ՄԱՍ 5
Յիսուսի յետագայ ծառայութիւնը Յորդանանի արեւելեան կողմը
«Շատ մարդիկ... անոր հաւատացին» (Յովհաննէս 10։42)։
ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ
ԴԱՍ 82
Յիսուսի ծառայութիւնը Պերեայի մէջ
Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կը բացատրէ թէ ի՛նչ պէտք է ընել փրկուելու համար եւ թէ ինչո՛ւ շատեր պիտի չփրկուին։ Իր խրատը մեր օրերուն ալ կարեւո՞ր է։
ԴԱՍ 83
Ճաշի հրաւէրներ
Մինչ Յիսուս փարիսեցիի մը տան մէջ կը ճաշէ, մեծ խնճոյքի մասին առակ մը կու տայ։ Ան կը սորվեցնէ դաս մը, որ կարեւոր է Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին համար։ Ի՞նչ է ատիկա։
ԴԱՍ 84
Աշակերտ դառնալը լուրջ որոշում է
Քրիստոսին աշակերտը դառնալը լուրջ պատասխանատուութիւն է։ Յիսուս կը բացատրէ թէ իր աշակերտը ըլլալը ի՛նչ կը պարփակէ։ Ոմանք իր ըսածներէն կը զարմանան։
ԴԱՍ 85
Ուրախանալ զղջացող մեղաւորին համար
Փարիսեցիներն ու դպիրները կը քննադատեն Յիսուսը, քանի որ ժամանակ կ’անցընէ պարզ ժողովուրդին հետ։ Յիսուս երկու առակներով ցոյց տուաւ որ Աստուած ի՛նչ աչքով կը նայի մեղաւորներուն։
ԴԱՍ 87
Իմաստութեամբ կանխաւ ծրագրէ
Յիսուս խորամանկ տնտեսի մը օրինակով կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը սորվեցնէ։
ԴԱՍ 88
Հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին պարագաները կը փոխուին
Յիսուսին առակը հասկնալու համար, պէտք է հասկնանք որ անոր մէջի երկու գլխաւոր անձնաւորութիւնները որո՛նք կը ներկայացնեն։
ԴԱՍ 89
Պերեայի մէջ կը սորվեցնէ, մինչ դէպի Հրէաստան կ’ուղղուի
Ան կը շեշտէ կարեւոր յատկութիւն մը, որ կրնայ մեզի օգնել որ ներենք անոնց՝ որոնք մեզի հանդէպ կրկին անգամ կը մեղանչեն։
ԴԱՍ 90
«Յարութիւնն ու կեանքը»
Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ անոնք՝ որոնք իրեն կը հաւատան, ‘յաւիտեան պիտի չմեռնին’։
ԴԱՍ 91
Ղազարոս յարութիւն կ’առնէ
Երկու գլխաւոր պատճառներու համար, Յիսուսին հակառակորդները չեն կրնար մերժել այս հրաշքը։
ԴԱՍ 92
Տասը բորոտներէն մէկը երախտագիտութիւն կը յայտնէ
Բժշկուած բորոտը ոչ միայն Յիսուսին հանդէպ երախտագէտ կը գտնուի, հապա ուրիշ մէկու մը հանդէպ ալ։
ԴԱՍ 94
Կարեւոր է աղօթել եւ խոնարհ ըլլալ
Որբեւայրիին եւ դատաւորին առակով, Յիսուս կը շեշտէ որոշ յատկութեան մը կարեւորութիւնը։
ԴԱՍ 95
Յիսուս կը սորվեցնէ ամուսնալուծումի եւ երեխաները սիրելու մասին
Երեխաներուն նկատմամբ Յիսուսին տեսակէտը շատ կը տարբերի աշակերտներուն տեսակէտէն։ Ինչո՞ւ։
ԴԱՍ 96
Յիսուս եւ հարուստ երիտասարդ իշխան մը
Ի՞նչը Յիսուսը կը մղէ, որ ըսէ թէ աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ։
ԴԱՍ 98
Առաքեալները նորէն բարձր դիրքի կը ձգտին
Յակոբոսն ու Յովհաննէսը Յիսուսէն կը խնդրեն յատուկ դիրք ունենալ Թագաւորութեան մէջ, բայց միայն անոնք չեն որ այսպիսի բան կ’ուզեն։
ԴԱՍ 99
Յիսուս կոյրեր կը բժշկէ եւ Զաքէոսին կ’օգնէ
Ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակել Աստուածաշունչի երկու արձանագրութիւնները, որոնք կը խօսին կոյր մարդու մը բժշկուելուն մասին Երիքովի մօտ։
ԴԱՍ 100
Մնասներուն առակը
Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։