Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 5

Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը

Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը

1, 2. ա) Նուէր մը ինչո՞ւ կ’արժեւորենք։ բ) Ինչո՞ւ փրկանքը Եհովա Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրն է։

ՄՏԱԾԷ ամէնէն աղուոր նուէրին մասին որ մէկը քեզի տուած է։ Թերեւս անիկա սուղ չէր, բայց քեզի համար արժէքաւոր էր, քանի որ քեզ ուրախացուց կամ քանի որ անոր պէտք ունէիր։

2 Եհովա Աստուած մեզի շա՜տ նուէրներ տուած է։ Բայց անոնց մէջ կայ նուէր մը, որ ամէնէն արժէքաւորն է եւ որուն ամէն բանէ աւելի պէտք ունինք։ Այս դասին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ղրկեց որ իր անձը զոհէ մեզի համար, որ կարենանք յաւիտեան ապրիլ (կարդա՛ Մատթէոս 20։28)։ Իր Որդին փրկանք տալով, Եհովան փաստեց որ մեզ շատ կը սիրէ։

Ի՞ՆՉ Է ՓՐԿԱՆՔԸ

3. Մենք ինչո՞ւ կը մեռնինք։

3 Փրկանքը կամ Յիսուսին զոհը Եհովա Աստուծոյ կերպն է մարդիկը ազատելու մեղքէն ու մահէն (Եփեսացիս 1։7)։ Հասկնալու համար որ ինչո՛ւ փրկանքին պէտք ունինք, նախ պէտք է գիտնանք որ հազարաւոր տարիներ առաջ ի՛նչ եղաւ Եդեմի պարտէզին մէջ։ Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, մեղք գործեցին եւ անոր համար մեռան։ Մենք ալ այսօր կը մեռնինք, քանի որ Ադամէն ու Եւայէն մեղքը ժառանգեցինք (տե՛ս Բացատրութիւն 9

4. Ո՞վ էր Ադամ եւ Եհովան անոր ի՞նչ տուաւ։

4 Երբ Եհովան ստեղծեց առաջին մարդը՝ Ադամը, անոր տուաւ շատ արժէքաւոր բան մը. կատարեալ կեանք։ Ադամ ունէր կատարեալ միտք եւ կատարեալ մարմին։ Ան բնա՛ւ պիտի չհիւանդանար, բնա՛ւ պիտի չծերանար եւ բնա՛ւ պիտի չմեռնէր։ Քանի՛ որ Եհովան Ադամը ստեղծեց, Ան Ադամին համար հօր մը պէս էր (Ղուկաս 3։38)։ Եհովան միշտ անոր հետ կը խօսէր։ Ան յստակ կերպով Ադամին բացատրեց, որ իրմէ ինչ կ’ակնկալէր եւ անոր տուաւ գործ մը, որմէ հաճոյք պիտի առնէր (Ծննդոց 1։28-30. 2։16, 17

5. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ որ Ադամ «Աստուծոյ պատկերովը» ստեղծուեցաւ։

5 Ադամ «Աստուծոյ պատկերովը» ստեղծուեցաւ (Ծննդոց 1։27)։ Աստուած անոր տուաւ յատկութիւններ, որոնք Ինք ունէր. ինչպէս՝ սէր, իմաստութիւն, արդարութիւն եւ զօրութիւն։ Ան Ադամին ազատ կամք ալ տուաւ։ Ադամ ռոպոթ չէր։ Ան կրնար անձամբ որոշել, թէ ճի՞շդը պիտի ընէր կամ սխալը։ Եթէ Ադամ ընտրէր Աստուծոյ հնազանդիլ, պիտի կարենար Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ։

6. Երբ Ադամ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ, ի՞նչ կորսնցուց։ Ասիկա մեզի ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

