Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 4

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

1, 2. ա) Եթէ նշանաւոր մէկու մը անունը գիտես, կրնա՞ս ըսել որ զինք լաւ կը ճանչնաս. բացատրէ՛։ բ) Մարդիկ Յիսուսին մասին ի՞նչ կ’ըսեն։

ԱՇԽԱՐՀԻ մէջ շատ նշանաւոր մարդիկ կան։ Թերեւս անոնցմէ մէկուն անունը գիտես։ Բայց կրնա՞ս ըսել որ զինք լաւ կը ճանչնաս եւ իր կեանքին բոլոր մանրամասնութիւնները գիտես։ Անշուշտ ոչ։

2 Թերեւս լսած ես Յիսուս Քրիստոսի մասին, հակառակ անոր որ ան մօտ 2000 տարի առաջ երկրի վրայ ապրեցաւ։ Բայց շատեր չեն գիտեր որ ան ի՛նչ տեսակ անձ էր։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ լաւ մարդ էր, ուրիշներ կ’ըսեն որ մարգարէ էր, ուրիշներ ալ կը հաւատան որ Աստուած է։ Դո՛ւն ի՞նչ կ’ըսես (տե՛ս Բացատրութիւն 12

3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուսին մասին ճշմարտութիւնը գիտնաս։

3 Կարեւոր է որ Յիսուսին մասին ճշմարտութիւնը գիտնաս։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Այո՛, եթէ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուսին մասին ճշմարտութիւնը գիտնաս, կրնաս յաւիտեան ապրիլ Դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ (Յովհաննէս 14։6)։ Ասկէ զատ, Յիսուսին մասին գիտնալը քեզի հիմա պիտի օգնէ, քանի որ ան ամէնէն լաւ օրինակն է ինչպէ՛ս ապրելու եւ ուրիշներու հետ ինչպէ՛ս վարուելու մէջ (Յովհաննէս 13։34, 35Առաջին դասէն սորվեցանք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը։ Հիմա պիտի տեսնենք, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ Յիսուսին մասին։

«ԳՏԱՆՔ ՄԵՍԻԱՆ»

4. «Մեսիա» եւ «Քրիստոս» բառերը ի՞նչ կը նշանակեն։

4 Սուրբ Գիրքին համաձայն, Յիսուսին ծնելէն տարինե՜ր առաջ, Եհովա Աստուած խոստացած էր որ Մեսիան կամ Քրիստոսը պիտի ղրկէր։ «Մեսիա» բառը եբրայերէն է, իսկ «Քրիստոս» բառը՝ յունարէն։ Այս երկու բառերն ալ կը նշանակեն «Օծեալ», այսինքն՝ անձ մը, որ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած է եւ որուն Աստուած յատուկ դեր տուած է։ Մեսիան Աստուծոյ բոլոր խոստումները պիտի կատարէ։ Բայց առաջ որ Յիսուս ծնէր, շատերու մտքէն այս հարցումը կ’անցնէր. ‘Արդեօք ո՞վ պիտի ըլլայ Մեսիան’։

5. Յիսուսին աշակերտները կը հաւատայի՞ն որ ինքն էր Մեսիան։

5 Յիսուսին աշակերտները կասկած չունէին որ ինքն էր Մեսիան (Յովհաննէս 1։41)։ Օրինակ, Սիմոն Պետրոս Յիսուսին ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը» (Մատթէոս 16։16)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուսն է Մեսիան։

6. Եհովան ինչպէ՞ս խոնարհ մարդոց օգնած է, որ գիտնան թէ ո՛վ է Մեսիան։

6 Յիսուսին ծնելէն շա՜տ առաջ, Աստուծոյ մարգարէները գրեցին Մեսիային մասին շատ մը մանրամասնութիւններ, որ մարդիկ Մեսիան ճանչնան։ Ինչպէ՞ս։ Սեպենք որ քեզմէ կը խնդրուի որ օդակայանէն բերես մէկը, որուն բնաւ չես տեսած։ Եթէ այդ անձը լաւ կերպով նկարագրեն, պիտի կարենաս զինք գտնել։ Նոյնպէս, Եհովան իր մարգարէներուն միջոցաւ ըսած էր, որ Մեսիան ի՛նչ պիտի ընէր եւ իրեն ի՛նչ պիտի ըլլար։ Այդ բոլոր մարգարէութիւններուն կատարումը խոնարհ մարդոց կ’օգնէ, որ գիտնան թէ Յիսուսն է Մեսիան։

