոխարէն 30 կտոր արծաթ պիտի վճարեն իրեն։ Հիմա Յուդան քահանայապետներէ եւ փարիսեցիներէ բաղկացած մեծ խումբի մը հետ կ’երթայ Յիսուսը փնտռելու։ Անոնց կ’ընկերակցին հռոմայեցի զինուորներու գունդ մը եւ հազարապետ մը։

Այնպէս կ’երեւի որ Յուդան Պասեքի ընթրիքէն դուրս գալէ ետք, ուղղակի գացած է քահանայապետներուն քով (Յովհաննէս 13։27)։ Անոնք ալ իրենց սպասաւորները եւ զինուորներու գունդ մը հաւաքած են։ Կրնայ ըլլալ որ Յուդան նախ անոնց հետ վերնատունը գնաց, ուր Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Պասեքը տօնեց։ Բայց հիմա այս մեծ խումբը արդէն կտրած է Կեդրոն հեղեղատը եւ կ’ուղղուի դէպի պարտէզը։ Զէնքերէ զատ, անոնք իրենց հետ ունին ջահեր եւ լապտերներ, որպէսզի կարենան Յիսուսը գտնել։

Յուդան այս խումբը կ’ուղղէ Ձիթենեաց լեռ։ Ան վստահ է որ գիտէ ո՛ւր գտնէ Յիսուսը։ Անցեալ շաբաթ, մինչ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’երթար–կու գար, յաճախ կանգ կ’առնէր Գեթսեմանիի պարտէզը։ Բայց հիմա որ գիշեր է, զինուորները, որոնք թերեւս բնաւ Յիսուսը չեն տեսած, ինչպէ՞ս պիտի կարենան զինք ճանչնալ ձիթենիներուն մէջ։ Իրենց օգնելու համար, Յուդան նշան մը պիտի ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք» (Մարկոս 14։44

Պարտէզին մէջ, Յուդան Յիսուսը առաքեալներուն հետ կը տեսնէ եւ ուղղակի իրեն մօտենալով կ’ըսէ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ» եւ զինք ջերմօրէն կը համբուրէ։ Յիսուս անոր կ’ըսէ. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն» (Մատթէոս 26։49, 50)։ Ետքը, իր հարցումին ինք պատասխանելով կ’ըսէ. «Յո՛ւդա, համբուրելո՞վ կը մատնես Որդին մարդոյ» (Ղուկաս 22։48)։ Բայց Յիսուս այլեւս այդ մատնիչին հետ ուրիշ բան չի խօսիր։

Ան առջեւ կ’երթայ եւ ջահերուն ու լապտերներուն լոյսին տակ կենալով կ’ըսէ. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Խումբը կը պատասխանէ. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Ան քաջաբար կ’ըսէ. «Ե՜ս եմ» (Յովհաննէս 18։4, 5)։ Անոնք անակնկալի կու գան եւ ետեւ երթալով գետին կ’իյնան։

Փոխանակ առիթէն օգտուելու եւ մթութեան մէջ փախչելու, Յիսուս նորէն կը հարցնէ, թէ ո՛վ կը փնտռեն։ Երբ անոնք կը պատասխանեն՝ «Նազովրեցի Յիսուսը», ան հանդարտ ոճով կ’ըսէ. «Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։ Նոյնիսկ այս լարուած վիճակին մէջ, Յիսուս կը յիշէ ասկէ առաջ իր ըսածը, թէ անոնցմէ մէկը պիտի չկորսնցնէ (Յովհաննէս 6։39. 17։12)։ Այո, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալները պահպանած է եւ անոնցմէ մէկը չէ կորսուած բացի ‘կորստեան որդիէն’՝ Յուդայէն (Յովհաննէս 18։7-9)։ Անոր համար, Յիսուս այդ մեծ խումբէն կը խնդրէ, որ թոյլ տան որ իր հաւատարիմ առաքեալները երթան։

Մինչ զինուորները Յիսուսին կողմը կ’ուղղուին, առաքեալները կ’անդրադառնան թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Անոր համար Յիսուսին կը հարցնեն. «Տէր, թուրով զարնե՞նք» (Ղուկաս 22։49)։ Յիսուս պատասխանելէ առաջ, Պետրոս երկու սուրերէն մէկը կ’առնէ եւ քահանայապետին ծառային՝ Մաղքոսին՝ աջ ականջը կը կտրէ։

Յիսուս Մաղքոսին ականջին կը դպնայ ու կը բժշկէ։ Ետքը ան կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ՝ երբ Պետրոսին կ’ըսէ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ Յիսուս յօժար է որ ձերբակալուի, քանի որ կը բացատրէ. «Ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ» (Մատթէոս 26։52, 54)։ Ան կ’աւելցնէ. «Այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ» (Յովհաննէս 18։11)։ Յիսուս պատրաստ է իր Հօր կամքը ընելու եւ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու։

Ան բազմութեան կ’ըսէ. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։ Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը» (Մատթէոս 26։55, 56

Այն ատեն զինուորները, հազարապետը եւ հրեայ սպասաւորները Յիսուսը կը բռնեն ու կը կապեն։ Ասիկա տեսնելով՝ առաքեալները կը փախչին։ Բայց «երիտասարդ մը», հաւանաբար Մարկոս աշակերտը, խումբին մէջ կը մնայ, որպէսզի Յիսուսի ետեւէն երթայ (Մարկոս 14։51)։ Բայց երբ զինք կը ճանչնան ու կը փորձեն բռնել, իր կտաւէ հագուստը կը ձգէ ու կը փախչի։