6 Երբ Ադամ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ, իր պատիժը մահ եղաւ։ Ան շատ սուղ գին վճարեց. ան կորսնցուց Եհովային հետ իր մտերիմ բարեկամութիւնը, իր կատարեալ կեանքը եւ իր տունը՝ Դրախտը (Ծննդոց 3։17-19)։ Ադամն ու Եւան որոշեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ, անոր համար այլեւս յաւիտեան ապրելու յոյս չունէին։ Քանի՛ որ Ադամ չհնազանդեցաւ, «մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Երբ Ադամ մեղք գործեց, թէ՛ ինքզինք եւ թէ մեզ որպէս գերի ‘ծախեց’ մեղքին ու մահուան (Հռովմայեցիս 7։14)։ Լաւ, մենք այս վիճակէն ազատելու յոյս ունի՞նք։ Այո՛, քանի որ Եհովան փրկանքի կարգադրութիւնը ըրաւ։

7, 8. Ի՞նչ է փրկանքը։

7 Ի՞նչ է փրկանքը։ «Փրկանք» բառը ունի երկու իմաստ։ Առաջին, փրկանքը այն գինն է, որ կը վճարուի անհատ մը ազատելու կամ բան մը ետ գնելու համար։ Երկրորդ, Աստուածաշունչին համաձայն, փրկանքը այն գինն է, որ կը վճարուի վնասի մը ծախսը գոցելու համար։

8 Մէ՛կը չէր կրնար գոցել այն մեծ վնասը որ Ադամ պատճառեց, երբ մեղք գործեց եւ մեր վրայ մահ բերաւ։ Բայց Եհովան կարգադրութիւն ըրաւ, որ մեզ մեղքէն ու մահէն ազատէ։ Տեսնենք որ փրկանքը ինչպէ՛ս մեզ կ’ազատէ եւ անկէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։

ԵՀՈՎԱՆ Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ՈՐ ՄԵԶ ԱԶԱՏԷ

9. Ո՞վ կրնար փրկանքը վճարել։

9 Մեզմէ մէ՛կը չի կրնար Ադամին կորսնցուցած կատարեալ կեանքին գինը վճարել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք (Սաղմոս 49։7, 8)։ Այն անձը որ փրկանքը պէտք էր վճարէր, պէտք էր որ կատարեալ ըլլար։ Անոր համար Յիսուս «իր անձը ամէնուն տեղ փրկանք տուաւ», քանի որ Ադամին պէս կատարեալ էր (Ա. Տիմոթէոս 2։6

10. Եհովան ի՞նչ ըրաւ որ մեզ ազատէ։

10 Եհովան ի՞նչ ըրաւ որ մեզ ազատէ։ Ան իր սիրելի Որդին՝ Յիսուսը աշխարհ ղրկեց։ Յիսուս Եհովային առաջին ստեղծագործութիւնն էր (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։ Ան պատրաստ էր ձգելու իր Հայրը եւ իր տունը՝ երկինքը (Փիլիպպեցիս 2։7)։ Եհովան Յիսուսին կեանքը երկինքէն փոխադրեց երկիր՝ Մարիամին արգանդը։ Այսպէս Յիսուս ծնաւ որպէս կատարեալ մարդ. այսինքն՝ առանց մեղքի (Ղուկաս 1։35

Եհովան իր սիրելի Որդին զոհեց մեզի համար

11. Ինչպէ՞ս կարելի էր որ մէկ հոգի բոլոր մարդիկը ազատէր։

11 Երբ առաջին մարդը՝ Ադամ, Եհովային չհնազանդեցաւ, պատճառ դարձաւ որ բոլոր մարդիկ կատարեալ կեանքը կորսնցնեն։ Արդեօք ուրիշ մէկը կրնա՞ր Ադամին սերունդին վրայէն մահը վերցնել։ Այո՛ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։19)։ Յիսուս, որ բնա՛ւ մեղք չգործեց, իր կատարեալ կեանքը զոհեց որ բոլոր մարդիկը ազատէ (Ա. Կորնթացիս 15։45)։ Եւ այսպէս Ադամին սերունդին վրայէն մահը պիտի վերցուէր (Ա. Կորնթացիս 15։21, 22

