Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 128

Պիղատոսն ու Հերովդէսը Յիսուսը անմեղ կը գտնեն

Պիղատոսն ու Հերովդէսը Յիսուսը անմեղ կը գտնեն

ՄԱՏԹԷՈՍ 27։12-14, 18, 19 ՄԱՐԿՈՍ 15։2-5 ՂՈՒԿԱՍ 23։4-16 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։36-38

  • ՊԻՂԱՏՈՍԸ ԵՒ ԵՏՔԸ ՀԵՐՈՎԴԷՍԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ

Յիսուս Պիղատոսէն չի պահեր իր թագաւոր ըլլալուն իրողութիւնը։ Բայց իր Թագաւորութիւնը սպառնալիք չէ Հռոմի համար։ Յիսուս կ’ըսէ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ։ Եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Այո, Յիսուս Թագաւորութիւն ունի, բայց ատիկա այս աշխարհէն չէ։

Պիղատոս Յիսուսի ըսածէն կ’եզրակացնէ, որ ան թագաւոր մըն է։ Հակառակ ասոր, Պիղատոս նորէն կը հարցնէ. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Յիսուս Պիղատոսին յստակ կը դարձնէ, որ ճիշդ եզրակացութեան հասած է, երբ կը պատասխանէ. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ» (Յովհաննէս 18։37

Յիսուս նախապէս Թովմասին ըսած էր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ Հիմա նոյնիսկ Պիղատոս կը տեղեկանայ, որ Յիսուսին երկիր գալուն նպատակը «ճշմարտութեան» մասին վկայելն է, մասնաւորաբար իր Թագաւորութեան վերաբերեալ ճշմարտութեան մասին։ Յիսուս վճռած է հաւատարիմ մնալ այդ ճշմարտութեան, նոյնիսկ եթէ ատիկա նշանակէ իր կեանքը կորսնցնել։ Պիղատոս կը հարցնէ. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը», բայց ան չի սպասեր որ Յիսուս բացատրութիւն տայ։ Ան կը սեպէ որ բաւական բան լսեց այս մարդուն մասին եւ պատրաստ է վճիռ արձակելու (Յովհաննէս 14։6. 18։38

Պիղատոս կը վերադառնայ պալատին դուրսը սպասող ժողովուրդին։ Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս իր քովը կեցած է, երբ քահանայապետներուն եւ անոնց ընկերակցող մարդոց կ’ըսէ. «Ես այս մարդուն վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Անոր որոշումէն զայրացած՝ կ’ըսեն. «Ժողովուրդը իրար կ’անցընէ ու բոլոր Հրէաստանի մէջ կը սորվեցնէ՝ Գալիլիայէն սկսած մինչեւ այստեղ» (Ղուկաս 23։4, 5

Հրեաներուն անտրամաբանական մոլեռանդութիւնը թերեւս կը զարմացնէ Պիղատոսը։ Մինչ քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը կը շարունակեն պոռչտալ, Պիղատոս Յիսուսին կը հարցնէ. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք» (Մատթէոս 27։13)։ Յիսուս բան մը չի պատասխաներ։ Պիղատոս կը զարմանայ, որ Յիսուս ինչպէ՛ս հանդարտ կը մնայ հակառակ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն։

Երբ Պիղատոս կը լսէ որ անոնք կ’ըսեն, թէ Յիսուս ‘Գալիլիայէն սկսած’ իրար կ’անցընէ ժողովուրդը, կը գիտնայ որ ան գալիլիացի է։ Ասիկա իրեն առիթ կու տայ որ Յիսուսը դատելու պատասխանատուութենէն ազատի։ Հերովդէս Անթիպաս (Մեծն Հերովդէսի որդին) Գալիլիայի վրայ կ’իշխէ, եւ հիմա Պասեքին առիթով Երուսաղէմի մէջ է։ Անոր համար, Պիղատոս Յիսուսը կը ղրկէ Հերովդէսին։ Հերովդէս Անթիպասն էր որ Յովհաննէս Մկրտիչը գլխատել տուած էր։ Յետագային ան լսած էր Յիսուսին հրաշքներուն մասին եւ մտահոգուած էր, կարծելով որ ան թերեւս յարութիւն առած Յովհաննէսն էր (Ղուկաս 9։7-9

Հերովդէս հիմա կ’ուրախանայ, որ առիթը պիտի ունենայ Յիսուսը տեսնելու. ոչ թէ որպէսզի Յիսուսին օգնէ կամ տեսնէ թէ անոր դէմ եղած ամբաստանութիւնները հիմ ունին կամ ոչ։ Հերովդէս պարզապէս հետաքրքիր է եւ ‘կը յուսայ անկէ նշան մը տեսնել’ (Ղուկաս 23։8)։ Բայց Յիսուս անոր հետաքրքրութիւնը չի գոհացներ։ Իրականութեան մէջ, երբ Հերովդէս Յիսուսը կը հարցաքննէ, ան բառ մը չ’ըսեր։ Հերովդէս յուսախաբ ըլլալով՝ իր զինուորներուն հետ ‘կ’անարգէ’ Յիսուսը (Ղուկաս 23։11)։ Անոր փառաւոր հագուստներ կը հագցնեն եւ ծաղր կ’ընեն։ Ետքը, Հերովդէս Յիսուսը ետ Պիղատոսին կը ղրկէ։ Պիղատոս եւ Հերովդէս նախապէս թշնամիներ էին, բայց հիմա լաւ բարեկամներ կը դառնան։

Երբ Յիսուսը ետ Պիղատոսին քով կը բերեն, Պիղատոս քահանայապետներուն, հրեայ առաջնորդներուն եւ ժողովուրդին կ’ըսէ. «Ես ձեր առջեւ քննութիւն ընելով՝ ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ. ո՛չ ալ Հերովդէս, վասն զի ձեզ անոր ղրկեցի եւ ահա ատիկա մահու արժանի գործ մը ըրած չէ։ Ուրեմն պատիժ մը տամ անոր ու արձակեմ» (Ղուկաս 23։14-16

Պիղատոս կ’ուզէ Յիսուսը ազատ արձակել, քանի որ կը հասկնայ որ քահանաները իրենց նախանձին պատճառով Յիսուսը իրեն յանձնած են։ Ուրիշ բան մըն ալ կը մղէ Պիղատոսը այս քայլը առնելու։ Մինչ ան նստած է իր դատական աթոռին վրայ, իր կինը իրեն մարդ կը ղրկէ եւ կ’ըսէ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի՛ ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ [ակներեւաբար Աստուծոյ կողմէ երազ] շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար» (Մատթէոս 27։19

Արդեօք Պիղատոս ինչպէ՞ս կրնայ այս անմեղ մարդը ազատ արձակել։