Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 139

Յիսուս երկիրը դրախտի կը վերածէ եւ իր նշանակումը կ’ամբողջացնէ

Յիսուս երկիրը դրախտի կը վերածէ եւ իր նշանակումը կ’ամբողջացնէ

Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15։24-28

  • Ի՛ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՅԾԵՐՈՒՆ

  • ՇԱՏԵՐ ՊԻՏԻ ՎԱՅԵԼԵՆ ԿԵԱՆՔԸ ԴՐԱԽՏԱՅԻՆ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՓԱՍՏԷ ՈՐ ԻՆՔՆ Է ՃԱՄԲԱՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ

Յիսուսի մկրտութենէն քիչ ետք, իր ծառայութիւնը սկսելէ առաջ, իր թշնամին՝ Սատանան՝ վճռեց զինք փորձութիւններով ձախողեցնել։ Յետագային Յիսուս անոր մասին ըսաւ. «Այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի» (Յովհաննէս 14։30

Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը տեսաւ, որ ի՛նչ կը սպասէր ‘մեծ վիշապին, այն առաջուան օձին, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի’։ Այս վայրագ թշնամին երկինքէն դուրս պիտի ձգուէր եւ ‘շատ բարկացած պիտի ըլլար, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենար’ (Յայտնութիւն 12։9, 12)։ Քրիստոնեաները շատ պատճառներ ունին հաւատալու, որ կ’ապրին այդ ‘քիչ ժամանակուան’ ընթացքին եւ թէ մօտ օրէն «մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը» անդունդը պիտի նետուի եւ հոն 1000 տարի անգործունեայ պիտի մնայ, մինչ Յիսուս պիտի իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը (Յայտնութիւն 20։1, 2

Այդ ժամանակուան ընթացքին, ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ երկրի վրայ։ Որո՞նք երկրի վրայ պիտի ապրին եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։ Յիսուս այս հարցումներուն պատասխանները տուաւ։ Ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ, ան ըսաւ որ ի՛նչ կը սպասէ արդար մարդոց, որոնք փոխաբերական իմաստով ոչխարներու կը նմանին եւ Յիսուսի եղբայրներուն կ’աջակցին։ Ան նաեւ յստակ դարձուց, որ ի՛նչ կը սպասէ անոնց՝ որոնք փոխաբերական իմաստով այծերու կը նմանին եւ կը հակառակին Յիսուսի եղբայրներուն։ Ան ըսաւ. «Ասոնք [այծերը] պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ], իսկ արդարները [ոչխարները]՝ յաւիտենական կեանքը» (Մատթէոս 25։46

Ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու Յիսուսին խօսքը, որ ուղղեց իր քովը ցիցին վրայ գամուած չարագործին։ Յիսուս անոր չըսաւ որ իր հետ պիտի ըլլար երկնային Թագաւորութեան մէջ. վարձատրութիւն մը՝ որ խոստացած էր իր հաւատարիմ առաքեալներուն։ Հապա զղջացող չարագործին խոստացաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Ուրեմն այդ մարդը Դրախտին մէջ,– գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ,– ապրելու հեռանկարը ստացաւ։ Տրամաբանական է որ անոնք՝ որոնք փոխաբերական իմաստով ոչխարի կը նմանին եւ «յաւիտենական կեանքը» կը ստանան, նոյն Դրախտին մէջ պիտի ըլլան։

Ասիկա ներդաշնակ է այն նկարագրութեան հետ, որ Յովհաննէս առաքեալ տուաւ այդ ատեն երկրի վրայ տիրելիք պայմաններուն մասին։ Ան ըսաւ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4

Չարագործը Դրախտին մէջ կեանքը վայելելու համար, պէտք է որ յարութիւն առնէ։ Եւ միայն ինքը չէ որ ատիկա պիտի համտեսէ։ Յիսուս յստակացուց ասիկա, երբ ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար» (Յովհաննէս 5։28, 29

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հաւատարիմ առաքեալներուն եւ սահմանափակ թիւով ուրիշներու նկատմամբ, որոնք Յիսուսին հետ երկնքի մէջ պիտի ըլլան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտնութիւն 20։6)։ Քրիստոսին հետ իշխողները՝ երկրի վրայ ապրած տղամարդիկ ու կիներ են։ Ուրեմն վստահաբար անոնք շա՛տ կարեկից կառավարիչներ պիտի ըլլան անոնց հանդէպ, որոնք երկրի վրայ են (Յայտնութիւն 5։10

Յիսուս իր զոհին արժէքը պիտի կիրարկէ երկրի վրայ ապրող մարդոց վրայ եւ զանոնք պիտի ազատէ ժառանգուած մեղքէն։ Իր իշխանակիցներուն հետ հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնէ։ Այսպէս, մարդիկ պիտի վայելեն կեանքը այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն իսկ նպատակադրած էր մարդ արարածին համար, երբ Ադամին ու Եւային ըսաւ, որ աճին ու շատնան եւ երկիրը լեցնեն։ Նոյնիսկ մահը, որ Ադամին մեղքին արդիւնքն է, մէջտեղէն պիտի վերցուի։

Այսպէս, Յիսուս լիուլի կատարած պիտի ըլլայ այն ինչ որ Եհովան իրմէ խնդրեց։ Իր հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, Յիսուս Թագաւորութիւնը եւ կատարեալ մարդկային ընտանիքը իր Հօր պիտի յանձնէ։ Այս խոնարհ քայլին նկատմամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» (Ա. Կորնթացիս 15։28

Յստակ է որ Յիսուս կարեւոր դեր կը խաղայ Աստուծոյ փառաւոր նպատակները իրագործելու մէջ։ Եւ մինչ այս նպատակները աստիճանաբար կը բացայայտուին յաւիտենական կեանքին ընթացքին, Յիսուս լիակատար կերպով պիտի փաստէ այն ինչ որ ինքն իր մասին ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհաննէս 14։6