7. Ի՞նչ են այն երկու մարգարէութիւնները, որոնք կը փաստեն որ Յիսուսն է Մեսիան։

7 Տեսնենք այդ մարգարէութիւններէն երկուքը։ Առաջին, Յիսուսին ծնելէն 700 տարի առաջ, Միքիա մարգարէն ըսած էր, որ Մեսիան պիտի ծնէր Բեթլեհէմ անունով պզտիկ գիւղաքաղաքի մը մէջ (Միքիա 5։2)։ Եւ իրապէս Յիսուս հոն ծնաւ (Մատթէոս 2։1, 3-9)։ Երկրորդ, Դանիէլ մարգարէն ըսած էր, որ Ք.Ե. 29–ին Մեսիան պիտի գար (Դանիէլ 9։25)։ Այս երկուքէն զատ ուրիշ շատ մը մարգարէութիւններ կան, որոնք կը փաստեն որ Յիսուսն է Մեսիան (տե՛ս Բացատրութիւն 13

Իր մկրտութեան ատեն, Յիսուս դարձաւ Մեսիան կամ Քրիստոսը

8, 9. Յիսուսին մկրտութեան ատեն ի՞նչը փաստեց, որ ինքն է Մեսիան։

8 Եհովան շատ յստակ դարձուցած է որ Յիսուսն է Մեսիան։ Ան Յովհաննէս Մկրտիչին խոստացած էր նշան մը տալ, որ Յովհաննէս գիտնար թէ ո՛վ է Մեսիան։ Երբ Ք.Ե. 29–ին Յիսուս Յովհաննէսին քով գնաց Յորդանան գետին մէջ մկրտուելու համար, Յովհաննէս այդ նշանը տեսաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ինչ եղաւ. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. ‘Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’» (Մատթէոս 3։16, 17)։ Յովհաննէս նշանը տեսնելէ եւ լսելէ ետք՝ գիտցաւ որ Յիսուսն է Մեսիան (Յովհաննէս 1։32-34)։ Այդ օրը, երբ Եհովան Յիսուսին վրայ իր սուրբ հոգին թափեց, ան դարձաւ Մեսիան։ Աստուած Յիսո՛ւսը ընտրած էր որ Առաջնորդ եւ Թագաւոր ըլլար (Եսայի 55։4

9 Ուրեմն Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները, Եհովային խօսքերը եւ Յիսուսին մկրտութեան ատեն Եհովային տուած նշանը կը փաստեն որ Յիսո՛ւսն է Մեսիան։ Բայց Յիսուս ուրկէ՞ եկաւ եւ ի՞նչ տեսակ անձ մըն էր։ Տեսնենք որ Սուրբ Գիրքը ինչ կ’ըսէ։

ՅԻՍՈՒՍ ՈՒՐԿԷ՞ ԵԿԱՒ

10. Սուրբ Գիրքին համաձայն, Յիսուս երկիր գալէ առաջ ո՞ւր էր։

10 Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, թէ առաջ որ Յիսուս երկիր գար, երկա՜ր ժամանակ երկինքին մէջ կ’ապրէր։ Միքիան ըսած էր, որ Մեսիան «հինէն» էր (Միքիա 5։2)։ Յիսուս ինք շատ անգամներ ըսաւ, որ որպէս մարդ ծնելէ առաջ երկինքին մէջ կ’ապրէր (կարդա՛ Յովհաննէս 3։13. 6։38, 63. 17։4, 5)։ Նոյնիսկ երկիր գալէ առաջ, Յիսուսը եւ Եհովան շատ մտերիմ էին։

