Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 136

Գալիլիայի ծովուն ափին

Գալիլիայի ծովուն ափին

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 21։1-25

  • ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԳԱԼԻԼԻԱՅԻ ԾՈՎՈՒՆ ԱՓԻՆ

  • ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ՊԷՏՔ Է ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԿԵՐԱԿՐԵՆ

Առաքեալներուն հետ իր վերջին գիշերը, Յիսուս անոնց ըսած էր. «Յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ» (Մատթէոս 26։32. 28։7, 10)։ Հիմա, իր հետեւորդներէն շատեր կ’երթան Գալիլիա, բայց հոն ի՞նչ պէտք է ընեն։

Օր մը, Պետրոս վեց առաքեալներու կ’ըսէ. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։ Վեցն ալ կ’ըսեն. «Մենք ալ կու գանք քեզի հետ» (Յովհաննէս 21։3)։ Ամբողջ գիշերը, անոնք բան մը չեն որսար։ Արշալոյսին, Յիսուս ծովեզերքը կ’երեւի։ Բայց անոնք չեն գիտնար թէ հոն կայնողը Յիսուսն է։ Յիսուս կը հարցնէ. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ո՛չ»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք» (Յովհաննէս 21։5, 6)։ Անոնք ա՛յնքան ձուկ կ’որսան, որ չեն կրնար ուռկանը ջուրէն դուրս քաշել։

Յովհաննէս կ’ըսէ Պետրոսին. «Անիկա Տէրն է» (Յովհաննէս 21։7)։ Պետրոս շատ արագ կը հագնի իր վերարկուն, որ ձուկ որսալու ժամանակ վրայէն հանած էր։ Ետքը ծովը կը նետուի եւ մօտ 90 մեթր լողալով ծովափ կը հասնի։ Միւս առաքեալները նաւով կամաց–կամաց կու գան, ձուկերով լեցուն ուռկանը քաշելով։

Երբ ծովափ կը հասնին, կը տեսնեն «վառուած կրակ», որուն վրայ ձուկ դրուած է, եւ հաց։ Յիսուս կ’ըսէ. «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք»։ Պետրոս ցամաք կը քաշէ ուռկանը, որուն մէջ 153 խոշոր ձուկ կայ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք»։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չի համարձակիր անոր հարցնել. «Դուն ո՞վ ես», քանի որ գիտեն որ Յիսուսն է (Յովհաննէս 21։9-12)։ Ասիկա երրորդ անգամն է, որ Յիսուս կը յայտնուի իր աշակերտներուն որպէս խումբ։

Յիսուս ամէն մէկուն հաց եւ ձուկ կու տայ, որ ուտեն։ Ետքը, հաւանաբար բռնուած ձուկերուն նայելով, Յիսուս կը հարցնէ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Արդեօք Պետրոս աւելի՞ կապուած է ձկնորսութեան, քան՝ այն աշխատանքին, որ Յիսուս կ’ուզէ որ ընէ։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս իրեն կ’ըսէ. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս» (Յովհաննէս 21։15

Յիսուս նորէն կը հարցնէ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Թերեւս Պետրոս կը շփոթի, որ Յիսուս ինչո՛ւ նոյն հարցումը նորէն կը հարցնէ, բայց ան անկեղծօրէն կը պատասխանէ. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս անոր կ’ըսէ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհաննէս 21։16

Երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուս կը հարցնէ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Թերեւս Պետրոս կը կարծէ որ Յիսուս կասկած ունի իր հաւատարմութեան նկատմամբ, անոր համար ան վճռականօրէն կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Յիսուս նորէն կը շեշտէ, որ Պետրոս ի՛նչ պէտք է ընէ. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհաննէս 21։17)։ Այո, անոնք՝ որոնք առաջնորդութիւն կ’առնեն, պէտք է ծառայեն Աստուծոյ հօտին։

Յիսուս ձերբակալուեցաւ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ, քանի որ Աստուծոյ յանձնարարած գործը կատարեց։ Իսկ հիմա ան Պետրոսին կը յայտնէ, որ նոյն վախճանը պիտի ունենայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ դուն պատանի էիր, ինքնիրմէդ գօտի կը կապէիր ու կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բռնես եւ ուրիշը գօտիդ պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր չես ուզեր»։ Հակառակ ասոր, Յիսուս զինք կը քաջալերէ. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս» (Յովհաննէս 21։18, 19

Պետրոս Յովհաննէս առաքեալին կողմը նայելով՝ Յիսուսին կը հարցնէ. «Տէ՛ր, հապա ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Իրապէս, ի՞նչ ապագայ կը սպասէ այն առաքեալին, որ Յիսուս կը սիրէ։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է» (Յովհաննէս 21։21-23)։ Պետրոս պէտք է շարունակէ Յիսուսին հետեւիլ առանց մտահոգուելու որ ուրիշներ ի՛նչ կ’ընեն։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս հոս ի մտի ունի, որ Յովհաննէսը միւս առաքեալներէն աւելի երկար պիտի ապրի եւ անոր պիտի տրուի տեսիլք մը՝ թագաւորական իշխանութեամբ Յիսուսի գալուն մասին։

Անշուշտ, դեռ շատ բաներ կան, որ Յիսուս ըրաւ, որոնք չեն բաւեր որ բազմաթիւ գրքերու մէջ գրուին։