Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 69

Անոնց հայրը Աբրահա՞մն է, թէ ոչ՝ Սատանան

Անոնց հայրը Աբրահա՞մն է, թէ ոչ՝ Սատանան

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 8։37-59

  • ՀՐԵԱՆԵՐԸ Կ’ԸՍԵՆ ՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐՆ Է

  • ՅԻՍՈՒՍ ԱԲՐԱՀԱՄԷՆ ԱՌԱՋ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԷՐ

Տաղաւարահարաց տօնը դեռ չէ վերջացած։ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ է եւ կարեւոր ճշմարտութիւններ կը սորվեցնէ։ Տօնին ներկայ գտնուող հրեաներէն ոմանք քիչ առաջ Յիսուսին ըսած էին. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Գիտեմ թէ Աբրահամին սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք» (Յովհաննէս 8։33, 37, 38

Յիսուսին կէտը յստակ է։ Ան ըսել կ’ուզէ որ իր Հայրը եւ անոնց հայրը տարբեր անձնաւորութիւններ են։ Բայց անոր ըսածը չհասկնալով՝ հրեաները կը կրկնեն. «Մեր հայրը Աբրահամն է» (Յովհաննէս 8։39. Եսայի 41։8)։ Անոնք բառացիօրէն Աբրահամին սերունդն են։ Անոր համար կը կարծեն որ իրենք Աբրահամին՝ Աստուծոյ բարեկամին՝ նոյն հաւատքը ունին։

Բայց Յիսուս հրեաները կը ցնցէ, երբ կ’ըսէ. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք»։ Իրապէս, որդի մը իր հայրը կ’ընդօրինակէ։ Յիսուս կը շարունակէ. «Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ»։ Ետքը Յիսուս տարօրինակ բան մը կ’ըսէ. «Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք» (Յովհաննէս 8։39-41

Հրեաները տակաւին չեն հասկնար Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, եւ ցոյց տալու համար որ իրենք հարազատ զաւակներ են, կ’ըսեն. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած, մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։ Բայց արդեօք իրապէս Աստուա՞ծ է անոնց Հայրը։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքնիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց»։ Ետքը Յիսուս հարցում մը կը հարցնէ, որուն ինք անձամբ կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար։ Անոր համար որ չէք կրնար խօսքիս մտիկ ընել» (Յովհաննէս 8։41-43

Յիսուս կը փորձէր հասկցնել, որ եթէ իրեն չհաւատան, ցոյց պիտի տան որ իրենց հայրը Սատանան է։ Իսկ հիմա բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ Անոնց հայրը ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ Յիսուս կ’ըսէ. «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ»։ Ետքը ան կ’աւելցնէ. «Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք» (Յովհաննէս 8։44, 47

Այս դատապարտական խօսքերէն կատղելով՝ հրեաները կ’ըսեն. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։ Յիսուսը «սամարացի» կոչելով, կ’ուզեն զինք անարգել։ Բայց Յիսուս անոնց անարգական խօսքերը անտեսելով՝ կը պատասխանէ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք»։ Այս հարցին լուրջ ըլլալը յստակ է Յիսուսին այս խոստումէն. «Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ»։ Ան ըսել չ’ուզեր որ իր առաքեալները եւ հետեւորդները բառացիօրէն պիտի չմահանան։ Հապա ըսել կ’ուզէ որ անոնք յաւիտենական կործանում պիտի չտեսնեն, այսինքն՝ պիտի չհամտեսեն «երկրորդ մահը», որմէ յարութիւն չկայ (Յովհաննէս 8։48-51. Յայտնութիւն 21։8

Բայց հրեաները Յիսուսին խօսքերը բառացի կ’առնեն եւ կ’ըսեն. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։ Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ. . . դուն քեզ ո՞վ կը կարծես» (Յովհաննէս 8։52, 53

Յստակ է որ Յիսուս ի մտի ունի ցոյց տալ, թէ ինք Մեսիան է։ Բայց փոխանակ ուղղակի ըսելու թէ ինք ո՛վ է, կ’ըսէ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ Մեր Աստուածն է, բայց զանիկա չէք ճանչնար, իսկ ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ» (Յովհաննէս 8։54, 55

Ետքը ան ետ կը բերէ անոնց հաւատարիմ նախահօր օրինակը եւ կ’ըսէ. «Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։ Այո, Աստուծոյ խոստումին հաւատալով, Աբրահամ անհամբեր կը սպասէր Մեսիային գալուստին։ Բայց թերահաւատ հրեաները կը հարցնեն. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։ Ան կ’ակնարկէ իր նախամարդկային կեանքին, երբ երկինքին մէջ կ’ապրէր որպէս հզօր հոգեղէն արարած (Յովհաննէս 8։56-58

Յիսուսին այս խօսքերը խիստ կը բարկացնեն հրեաները եւ անոնք կը պատրաստուին զինք քարկոծելու։ Բայց Յիսուս անվնաս կը հեռանայ։