11. Եհովան ինչո՞ւ Յիսուսը շատ կը սիրէ։

11 Եհովան Յիսուսը շատ կը սիրէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Ան ամէն բան ստեղծելէ առաջ զինք ստեղծեց։ Անոր համար է որ Յիսուս կը կոչուի «ստեղծուածներուն անդրանիկը» (Կողոսացիս 1։15) *։ Եհովան նաեւ Յիսուսը շատ կը սիրէ, քանի որ ան միակ անձն է որ ուղղակի Իր կողմէ ստեղծուած է։ Անոր համար է որ Յիսուս կը կոչուի «միածին Որդի» (Յովհաննէս 3։16)։ Յիսուս նաեւ միակ անձն է, որուն միջոցաւ Եհովան միւս բոլոր բաները ստեղծեց (Կողոսացիս 1։16)։ Եւ միայն Յիսուս կը կոչուի «Բանը» կամ Խօսքը, քանի որ Եհովան իրե՛ն միջոցաւ հրեշտակներուն եւ մարդոց ուղղութիւններ տուաւ (Յովհաննէս 1։14

12. Ուրկէ՞ գիտենք որ Յիսուս եւ Աստուած նոյն անձը չեն։

12 Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան որ Յիսուս եւ Աստուած նոյն անձն են։ Բայց Աստուածաշունչը այդպէս չ’ըսեր։ Անիկա կ’ըսէ որ Յիսուս ստեղծուած է, այսինքն՝ սկիզբ ունեցած է։ Իսկ Եհովան որ ամէն բան ստեղծած է, իրեն մասին կ’ըսուի որ սկիզբ չունի (Սաղմոս 90։2)։ Հակառակ անոր որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, իր միտքէն իսկ չէ անցուցած Աստուած ըլլալ։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կը սորվեցնէ, որ Հայրը Որդիէն մեծ է (կարդա՛ Յովհաննէս 14։28. Ա. Կորնթացիս 11։3Միայն Եհովան է «ամենակարող Աստուած»ը (Ծննդոց 17։1)։ Ան տիեզերքի ամէնէն բարձր եւ ամէնէն զօրաւոր անձն է (տե՛ս Բացատրութիւն 14

13. Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ կ’ըսէ որ Յիսուս «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկեր»ն է։

13 Եհովան եւ իր Որդին՝ Յիսուս, միլիառաւոր տարիներ միասին աշխատեցան, առաջ որ երկինքն ու երկիրը ստեղծուին։ Անկասկած անոնք իրար շատ կը սիրէին (Յովհաննէս 3։35. 14։31)։ Յիսուս ճիշդ իր Հօր յատկութիւնները ունէր, անոր համար Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ան «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկեր»ն է (Կողոսացիս 1։15

14. Եհովային սիրելի Որդին ինչպէ՞ս որպէս մարդ ծնաւ։

14 Եհովային սիրելի Որդին պատրաստ էր երկինքը ձգելու եւ երկրի վրայ որպէս մարդ ծնելու։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի էր։ Եհովան հրաշքով իր Որդիին կեանքը երկինքէն փոխադրեց Մարիամ անունով կոյսի մը արգանդին մէջ։ Ուրեմն Եհովա՛ն եղաւ Յիսուսին Հայրը, եւ ոչ թէ մարդ արարած մը։ Այսպէս, Մարիամ ծնունդ տուաւ կատարեալ որդիի մը եւ անոր անունը Յիսուս դրաւ (Ղուկաս 1։30-35

ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿ ԱՆՁ ԷՐ

15. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ։

15 Շատ բան կրնաս սորվիլ Յիսուսին, իր կեանքին եւ իր յատկութիւններուն մասին, երբ կարդաս Աստուածաշունչի Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս գիրքերը։ Այս գիրքերը կը կոչուին Աւետարաններ։ Քանի՛ որ Յիսուս իր Հօր «պատկերն է», կարդացած բաներդ քեզի պիտի օգնեն որ Եհովան աւելի լաւ ճանչնաս։ Եւ ճիշդ անոր համար է որ Յիսուս կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհաննէս 14։9

