Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 9

Աշխարհին վերջը մօ՞տ է

Աշխարհին վերջը մօ՞տ է

1. Ուրկէ՞ կրնանք գիտնալ ապագային մասին։

ԱՐԴԵՕՔ լուրերը մտիկ ընելէ ետք, մտքէդ այս հարցումը անցա՞ծ է. ‘Դեռ ասկէ աւելի գէշ բաներ կրնա՞ն ըլլալ’։ Աշխարհի մէջ այնքա՛ն վայրագութիւն կայ, որ մարդիկ կ’ըսեն որ կարծես աշխարհին վերջը մօտ է։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Արդեօք կրնա՞նք գիտնալ որ ապագային ինչ պիտի ըլլայ։ Այո՛։ Ճիշդ է որ մարդիկ սկիզբէն չեն կրնար գիտնալ որ ապագային ինչ պիտի ըլլայ, բայց Եհովա Աստուած կրնա՛յ։ Ան Սուրբ Գիրքին մէջ կը խօսի թէ՛ մեր եւ թէ երկրին ապագային մասին (Եսայի 46։10. Յակոբոս 4։14

2, 3. Յիսուսին աշակերտները ի՞նչ ուզեցին գիտնալ, եւ Յիսուս անոնց ի՞նչ ըսաւ։

2 Երբ Սուրբ Գիրքը աշխարհի վերջին մասին խօսի, անիկա ըսել կ’ուզէ չարութեա՛ն վերջը եւ ոչ թէ երկիր մոլորակին վերջը։ Յիսուս սորվեցուց որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի իշխէր (Ղուկաս 4։44)։ Իր աշակերտները ուզեցին գիտնալ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գար, անոր համար իրեն հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [կամ ներկայութեանդ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։ Յիսուս ճիշդ թուականը չտուաւ, բայց ըսաւ որ ի՛նչ պիտի ըլլար առաջ որ աշխարհին վերջը գար։ Յիսուսին բոլոր ըսածները այսօր կ’ըլլան (տե՛ս Բացատրութիւն 24

3 Այս դասին մէջ պիտի տեսնենք փաստեր, որոնք ցոյց կու տան որ մենք կ’ապրինք աշխարհի վերջէն ճիշդ առաջ։ Բայց որպէսզի կարենանք հասկնալ որ վիճակները ինչո՛ւ այսքան գէշ են հոս՝ երկրի վրայ, նախ պէտք է գիտնանք պատերազմի մը մասին, որ երկինքին մէջ եղաւ։

ԵՐԿԻՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

4, 5. ա) Յիսուս Թագաւոր ըլլալէ ետք երկինքին մէջ ի՞նչ եղաւ։ բ) Յայտնութիւն 12։12–ին համաձայն, Սատանան երկինքէն դուրս նետուելէ ետք երկրի վրայ ի՞նչ պիտի ըլլար։

4 8–րդ դասին մէջ տեսանք որ Յիսուս 1914–ին երկինքին մէջ Թագաւոր եղաւ (Դանիէլ 7։13, 14)։ Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ որ անկէ ետք ի՛նչ եղաւ. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ [այսինքն՝ Յիսուս] ու իր հրեշտակները վիշապին [այսինքն՝ Սատանային] հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ» *։ Սատանան եւ իր դեւերը պարտուեցան եւ երկիր նետուեցան։ Երեւակայէ հրեշտակներուն ուրախութիւնը։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել երկրի վրայ մարդոց մասին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մարդոց համար դժուար ժամանակներ պիտի ըլլային։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Բանսարկու Սատանան շա՛տ բարկացած է «գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ [կամ ունի]» (Յայտնութիւն 12։7, 9, 12

5 Սատանան կրցածին չափ երկրի վրայ շատ խնդիրներ կը պատճառէ։ Տեսնենք թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ վերջին օրերուն մասին։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ

6. Պատերազմներու մասին Յիսուսին ըսածը այսօր ինչպէ՞ս կը կատարուի։

6 Պատերազմներ։ Յիսուս ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։7)։ 1914–էն ի վեր պատերազմներու մէջ շատ մարդ մեռած է։ Աշխարհի դէպքերը սերտող կազմակերպութիւն մը ըսաւ, որ առաջին դարէն մինչեւ 1914 թուական՝ պատերազմներու մէջ մօտ 30 միլիոն մարդ մեռած է, մինչդեռ 1914–էն մինչեւ 2000 թուական՝ աւելի քան 100 միլիոն մարդ մեռած է (Worldwatch Institute)։ Երեւակայէ որ պատերազմներու պատճառով մարդիկ ինչ խեղճ վիճակ ունեցած են եւ որքա՜ն չարչարուած են։

