Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 133

Յիսուսին մարմինը թաղման համար կը պատրաստեն եւ գերեզմանը կը դնեն

Յիսուսին մարմինը թաղման համար կը պատրաստեն եւ գերեզմանը կը դնեն

ՄԱՏԹԷՈՍ 27։57–28։2 ՄԱՐԿՈՍ 15։42–16։4 ՂՈՒԿԱՍ 23։50–24։3 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։31–20։1

  • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՑԻՑԷՆ ՎԱՐ Կ’ԱՌՆԵՆ

  • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԹԱՂՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

  • ԿԻՆԵՐԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ ՊԱՐԱՊ ԿԸ ԳՏՆԵՆ

Ուրբաթ, նիսան 14–ի կէսօրէ ետքն է։ Արեւամուտին պիտի սկսի նիսան 15–ը՝ Շաբաթ օրը։ Յիսուս արդէն մեռած է, բայց անոր կողքին կախուած աւազակները դեռ ողջ են։ Օրէնքին համաձայն, մեռելին մարմինը ամբողջ «գիշերը պէտք չէ մնայ» ցիցին վրայ, հապա պէտք է «նոյն օրը» թաղուի (Բ. Օրինաց 21։22, 23

Ատկէ զատ, ուրբաթ կէսօրէ ետքը կը կոչուի Պատրաստութիւն, քանի որ մարդիկ ուտելիքներ կը պատրաստեն, ինչպէս նաեւ կ’ընեն գործեր, որոնք չեն կրնար սպասել մինչեւ Շաբաթ օրուան աւարտին։ Արեւամուտէն ետք պիտի սկսի կրկնակի շաբաթը, կամ՝ «մեծ» շաբաթը (Յովհաննէս 19։31)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա Բաղարջակերաց եօթնօրեայ տօնին առաջին օրը պիտի ըլլայ եւ այդ օրը միշտ Շաբաթ կը սեպուի (Ղեւտացւոց 23։5-7)։ Եւ այս անգամ այդ առաջին օրը եկած է շաբթուան եօթներորդ օրը, որ Շաբա՛թ օր է։

Անոր համար, հրեաները Պիղատոսէն կը խնդրեն որ արագացնէ Յիսուսին եւ երկու աւազակներուն մահը։ Ասիկա ընելու համար, անոնք սովորաբար կը կոտրեն դատապարտեալներուն սրունքները։ Այսպէս անոնք չեն կրնար իրենց ոտքերուն վրայ յենուելով՝ իրենց մարմինը բարձր պահել որ շնչեն։ Զինուորները կու գան որ անոնց սրունքները կոտրեն։ Նախ երկու չարագործներուն սրունքները կը կոտրեն։ Բայց ետքը, տեսնելով որ Յիսուս արդէն մեռած է, անոր սրունքները չեն կոտրեր։ Այսպէս կը կատարուի Սաղմոս 34։20–ի մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր»։

Բայց լման վստահ ըլլալու համար, որ Յիսուս իսկապէս մահացած է, զինուորներէն մէկը գեղարդով կը խոցէ անոր կողը՝ սրտին կողմէն, եւ ‘շուտ մը արիւն ու ջուր կ’ելլէ’ (Յովհաննէս 19։34)։ Այսպէս կը կատարուի Աստուածաշունչի ուրիշ մարգարէութիւն մը, որ կ’ըսէ. «Անոնք իրենց խոցածին պիտի նային» (Զաքարիա 12։10

Արիմաթիայէն Յովսէփ անունով «հարուստ մարդ մը», որ Սենետրիոնի պատուարժան անդամ է, ներկայ է Յիսուսի մահապատիժին գործադրութեան ժամանակ (Մատթէոս 27։57)։ Սուրբ Գիրքը անոր մասին կ’ըսէ, որ «բարի ու արդար մարդ մը»ն է, որ ‘Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէ’։ Իրականութեան մէջ, ան ‘Յիսուսի աշակերտը եղած էր, բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն’։ Ան Յիսուսին նկատմամբ Սենետրիոնին արձակած վճիռին դէմ էր (Ղուկաս 23։50. Մարկոս 15։43. Յովհաննէս 19։38)։ Հիմա, ան համարձակութիւն հաւաքելով, Յիսուսին մարմինը կը խնդրէ Պիղատոսէն։ Պիղատոսն ալ կը կանչէ հարիւրապետը, որ Յիսուսին մահապատիժին գործադրութեան վրայ կը վերահսկէր։ Անկէ տեղեկանալէ ետք, որ Յիսուս մեռած է, Պիղատոս Յովսէփին խնդրանքը կը շնորհէ։

Յովսէփ մաքուր կտաւ կը գնէ եւ Յիսուսին մարմինը ցիցէն վար կ’իջեցնէ։ Ետքը Յիսուսին դիակը կտաւով կը փաթթէ, որպէսզի թաղման պատրաստէ։ Նիկոդէմոսը, որ նախապէս ‘գիշերով Յիսուսին քով եկեր էր’, թաղման պատրաստութիւններուն մէջ կ’օգնէ (Յովհաննէս 19։39)։ Ան իրեն հետ կը բերէ մօտ 33 քկ. զմուռսի եւ հալուէի սուղ խառնուրդ մը։ Հրէական թաղման սովորութեան համաձայն, Յիսուսին մարմինը կտաւով կը փաթթեն եւ մէջը այս անուշահոտ նիւթերը կը դնեն։

Յիսուսին մարմինը կը դնեն ժայռի մէջ փորուած գերեզմանի մը մէջ, որ Յովսէփին կը պատկանի եւ դեռ գործածուած չէ։ Ետքը անոնք մեծ քար մը կը գլորեն գերեզմանին բերանը։ Անոնք այս բոլորը արագ–արագ կ’ընեն՝ Շաբաթը սկսելէ առաջ։ Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոս առաքեալին մայրը՝ Մարիամ, թերեւս կ’օգնեն թաղման պատրաստութիւններուն մէջ։ Անոնք շա՛տ արագ տուն կ’երթան, որ ‘խունկեր ու իւղեր պատրաստեն’, որպէսզի Շաբաթէն ետք Յիսուսին մարմինը օծեն (Ղուկաս 23։56

Յաջորդ օրը, Շաբաթ, քահանայապետները եւ փարիսեցիները Պիղատոսին կ’երթան եւ կ’ըսեն. «Կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’։ Ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։ Պիղատոս կը պատասխանէ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք» (Մատթէոս 27։63-65

Կիրակի առտուն՝ շատ կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացի, Յակոբոսին մայրը՝ Մարիամ, եւ ուրիշ կիներ խունկեր ու իւղեր գերեզման կը բերեն, որ Յիսուսին մարմինը օծեն։ Անոնք իրարու կ’ըսեն. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն» (Մարկոս 16։3)։ Բայց հոն հասնելով՝ անակնկալի կու գան։ Գերեզմանը պարապ է։ Մինչ այդ երկրաշարժ պատահած է եւ Աստուծոյ հրեշտակը քարը մէկ կողմ գլորած է, իսկ պահապան զինուորները հոն չեն։