16. Յիսուս ի՞նչ սորվեցուց եւ ատոնք ուրկէ՞ սորված էր։

16 Շատեր Յիսուսը «Վարդապետ» կամ «ուսուցիչ» կոչեցին (Յովհաննէս 1։38. 13։13)։ «Արքայութեան աւետարանը» կամ Թագաւորութեան բարի լուրը ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկն էր, որուն մասին Յիսուս սորվեցուց։ Ի՞նչ է այս Թագաւորութիւնը։ Անիկա Աստուծոյ կառավարութիւնն է, որ երկինքէն պիտի իշխէ ամբողջ երկրի վրայ եւ օրհնութիւններ պիտի բերէ Աստուծոյ հնազանդող մարդոց վրայ (Մատթէոս 4։23)։ Յիսուս ինչ որ սորվեցուց՝ Եհովայէն սորված էր։ Ան ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս [կամ սորվեցուցածս] իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է» (Յովհաննէս 7։16)։ Յիսուս գիտէր որ Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ լսեն այն բարի լուրը, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի իշխէ։

17. Յիսուս ո՞ւր սորվեցուց եւ ինչո՞ւ շատ ջանք թափեց որ ուրիշներուն սորվեցնէ։

17 Յիսուս ո՞ւր սորվեցուց։ Ո՛ւր որ մարդ կը գտնէր. գիւղադաշտերուն, քաղաքներուն, գիւղերուն, շուկաներուն, տուներուն եւ տաճարին ու ժողովարաններուն մէջ։ Ան չսպասեց որ մարդիկ իրեն քով գան. ընդհանրապէս ի՛նք անոնց քով կ’երթար (Մարկոս 6։56. Ղուկաս 19։5, 6)։ Յիսուս շատ ջանք թափեց եւ շատ ժամանակ տուաւ որ մարդոց սորվեցնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէր որ իր Հայրը այդպէս կ’ուզէր եւ քանի որ միշտ անոր կը հնազանդէր (Յովհաննէս 8։28, 29)։ Յիսուս նաեւ քարոզեց, քանի որ մարդոց վրայ խղճաց (կարդա՛ Մատթէոս 9։35, 36)։ Ան տեսաւ որ կրօնական առաջնորդները Աստուծոյ եւ անոր Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը չէին սորվեցներ։ Անոր համար, ուզեց կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել որ բարի լուրը լսեն։

18. Յիսուսին ո՞ր յատկութիւնները ամէնէն շատ կը սիրես։

18 Յիսուս մարդիկը կը սիրէր եւ կը հոգար։ Ան ազնիւ էր եւ մարդիկ իրեն հետ խօսելէ չէին քաշուեր։ Նոյնիսկ պզտիկները կը սիրէին իրեն հետ ըլլալ (Մարկոս 10։13-16)։ Յիսուս կողմ բռնող չէր եւ կ’ատէր խարդախութիւնը եւ անարդարութիւնը (Մատթէոս 21։12, 13)։ Իր օրերուն, կիները շատ իրաւունքներ չունէին եւ մարդիկ անոնց հետ յարգանքով չէին վարուեր։ Բայց Յիսուս միշտ կիներուն հետ յարգանքով վարուեցաւ եւ զանոնք պատուեց (Յովհաննէս 4։9, 27)։ Ան նաեւ շատ խոնարհ էր։ Օրինակ, գիշեր մը իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց, հակառակ անոր որ այդ գործը ծառաները կ’ընէին (Յովհաննէս 13։2-5, 12-17

Յիսուս քարոզեց ո՛ւր որ մարդ գտաւ

19. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս գիտէր որ մարդիկ ճիշդ ինչի՛ պէտք ունէին եւ թէ կ’ուզէր անոնց օգնել։

