Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար

Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար

ԵՐԲ թերթ կարդաս, հեռատեսիլ դիտես կամ ռատիօ մտիկ ընես, շատ մը լուրեր կ’առնես ոճիրի, պատերազմի եւ ահաբեկչութեան մասին։ Թերեւս դուն ալ դժուար պարագայէ մը կ’անցնիս, քանի որ հիւանդ ես կամ սիրելիներէդ մէկը մեռած է։

Դուն քեզի հարցուր.

  • Ա՞ս է որ Աստուած կ’ուզէ ինծի եւ ընտանիքիս համար։

  • Ի՞նչը կրնայ ինծի օգնել որ խնդիրներուս հետ գլուխ ելլեմ։

  • Արդեօք օրին մէկը երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի ըլլա՞յ։

Աստուածաշունչը այս հարցումներուն կը պատասխանէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՍ

Թերեւս մտածես որ այն ինչ որ հիմա կարդացիր երազ մըն է։ Բայց Աստուած խոստացած է որ շատ մօտ ատենէն երկրի վրայ այս փոփոխութիւնները պիտի ընէ եւ Աստուածաշունչը կը բացատրէ ինչպէս։

Աստուածաշունչը ուրիշ բաներ ալ կ’ըսէ։ Հոն գրուած է թէ ինչպէ՛ս կրնանք հիմա իսկ ուրախ ըլլալ եւ կեանքը վայելել։ Մէկ հատ մտածէ. ի՛նչը քեզ կը մտահոգէ։ Թերեւս դրամական կամ ընտանեկան խնդիրներ ունիս, հիւանդ ես կամ սիրելիներէդ մէկը մեռած է։ Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել որ այս խնդիրներուն հետ գլուխ ելլես։ Անիկա կրնայ նաեւ քեզ մխիթարել, քանի որ կարեւոր հարցումներու պատասխանները կու տայ, ինչպէս՝

Այս գիրքը կարդալդ կը փաստէ, որ կ’ուզե՛ս գիտնալ որ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Այս գիրքին պարբերութիւնները ունին հարցումներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ Աստուածաշունչը աւելի լաւ հասկնաս։ Միլիոնաւորներ ուրախ մնացած են, երբ Աստուածաշունչը Եհովայի վկաներուն հետ սերտած են։ Յուսանք որ դուն ալ ուրախ մնաս։ Անկասկած Աստուած քեզ պիտի օրհնէ, մինչ ջանք կ’ընես որ տեսնես թէ ի՛նչ կրնաս սորվիլ Աստուածաշունչէն։