7. Սովերու մասին Յիսուսին ըսածը այսօր ինչպէ՞ս կը կատարուի։

7 Սովեր։ Յիսուս ըսաւ. «Տեղ տեղ սովեր. . . պիտի ըլլան» (Մատթէոս 24։7)։ Հակառակ անոր որ այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի շատ ուտելիք կ’արտադրուի, բայց դեռ շատեր բաւարար ուտելիք չունին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք ուտելիք գնելու բաւարար դրամ չունին կամ արտ չունին որ բան մը ցանեն։ Աւելի քան մէկ միլիառ մարդու օրականը մէկ տոլարէն պակաս է։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’ըսէ որ ամէն տարի միլիոնաւոր պզտիկներ կը մեռնին, քանի որ անոնց մեծ մասը բաւարար ուտելիք չունի որ առողջ մնայ։

8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ երկրաշարժներու մասին Յիսուսին ըսած մարգարէութիւնը կը կատարուի։

8 Երկրաշարժներ։ Յիսուս ըսաւ. «Մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (Ղուկաս 21։11)։ Ամէն տարի կ’ակնկալուի որ շատ զօրաւոր երկրաշարժներ ըլլան։ 1900–էն ի վեր երկրաշարժներու պատճառով աւելի քան երկու միլիոն մարդ մեռած է։ Եւ հակառակ անոր որ թեքնոլոճին օգնած է, որ սկիզբէն գիտցուի թէ երկրաշարժ պիտի ըլլայ, դեռ շատ մարդ կը մեռնի։

9. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ հիւանդութիւններու մասին Յիսուսին ըսած մարգարէութիւնը կը կատարուի։

9 Հիւանդութիւններ։ Յիսուս ըսաւ որ «մահտարաժամներ» պիտի ըլլան. այսինքն՝ վտանգաւոր հիւանդութիւններ արագ կերպով պիտի տարածուին եւ շատերը մեռցնեն (Ղուկաս 21։11)։ Ճիշդ է որ բժիշկներ գիտցած են շատ մը հիւանդութիւններ ինչպէ՛ս բժշկել, բայց դեռ կան հիւանդութիւններ, որոնք բուժում չունին. օրինակ, ամէն տարի միլիոնաւորներ կը մեռնին թոքախտի, մալարիայի եւ ուրիշ հիւանդութիւններու պատճառով։ Ասկէ զատ, վերջին 40 տարիներուն ընթացքին բժիշկներ 30 նոր հիւանդութիւններ գտած են, որոնցմէ քանի մը հատը բուժում չունի։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅԻՆ

10. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը այսօր ինչպէ՞ս կը կատարուի։

10 Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը կ’ըսէ. «Վերջին օրերը չար [կամ դժուար] ժամանակներ պիտի գան»։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ վերջին օրերուն շատեր պիտի ըլլային՝

  • անձնասէր

  • դրամասէր

  • ծնողներու անհնազանդ

  • հպարտ

  • հայհոյիչ

  • անժուժկալ [կամ ինքզինք չզսպող]

  • վայրագ եւ կռուազան

  • աւելի հեշտասէր [կամ ցանկութեան ետեւէ գացող] քան՝ աստուածասէր

  • երեւոյթով աստուածապաշտ, բայց Աստուծոյ անհնազանդ

11. Սաղմոս 92։7–ին համաձայն, չար մարդոց ի՞նչ պիտի ըլլայ։

11 Շրջանիդ մէջ այս տեսակ մարդիկ կա՞ն։ Ամբողջ աշխարհին մէջ շատե՛ր այսպէս են։ Բայց Աստուած շուտով պիտի միջամտէ։ Ան կը խոստանայ. «Ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը իրենց յաւիտենական կորուստին [կամ կործանումին] կը տանին» (Սաղմոս 92։7

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ

12, 13. Եհովան այս վերջին օրերուն մէջ մեզի ի՞նչ սորվեցուցած է։

12 Աստուածաշունչը կը մարգարէանայ, որ վերջին օրերուն աշխարհին մէջ շատ ցաւ եւ չարչարանք պիտի ըլլայ։ Բայց եւ այնպէս անիկա կ’ըսէ, որ լաւ բաներ ալ պիտի ըլլան։

«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։14)

13 Մարդիկ պիտի սկսին Սուրբ Գիրքը աւելի լաւ հասկնալ։ Դանիէլ մարգարէն վերջին օրերուն մասին ըսաւ որ «գիտութիւնը պիտի շատնայ» (Դանիէլ 12։4)։ Աստուած իր ժողովուրդին կարողութիւն պիտի տար որ Սուրբ Գիրքը ա՛լ աւելի լաւ հասկնար։ Եհովան ասիկա ըրած է մանաւանդ 1914–էն ի վեր։ Օրինակ, ան մեզի սորվեցուցած է իր անուան կարեւորութեան, երկրի նկատմամբ իր նպատակին, փրկանքին, մեռելներուն վիճակին եւ յարութեան մասին։ Մենք հասկցած ենք որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մեր բոլոր խնդիրները լուծել։ Եւ սորված ենք ինչպէ՛ս ուրախ ըլլալ եւ ինչպէ՛ս Աստուած հաճեցնող կեանք մը ունենալ։ Բայց Աստուծոյ ծառաները իրենց սորվածները իրենք իրե՞նց կը պահեն։ Ուրիշ մարգարէութիւն մը այս հարցումին կը պատասխանէ (տե՛ս Բացատրութիւն 21 եւ 25