12. Ինչո՞ւ պէտք էր որ Յիսուս շատ չարչարուէր։

12 Աստուածաշունչը կը նկարագրէ որ Յիսուս առաջ որ մեռնի որքա՜ն չարչարուեցաւ. ան մտրակուեցաւ, փայտի մը վրայ գամուեցաւ եւ կամաց–կամաց չարչարուելով մեռաւ (Յովհաննէս 19։1, 30. Գործք 10։39)։ Ինչո՞ւ պէտք էր որ Յիսուս այսքա՛ն չարչարուէր։ Քանի որ Սատանան ըսած էր, որ խիստ փորձութեան տակ մէ՛կը Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնար։ Յիսուս փաստեց որ կատարեալ մարդ մը կրնա՛յ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ, նոյնիսկ եթէ ծայր աստիճան չարչարուի։ Անկասկած Եհովան Յիսուսով շա՛տ հպարտ էր (Առակաց 27։11. տե՛ս Բացատրութիւն 15

13. Փրկանքը ինչպէ՞ս վճարուեցաւ։

13 Փրկանքը ինչպէ՞ս վճարուեցաւ։ Հրէական օրացոյցին համաձայն, Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին Եհովան ձգեց որ Յիսուսին թշնամիները զինք մեռցնեն (Եբրայեցիս 10։10)։ Անկէ երեք օր ետք, Եհովան Յիսուսը ետ կեանքի բերաւ՝ ո՛չ թէ որպէս մարդ, հապա որպէս հոգեղէն անձ։ Ետքը, երբ Յիսուս իր Հօրը քով՝ երկինք վերադարձաւ, ան իր կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքը անոր տուաւ որպէս փրկանք։ Այսինքն, ան երկրի վրայ որպէս կատարեալ մարդ ապրելու իր իրաւունքը Եհովային տուաւ, որ Եհովան ալ կարենար զայն Ադամի սերունդին տալ (Եբրայեցիս 9։24)։ Եհովան փրկանքին կարգադրութիւնը ըրաւ, որ մենք առիթը ունենանք մեղքէն ու մահէն ազատելու (Կարդա՛ Հռովմայեցիս 3։23, 24)

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՓՐԿԱՆՔԷՆ ՕԳՏՈՒԻԼ

14, 15. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ մեր մեղքերը ներուին։

14 Մենք արդէ՛ն կ’օգտուինք Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրէն։ Տեսնենք որ հիմա ինչպէ՛ս կ’օգտուինք եւ թէ ապագային ինչպէ՛ս պիտի օգտուինք։

15 Մեր մեղքերը կը ներուին։ Միշտ ճիշդը ընելը դժուար է։ Մենք խօսքով եւ գործով սխալներ կ’ընենք։ Ի՞նչ պէտք է ընենք որ մեր մեղքերը ներուին։ Պէտք է անկեղծօրէն զղջանք եւ խոնարհաբար Եհովայէն խնդրենք որ մեզի ներէ։ Այն ատեն կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեր մեղքերը պիտի ներէ (Կողոսացիս 1։13, 14. Ա. Յովհաննէս 1։8, 9

16. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ մաքուր խիղճ ունենանք։

16 Մաքուր խիղճ կ’ունենանք։ Երբ սխալ բան մը ընենք, մեր խիղճը մեզ կը տանջէ եւ նոյնիսկ անյոյս եւ անարժէք կը զգանք։ Բայց պէտք չունինք այդպէս զգալու։ Եթէ Եհովային աղաչենք որ մեզի ներէ, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզ պիտի լսէ եւ ներէ (Եբրայեցիս 9։13, 14)։ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն խօսինք մեր խնդիրներուն եւ տկարութիւններուն մասին (Եբրայեցիս 4։14-16)։ Այսպէս, կրնանք իրեն առջեւ մաքուր խիղճ ունենալ։

17. Քանի՛ որ Յիսուս մեզի համար մեռաւ, ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք վայելել։

17 Յաւիտեան ապրելու յոյս կ’ունենանք։ «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 6։23)։ Քանի՛ որ Յիսուս մեզի համար մեռաւ, յաւիտեան ապրելու եւ կատարեալ առողջութիւն ունենալու յոյս ունինք (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, որ այս օրհնութիւնները վայելենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ՈՐ ՓՐԿԱՆՔԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՍ

