Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 134

Յիսուս ո՛ղջ է

Յիսուս ո՛ղջ է

ՄԱՏԹԷՈՍ 28։3-15 ՄԱՐԿՈՍ 16։5-8 ՂՈՒԿԱՍ 24։4-12 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 20։2-18

  • ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ’ԱՌՆԷ

  • ԴԷՊՔԵՐ՝ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՄՕՏ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԻՆԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ

Կիները շա՛տ կը ցնցուին, երբ գերեզմանը պարապ կը գտնեն։ Մարիամ Մագդաղենացին «անմիջապէս կը վազէ կ’երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր», այսինքն՝ Յովհաննէս առաքեալին քով (Յովհաննէս 20։2)։ Բայց միւս կիները հրեշտակ մը կը տեսնեն։ Իսկ գերեզմանին մէջ ուրիշ հրեշտակ մը կայ, որ «ճերմակ պատմուճան հագած» է (Մարկոս 16։5

Հրեշտակներէն մէկը անոնց կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։ Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ’» (Մատթէոս 28։5-7)։ Կիները «դողով ու ապշութեամբ բռնուած» կ’երթան աշակերտներուն, որ իրենց տեսած–լսածը պատմեն (Մարկոս 16։8

Մինչ այդ, Մարիամ Պետրոսը եւ Յովհաննէսը կը գտնէ եւ շունչը կտրուելով՝ անոնց կ’ըսէ. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա» (Յովհաննէս 20։2)։ Պետրոսն ու Յովհաննէսը վազելով գերեզման կ’երթան։ Յովհաննէս Պետրոսէն արագ է, եւ նախ ինք կը հասնի գերեզման։ Ան գերեզմանին մէջը կը նայի եւ հոն միայն կտաւները կը տեսնէ, բայց ներս չի մտներ։

Պետրոս գերեզման հասնելուն պէս ներս կը մտնէ։ Ան կտաւները կը տեսնէ եւ այն վարշամակը, որ Յիսուսին գլուխն էր։ Հիմա Յովհաննէս ներս կը մտնէ եւ Մարիամին խօսքերուն կը հաւատայ։ Հակառակ անոր որ Յիսուս ըսած էր, որ յարութիւն պիտի առնէր, բայց ո՛չ Պետրոսը եւ ոչ ալ Յովհաննէսը կ’ըմբռնեն, որ ան իրապէս յարութիւն առած է (Մատթէոս 16։21)։ Անոնք շփոթած վիճակի մէջ տուն կը վերադառնան։ Բայց Մարիամ, որ նորէն գերեզման եկած է, հոն կը մնայ։

Մինչ այդ միւս կիները վազելով կ’երթան աշակերտներուն ըսելու, որ Յիսուս յարութիւն առած է։ Յիսուս անոնց կ’երեւի եւ կ’ըսէ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք ալ անոր ոտքերուն կ’իյնան ու ‘երկրպագութիւն կ’ընեն’։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն» (Մատթէոս 28։9, 10

Աւելի կանուխ, երբ երկրաշարժ պատահեցաւ եւ հրեշտակները երեւցան, գերեզմանին մօտ գտնուող զինուորները «խռովեցան ու մեռածի պէս եղան»։ Իրենք իրենց գալէ ետք, անոնք քաղաք մտան եւ «քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները»։ Քահանաները հրեաներուն ծերերուն հետ խորհրդակցեցան եւ որոշում առնուեցաւ, որ զինուորներուն կաշառք տան, որպէսզի եղածը գաղտնի պահեն եւ ուրիշներուն ըսեն. «Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք» (Մատթէոս 28։4, 11, 13

Հռոմայեցի զինուորները կրնային մահուան դատապարտուիլ, եթէ պահակութեան ժամանակ քնանային։ Անոր համար, քահանաները զինուորներուն կը խոստանան. «Եթէ այդ բանը [քնացած ըլլալու մասին եղած սուտը] կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով կ’ընենք» (Մատթէոս 28։14)։ Զինուորները կաշառքը կ’առնեն եւ կ’ընեն այն ինչ որ քահանաները իրենցմէ կը խնդրեն։ Այսպէս, Յիսուսին մարմինը գողցուելուն սուտ լուրը հրեաներուն մէջ կը տարածուի։

Մարիամ Մագդաղենացին դեռ գերեզմանին մօտ կը սգայ։ Ան առջեւ կը ծռի ու գերեզմանէն ներս նայելով՝ կը տեսնէ ճերմակ հագած երկու հրեշտակներ։ Անոնք նստած են հոն՝ ուր Յիսուսին մարմինը դրուած էր. մէկը՝ գլուխին կողմը, իսկ միւսը ոտքերուն կողմը։ Անոնք Մարիամին կը հարցնեն. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս»։ Ան կը պատասխանէ. «Անոր համար, որ իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ Ետքը ետեւ կը դառնայ եւ կը տեսնէ ուրիշ մէկը, որ հրեշտակներուն հարցումը կը կրկնէ ու կ’աւելցնէ. «Ո՞վ կը փնտռես»։ Մարիամ կարծելով որ անիկա պարտիզպանն է, կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ» (Յովհաննէս 20։13-15

Իրականութեան մէջ, Մարիամ կը խօսի յարութիւն առած Յիսուսին հետ, բայց այդ պահուն զինք չի ճանչնար։ Երբ կ’ըսէ՝ «Մա՛րիամ», իր խօսելու ոճէն Մարիամ անմիջապէս կը գիտնայ որ խօսողը Յիսուսն է, եւ ուրախութեամբ կը բացագանչէ. «Ռաբբունի» (այսինքն՝ «Ուսուցիչ»)։ Բայց վախնալով որ Յիսուս երկինք պիտի երթայ, զինք կը բռնէ։ Յիսուս իրեն կ’ըսէ. «Ինծի մի՛ դպչիր [«մի՛ կառչիր», ՆԱ], վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’» (Յովհաննէս 20։16, 17

Մարիամ կ’երթայ հոն՝ ուր առաքեալները եւ ուրիշ աշակերտներ հաւաքուած են, եւ անոնց կ’ըսէ որ «ինք Տէրը տեսաւ» (Յովհաննէս 20։18)։ Բայց աշակերտները ո՛չ անոր եւ ոչ ալ միւս կիներուն պատմածին կը հաւատան։ «Անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը» (Ղուկաս 24։11