14. Թագաւորութեան բարի լուրը քանի՞ երկրի մէջ կը քարոզուի եւ որո՞նք կը քարոզեն։

14 Ամբողջ աշխարհի մէջ քարոզչութիւն պիտի ըլլայ։ Երբ Յիսուս վերջին օրերուն մասին կը խօսէր, ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։3, 14Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզուի աւելի քան 230 երկիրներու մէջ եւ աւելի քան 800 լեզուներով։ Այո՛, ամբողջ աշխարհի մէջ, ‘բոլոր ազգերէն ու ժողովուրդներէն’ եկած Եհովայի վկաները մարդոց կ’օգնեն որ հասկնան, թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ անիկա մարդոց համար ի՛նչ պիտի ընէ (Յայտնութիւն 7։9)։ Եւ անոնք ասիկա ձրի կ’ընեն։ Հակառակ անոր որ շատեր Եհովայի վկաները կ’ատեն եւ կը հալածեն, բայց ո՛չ մէկ բան կրնայ քարոզչութեան արգելք կենալ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացած էր (Ղուկաս 21։17

ԴՈՒՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ

15. ա) Կը հաւատա՞ս որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ պիտի ըլլայ Եհովային հնազանդողներուն եւ չհնազանդողներուն։

15 Կը հաւատա՞ս որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Վերջին օրերուն մասին Աստուածաշունչին շատ մը մարգարէութիւնները կը կատարուին։ Մօտ օրէն Եհովան բարի լուրի քարոզչութիւնը պիտի կեցնէ, եւ յետոյ «վերջ»ը պիտի գայ (Մատթէոս 24։14)։ Ի՞նչ է «վերջ»ը։ Անիկա Արմագեդոն պատերազմն է, որուն միջոցաւ Աստուած ամէն չարիք պիտի վերցնէ։ Եհովա Աստուած Յիսուսին եւ իր զօրաւոր հրեշտակներուն միջոցաւ պիտի բնաջնջէ բոլոր անոնք, որոնք չեն ուզեր իրեն եւ իր Որդիին հնազանդիլ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9)։ Անկէ ետք, Սատանան եւ իր դեւերը մարդիկը պիտի չխաբեն։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան իշխանութեան հնազանդիլ, պիտի տեսնեն Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն կատարուիլը (Յայտնութիւն 20։1-3. 21։3-5

16. Քանի՛ որ վերջը շատ մօտ է, ի՞նչ պէտք է ընես։

16 Այս աշխարհը, որուն իշխանը Սատանան է, շուտով վերջ պիտի գտնէ։ Եւ եթէ չենք ուզեր բնաջնջուիլ, պէտք է ջանք թափենք որ Աստուծոյ մասին սորվինք։ Աստուած կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ Աստուածաշունչը սերտենք (Յովհաննէս 17։3)։ Եհովայի վկաները ամէն շաբաթ ժողովներ կ’ունենան՝ մարդոց օգնելու համար որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Փորձէ այդ ժողովներուն միշտ ներկայ ըլլալ (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Եթէ տեսնես որ կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ պէտք է ընես, ըրէ՛։ Այսպէս ընելով, Եհովային հետ բարեկամութիւնդ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ (Յակոբոս 4։8

17. Ինչո՞ւ մարդոց մեծ մասը անակնկալի պիտի գայ, երբ վերջը գայ։

17 Պօղոս առաքեալ բացատրեց որ չարերուն բնաջնջումը յանկարծ պիտի գայ։ «Գիշերուան գողի պէս» անիկա մարդոց մեծ մասը անակնկալի պիտի բերէ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2)։ Յիսուս մարգարէացաւ որ շատեր կարեւորութիւն պիտի չտան այն փաստերուն, որ մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ [կամ վերջին օրերը] այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց» (Մատթէոս 24։37-39

18. Յիսուս մեզի ի՞նչ զգուշացում տուաւ։

18 Յիսուս մեզ զգուշացուց որ չտարուինք «կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով [կամ կեանքի մտահոգութիւններով]»։ Ան ըսաւ որ վերջը յանկարծ պիտի գայ՝ «որոգայթի [կամ ծուղակի] մը պէս» եւ «բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ»։ Եւ աւելցուց. «Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք» (Ղուկաս 21։34-36)։ Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ Յիսուսին զգուշացումը լուրջի առնենք։ Քանի որ շատ մօտ ատենէն Սատանային չար աշխարհը պիտի կործանուի։ Միայն Եհովային եւ Յիսուսին առջեւ ընդունելի կեցուածք ունեցողները պիտի ազատին եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին (Յովհաննէս 3։16. Բ. Պետրոս 3։13

^ պարբ. 4 «Միքայէլ»ը Յիսուս Քրիստոսին ուրիշ մէկ անունն է։ Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար տե՛ս Բացատրութիւն 23։