18. Ուրկէ՞ գիտենք որ Եհովան մեզ կը սիրէ։

18 Երբ մէկը քեզի արժէքաւոր նուէր մը տայ, շա՛տ կ’ազդուիս։ Փրկանքը Եհովային տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրն է։ Այդ նուէրին համար պէտք է իրմէ շատ շնորհակալ ըլլանք։ Յովհաննէս 3։16–ը կ’ըսէ, որ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ»։ Այո՛, Եհովան մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ մեզի համար զոհեց իր սիրելի Որդին՝ Յիսուսը։ Մենք գիտենք որ Յիսուսն ալ մեզ կը սիրէ, քանի որ յօժար էր մեզի համար մեռնելու (Յովհաննէս 15։13)։ Փրկանքը քեզի պէտք է վստահեցնէ, որ Եհովան եւ Յիսուս քեզ իրապէս կը սիրեն (Գաղատացիս 2։20

Մինչ Եհովային մասին կը սորվինք, անոր բարեկամը պիտի դառնանք եւ անոր հանդէպ մեր սէրը պիտի խորանայ

19, 20. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային բարեկամը դառնալ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսի զոհին հաւատալ։

19 Հիմա որ գիտցար թէ Աստուած քեզ շատ կը սիրէ, թերեւս դուն ալ ուզես զինք սիրել։ Բայց մէկը սիրելու եւ անոր բարեկամը դառնալու համար, պէտք է որ նախ զինք ճանչնաս։ Յովհաննէս 17։3–ը կ’ըսէ, որ մենք կրնանք Եհովան ճանչնալ։ Երբ Եհովան ճանչնաս, զինք աւելի պիտի սիրես, պիտի ուզես զինք հաճեցնել եւ անոր բարեկամը պիտի դառնաս։ Ուրեմն շարունակէ Եհովային մասին սորվիլ՝ Աստուածաշունչը սերտելով (Ա. Յովհաննէս 5։3

20 Յիսուսի զոհին հաւատա՛։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի» (Յովհաննէս 3։36)։ Հաւատալ կը նշանակէ ընել՝ այն ինչ որ Յիսուս մեզի սորվեցուց (Յովհաննէս 13։15)։ Բաւարար չէ միայն ըսել որ Յիսուսին կը հաւատանք։ Պէտք է որ մեր հաւատքը գործերով ցոյց տանք։ Յակոբոս 2։26–ին մէջ կը կարդանք. «Հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։

21, 22. ա) Ինչո՞ւ պէտք է ամէն տարի Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք։ բ) 6–րդ եւ 7–րդ դասերուն մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

21 Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկա՛յ եղիր։ Յիսուս իր վերջին գիշերը ըսաւ որ իր մահը յիշենք։ Մենք ամէն տարի Յիսուսին մահը կը յիշենք. այս կարեւոր առիթը կը կոչուի Յիշատակատօն կամ «Տէրունական ընթրիք» (Ա. Կորնթացիս 11։20. Մատթէոս 26։26-28)։ Յիսուս կ’ուզէ որ յիշենք, թէ ինք իր կատարեալ կեանքը զոհեց մեզ փրկելու համար։ Ան ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (կարդա՛ Ղուկաս 22։19)։ Երբ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլաս, ցոյց կու տաս որ կը յիշե՛ս փրկանքի կարգադրութիւնը եւ Եհովային ու Յիսուսին խոր սէրը քեզի հանդէպ (տե՛ս Բացատրութիւն 16

22 Փրկանքը ամէնէն արժէքաւոր նուէրն է (Բ. Կորնթացիս 9։14, 15)։ Այս նուէրէն պիտի օգտուին նոյնիսկ միլիոնաւորներ, որոնք մեռած են։ 6–րդ եւ 7–րդ դասերուն մէջ պիտի տեսնենք, որ ասիկա ինչպէ՛ս կարելի է։