Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 4

Յիսուսի յետագայ ծառայութիւնը Հրէաստանի մէջ

«Հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ» (Ղուկաս 10։2

Յիսուսի յետագայ ծառայութիւնը Հրէաստանի մէջ

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԴԱՍ 66

Տաղաւարահարաց տօնին ժամանակ՝ Երուսաղէմի մէջ

Ի՞նչը պատճառ դարձաւ որ Յիսուսին մտիկ ընողները կարծեն որ դեւ կայ իր մէջ։

ԴԱՍ 67

«Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»

Ամբողջ հրէական բարձր ատեանը Յիսուսին դէմ է, բայց մէկ անդամ կը համարձակի անոր ի նպաստ խօսիլ։

ԴԱՍ 68

Աստուծոյ Որդին «աշխարհի լոյսն» է

Յիսուս ըսաւ «ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ Ինչէ՞ն ազատիլ։

ԴԱՍ 69

Անոնց հայրը Աբրահա՞մն է, թէ ոչ՝ Սատանան

Յիսուս կը բացատրէ որ ինչպէ՛ս կարելի է գիտնալ, թէ որո՛նք են Աբրահամին որդիները, ինչպէս նաեւ թէ ո՛վ է իր Հայրը։

ԴԱՍ 70

Յիսուս կոյր ծնած մարդ մը կը բժշկէ

Աշակերտները կը հարցնեն ինչո՞ւ այս մարդը կոյր է։ Արդեօք մեղանչե՞ց։ Իր ծնո՞ղքը մեղանչեց։ Մարդիկ տարբեր կերպերով կը հակազդեն, երբ Յիսուս զինք կը բժշկէ։

ԴԱՍ 71

Փարիսեցիները կը հարցաքննեն բուժուած կոյրը

Կոյր ծնած մուրացկանին տրամաբանական խօսքը կը բարկացնէ փարիսեցիները։ Փարիսեցիները ժողովարանէն դուրս կը դնեն մուրացկանը, բան մը՝ որմէ անոր ծնողքը կը վախնար։

ԴԱՍ 72

Յիսուս 70 աշակերտներ քարոզելու կը ղրկէ

Հրէաստանի մէջ Յիսուս 70 աշակերտներ կը ղրկէ եւ անոնց կ’ըսէ որ Թագաւորութեան մասին քարոզեն։ Անոնք ո՞ւր կը քարոզեն. ժողովարաններո՞ւն մէջ կամ մարդոց տուները։

ԴԱՍ 73

Իսկական ընկերը ո՞վ է

Յիսուս ինչպէ՞ս բարի սամարացիին առակով կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ։

ԴԱՍ 74

Հիւրասիրութեան եւ աղօթքի մասին դասեր

Յիսուս Մարիամին ու Մարթային տունը կ’երթայ անոնց այցելելու։ Անոնց ի՞նչ կը սորվեցնէ հիւրասիրութեան մասին։ Յետագային ան ինչպէ՞ս կը սորվեցնէ իր աշակերտներուն յարատեւաբար աղօթելու մասին։

ԴԱՍ 75

Իսկական երջանկութեան աղբիւրը

Յիսուս զինք քննադատողներուն կը խօսի ‘Աստուծոյ մատին’ մասին եւ թէ ինչպէ՛ս ‘Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հասած է’ անոնց վրայ։ Ան նաեւ կ’ըսէ որ մարդիկ ինչպէ՛ս կրնան իսկական երջանկութիւնը գտնել։

ԴԱՍ 76

Յիսուս փարիսեցիի մը հետ կը ճաշէ

Յիսուս փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն կեղծաւորութիւնը կը դատապարտէ։ Փարիսեցիներն ու դպիրները ինչպէ՞ս ժողովուրդը կը բեռնաւորեն։

ԴԱՍ 77

Յիսուս հարստութեան մասին խրատ կու տայ

Յիսուս առակ մը կը պատմէ հարուստ մարդու մը մասին, որ իր ունեցածէն աւելի մեծ ամբարներ շինեց։ Յիսուս ի՞նչ խրատ կը կրկնէ հարստութեան ետեւէ ըլլալու վտանգներուն մասին։

ԴԱՍ 78

Ո՛վ հաւատարիմ տնտես, պատրաստ կեցիր

Յիսուս կը ցուցնէ թէ հետաքրքրուած է իր աշակերտներուն հոգեւոր բարօրութեամբ։ Տնտեսին դերը ի՞նչ է։ Պատրաստ կենալու մասին պատուէրը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

ԴԱՍ 79

Ինչո՞ւ կործանում կը սպասէ չհաւատացող հրեաներուն

Յիսուս կ’ըսէ թէ եթէ իրեն մտիկ ընողները չզղջան՝ պիտի կործանին։ Արդեօք անոնք պիտի սորվի՞ն այն կարեւոր դասը, որ Յիսուս կը ջանայ անոնց սորվեցնել՝ Աստուծոյ հետ անոնց փոխյարաբերութեան մասին։

ԴԱՍ 80

Բարի Հովիւը եւ բակերը

Հովիւին եւ իր ոչխարներուն փոխյարաբերութիւնը շատ լաւ կերպով կը ցուցնէ, թէ Յիսուս ի՛նչ կը զգայ իր աշակերտներուն հանդէպ։ Արդեօք անոնք պիտի ընդունի՞ն իր ուսուցումները եւ պիտի հետեւի՞ն իրեն։

ԴԱՍ 81

Յիսուս եւ իր Հայրը ինչպէ՞ս մէկ են

Կարգ մը քննադատողներ կ’ըսեն, որ Յիսուս ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէ։ Յիսուս վարպետութեամբ կը ցուցնէ, որ անոնց ըսածը սխալ է։