Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 135

Յարութիւն առած Յիսուս շատերու կ’երեւի

Յարութիւն առած Յիսուս շատերու կ’երեւի

ՂՈՒԿԱՍ 24։13-49 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 20։19-29

  • ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԷՄՄԱՒՈՒՍ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

  • ԱՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

  • ԹՈՎՄԱՍ ԱՅԼԵՒՍ ՉԻ ԿԱՍԿԱԾԻՐ

Կիրակի, նիսան 16–ին, աշակերտներուն հոգեկանը գետինն է։ Անոնք չեն ըմբռներ, որ Յիսուսին գերեզմանը ինչո՛ւ պարապ է (Մատթէոս 28։9, 10. Ղուկաս 24։11)։ Նոյն օրը, Կղէովպաս եւ ուրիշ աշակերտ մը Էմմաւուս կ’ուղղուին, որ Երուսաղէմէն մօտ 11 քմ. հեռու է։

Ճամբան, անոնք իրարու հետ կը քննարկեն այդ օրուան դէպքերը։ Ետքը օտար մը անոնց կը միանայ։ Ան կը հարցնէ. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք»։ Կղէովպաս կը պատասխանէ. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։ Օտարն ալ կը հարցնէ. «Ի՞նչ» (Ղուկաս 24։17-19

Անոնք կը պատասխանեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար»։ Եւ կ’աւելցնեն. «Մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր» (Ղուկաս 24։19-21

Կղէովպաս եւ իր ընկերակիցը կը սկսին օտարին պատմել այդ օրուան դէպքերը։ Անոնք կ’ըսեն թէ կարգ մը կիներ, որոնք Յիսուսին գերեզմանը գացին, ատիկա պարապ գտան եւ տեսան հրեշտակներ՝ որոնք իրենց ըսին որ Յիսուս ողջ է։ Կղէովպասն ու իր ընկերակիցը նաեւ օտարին կ’ըսեն, որ ուրիշներ ալ գերեզմանը գացին եւ ատիկա «այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին» (Ղուկաս 24։24

Յստակ է որ երկու աշակերտները պատահած դէպքերուն պատճառով շփոթած են։ Օտարը հեղինակութեամբ անոնց սխալ մտածելակերպը կը ճշդէ. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան. չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր» (Ղուկաս 24։25, 26)։ Ետքը ան անոնց կը բացատրէ Սուրբ Գրութիւններէն հատուածներ, որոնք Քրիստոսին մասին են։

Վերջապէս երեքը կը մօտենան Էմմաւուս գիւղին։ Երկու աշակերտները կ’ուզեն աւելին մտիկ ընել, անոր համար օտարին կ’ըսեն. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած»։ Ան կը համաձայնի, եւ միասին կը ճաշեն։ Երբ օտարը կ’աղօթէ եւ հացը կտրելով իրենց կու տայ, անոնք կ’անդրադառնան որ Յիսուսն է, բայց ան կ’անհետանայ (Ղուկաս 24։29-31)։ Հիմա անոնք հաստատ գիտեն ու վստահ են որ Յիսուս ողջ է։

Երկու աշակերտները խանդավառուած իրարու կ’ըսեն. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր» (Ղուկաս 24։32)։ Անոնք շա՛տ արագ Երուսաղէմ կը վերադառնան, ուր առաքեալները ուրիշներու հետ մէկտեղ հաւաքուած կը գտնեն։ Բայց իրենց հետ պատահածը պատմելէ առաջ, անոնք կը լսեն ուրիշներ կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ» (Ղուկաս 24։34)։ Ետքը, երկուքը կը պատմեն թէ Յիսուս ինչպէ՛ս երեւցաւ իրենց։

Այդ պահուն, անակնկալ բան մը կը պատահի. Յիսուս կ’երեւի սենեակին մէջ։ Աշակերտները իրենց աչքերուն չեն հաւատար, քանի որ հրեաներէն վախնալով դռները կղպած են։ Բայց ահա Յիսուս իրենց մէջտեղ կայնած է։ Ան հանդարտօրէն անոնց կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Սարսափի մէջ ըլլալով, ինչպէս ասկէ առաջ, անոնք հիմա ալ «կը կարծ[են] թէ ոգի մը կը տեսնեն» (Ղուկաս 24։36, 37. Մատթէոս 14։25-27

Յիսուս անոնց իր ձեռքերը եւ ոտքերը ցոյց կու տայ, որ հասկնան թէ ինք երեւակայութիւն չէ, եւ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։ Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չ’ունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ» (Ղուկաս 24։36-39)։ Անոնք չափէ դուրս ուրախ են, բայց տակաւին իրենց աչքերուն չեն հաւատար։

Անոնց օգնելու որ համոզուին թէ ինք իրական է, Յիսուս կը հարցնէ. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։ Ան կտոր մը խորոված ձուկ կ’առնէ եւ կ’ուտէ։ Ետքը կ’ըսէ. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի [իմ մահէս առաջ], թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են’» (Ղուկաս 24։41-44

Յիսուս Կղէովպասին եւ անոր ընկերակիցին օգնած է որ Սուրբ Գրութիւնները հասկնան։ Իսկ հիմա ան միւսներուն հետ նոյնը կ’ընէ՝ ըսելով. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։ Ու դուք էք այս բաներուն վկաները» (Ղուկաս 24։46-48

Թովմաս առաքեալ պատճառով մը ներկայ չէ։ Յաջորդ օրերուն ընթացքին, միւսները իրեն ուրախութեամբ կ’ըսեն. «Տէրը տեսանք»։ Բայց ան կ’ըսէ. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար» (Յովհաննէս 20։25

Ութ օր ետք, աշակերտները նորէն մէկտեղ հաւաքուած են եւ դռները կղպած են, բայց այս անգամ Թովմաս անոնց հետ է։ Յիսուս անոնց մէջտեղ կ’երեւի նիւթականացած մարմնով եւ կ’ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Թովմասին դառնալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ»։ Թովմաս կը բացագանչէ. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս» (Յովհաննէս 20։26-28)։ Հիմա, Թովմաս այլեւս կասկած չունի որ Յիսուս ողջ է որպէս հզօր հոգեղէն արարած, որ Եհովա Աստուծոյ ներկայացուցիչ է։

Յիսուս կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան» (Յովհաննէս 20։29