19 Յիսուս գիտէր որ մարդիկ ճիշդ ինչի՛ պէտք ունէին եւ ուզեց անոնց օգնել։ Իր այս փափաքը յայտնի եղաւ, երբ ան սուրբ հոգիին օգնութեամբ հրաշքով մարդիկ բժշկեց (Մատթէոս 14։14)։ Օրինակ, բորոտ մը Յիսուսին քով եկաւ եւ ըսաւ. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս այդ մարդուն ցաւն ու չարչարանքը զգաց եւ ուզեց անոր օգնել։ Ան իր ձեռքը երկարեց, մարդուն դպաւ եւ ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Եւ ան բժշկուեցաւ (Մարկոս 1։40-42)։ Կրնա՞ս երեւակայել այդ մարդուն ուրախութիւնը։

ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԷՐ ԻՐ ՀՕՐ

20, 21. Յիսուս ինչպէ՞ս Աստուծոյ հնազանդելու մէջ ամէնէն լաւ օրինակն է։

20 Յիսուս Աստուծոյ հնազանդելու մէջ ամէնէն լաւ օրինակն է։ Ի՛նչ որ ալ ըլլար կամ իր թշնամիները իրեն ի՛նչ որ ալ ընէին, ան իր Հօր հաւատարիմ կը մնար։ Օրինակ, Յիսուս մեղք չգործեց, երբ Սատանան զինք փորձեց (Մատթէոս 4։1-11)։ Նոյնիսկ երբ իր ընտանիքին կարգ մը անդամները չհաւատացին որ Մեսիան է եւ ըսին որ «խելռած է» կամ խենթացած է, Յիսուս շարունակեց Աստուծոյ ծառայել (Մարկոս 3։21)։ Եւ երբ իր թշնամիները իրեն հետ շատ գէշ կերպով վարուեցան, Յիսուս Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց եւ բնա՛ւ չփորձեց անոնց վնաս հասցնել (Ա. Պետրոս 2։21-23

21 Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց, հակառակ անոր որ չարչարուելով մեռաւ (Փիլիպպեցիս 2։8)։ Երեւակայէ որ իր մեռած օրը ան ինչե՜ր քաշեց. ձերբակալուեցաւ, սուտ վկաներ ըսին որ հայհոյութիւն կ’ընէր, դատաւորներ անարդար կերպով զինք դատապարտեցին, ժողովուրդը վրան խնդաց եւ զինուորներ զինք չարչարեցին եւ փայտի մը վրայ գամեցին։ Մեռնելէ առաջ, ան բարձրաձայն ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհաննէս 19։30)։ Իր մահէն երեք օր ետք, Եհովան իրեն հոգեղէն մարմինով յարութիւն տուաւ (Ա. Պետրոս 3։18)։ Քանի մը շաբաթ ետք, Յիսուս երկինք վերադարձաւ, «Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ» եւ սպասեց, մինչեւ որ Աստուած իրեն Թագաւոր ընէ (Եբրայեցիս 10։12, 13

22. Քանի՛ որ Յիսուս իր Հօր հաւատարիմ մնաց, մենք ի՞նչ բանի առիթը ունինք։

22 Քանի՛ որ Յիսուս իր Հօր հաւատարիմ մնաց, մենք առիթը ունինք յաւիտեան ապրելու Դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ. ինչ որ Եհովային նպատակն էր։ Յաջորդ դասին մէջ պիտի տեսնենք, որ Յիսուսին մահը ինչպէ՛ս դուռը բացաւ որ յաւիտեան ապրինք։

^ պարբ. 11 Եհովան Հայր կը կոչուի, քանի որ Ստեղծիչն է (Եսայի 64։8)։ Յիսուս Աստուծոյ Որդի կը կոչուի, քանի որ Եհովա՛ն զինք ստեղծեց։ Հրեշտակները եւ Ադամն ալ Աստուծոյ որդիներ կը կոչուին (Յոբ 1։6. Ղուկաս 3։38