Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 138

Քրիստոս՝ Աստուծոյ աջ կողմն է

Քրիստոս՝ Աստուծոյ աջ կողմն է

ԳՈՐԾՔ 7։55

  • ՅԻՍՈՒՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՋ ԿՈՂՄԸ ԿԸ ՆՍՏԻ

  • ՍՕՂՈՍ ԱՇԱԿԵՐՏ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

  • ՈՒՐԱԽԱՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ՈՒՆԻՆՔ

Յիսուս երկինք համբառնալէն տասը օր ետք, Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուեցաւ աշակերտներուն վրայ, ինչ որ փաստեց որ ան երկինքն էր։ Ետքը ուրիշ փաստ մըն ալ ի յայտ եկաւ։ Ստեփանոս աշակերտը քարկոծուելէ քիչ առաջ բացագանչեց. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած» (Գործք 7։55

Երկինքի մէջ, Յիսուս պիտի սպասէր մասնայատուկ հրամանի մը, որ նախապէս գրուած էր Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Ներշնչման տակ՝ Դաւիթ գրած էր. «Տէրը իմ Տէրոջս [Յիսուսին] ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’»։ Երբ այդ սպասման ժամանակը ամբողջանար, Յիսուս ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը պիտի տիրէր’ (Սաղմոս 110։1, 2)։ Բայց մինչ այդ, Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէր երկինքի մէջ։

Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ։ Յիսուս սկսաւ երկինքէն իշխել՝ սուրբ հոգիով օծուած իր աշակերտներուն վրայ (Կողոսացիս 1։13)։ Ան անոնց քարոզչութիւնը առաջնորդեց եւ զանոնք պատրաստեց իրենց ապագայ դերին համար։ Ի՞նչ դեր։ Անոնք՝ որոնք մինչեւ մահ հաւատարիմ պիտի մնային, ի վերջոյ յարութիւն պիտի առնէին եւ Յիսուսին իշխանակիցներ պիտի ըլլային Թագաւորութեան մէջ։

Անոնցմէ մէկը՝ որ ապագային թագաւոր պիտի դառնար, Սօղոսն էր, որ իր հռոմէական Պօղոս անունով ճանչցուած էր։ Ան հրեայ էր, որ նախանձախնդրօրէն Աստուծոյ Օրէնքը կը պահէր։ Բայց հրեայ կրօնական առաջնորդներուն պատճառով մոլորած էր, այն աստիճան որ ան կամակից էր Ստեփանոսի քարկոծման։ Ետքը, ան «Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով» ուղղուեցաւ Դամասկոս։ Կայիափա քահանայապետը անոր հեղինակութիւն տուած էր, որ Յիսուսին աշակերտները ձերբակալէ եւ Երուսաղէմ բերէ (Գործք 7։57. 9։1)։ Բայց ճամբան, երկնքէն լոյս մը փայլատակեց անոր շուրջը եւ ան գետին ինկաւ։

«Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես», ըսաւ ձայն մը երկինքէն։ Սօղոս հարցուց. «Ո՞վ ես դուն, Տէր»։ Պատասխանը եղաւ. «Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես» (Գործք 9։4, 5

Յիսուս Սօղոսին ըսաւ, որ Դամասկոս մտնէ եւ հոն յաւելեալ ուղղութիւններու սպասէ, բայց քանի որ պայծառ լոյսէն անոր աչքերը կուրցած էին, պէտք էր որ ուրիշներ իրեն օգնէին քաղաք մտնելու։ Տարբեր տեսիլքի մը մէջ Յիսուս Անանիային երեւցաւ, որ Դամասկոսի մէջ ապրող իր աշակերտներէն էր։ Յիսուս Անանիային ըսաւ, որ որոշ տեղ մը երթայ Սօղոսը գտնելու համար։ Անանիան սկիզբը երկու մտքի վրայ էր, բայց Յիսուս իրեն ըսաւ. «Անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ»։ Սօղոս իր տեսողութիւնը վերագտաւ եւ հոն՝ Դամասկոսի մէջ՝ «անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին» (Գործք 9։15, 20

Յիսուսին օգնութեամբ, Պօղոս եւ ուրիշ աւետարանիչներ կրցան շարունակել Յիսուսին սկսած քարոզչութեան գործունէութիւնը։ Աստուած զանոնք հոյակապ կերպով օրհնեց։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ Յիսուս Պօղոսի երեւնալէն շուրջ 25 տարի ետք, Պօղոս գրեց որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ» (Կողոսացիս 1։23

Տարիներ ետք, Յիսուս իր սիրելի Յովհաննէս առաքեալին տուաւ շարք մը տեսիլքներ, որոնք կը գտնուին Յայտնութիւն գրքին մէջ։ Այս տեսիլքներով, Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսի վերադարձը թագաւորական իշխանութեամբ (Յովհաննէս 21։22)։ Յովհաննէս ‘ներշնչմամբ յայտնուեցաւ Տէրոջ օրուան մէջ’ (Յայտնութիւն 1։10, ՆԱ)։ «Տէրոջ օր»ը ե՞րբ պիտի ըլլար։

Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ուշադիր սերտողութիւնը ցոյց կու տայ, որ «Տէրոջ օր»ը սկսաւ 1914–ին։ Այդ տարի, Համաշխարհային Ա. պատերազմը պայթեցաւ։ Եւ անկէ ի վեր մարդիկ կը տեսնեն պատերազմներ, մահտարաժամներ, սովեր, երկրաշարժներ եւ ուրիշ աղէտալի դէպքեր, որոնք մեծ տարողութեամբ կատարումն են Յիսուսի ‘ներկայութեան ու աշխարհի վախճանին նշանին’, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ իր առաքեալներուն (Մատթէոս 24։3, ՆԱ, 7, 8, 14)։ Թագաւորութեան բարի լուրը այսօր կը քարոզուի ոչ միայն նախկին Հռոմէական կայսրութեան տարածքին, հապա՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։

Աստուած Յովհաննէսը ներշնչեց որ գրէ թէ այս բոլորը ի՛նչ կը նշանակեն. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը» (Յայտնութիւն 12։10)։ Այո, Յիսուսին քարոզած՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը իրողութիւն է։

Ասիկա հոյակապ լուր է Յիսուսի բոլոր հաւատարիմ աշակերտներուն համար։ Անոնք լուրջի կ’առնեն Յովհաննէսի այս խօսքերը. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12

Ուրեմն Յիսուս այլեւս իր Հօր աջ կողմը նստած չի սպասեր։ Ան կ’իշխէ որպէս Թագաւոր եւ շուտով իր բոլոր թշնամիները պիտի բնաջնջէ (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Իսկ ետքը ի՞նչ պիտի պատահի։