Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 14

Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ

Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ

1, 2. Եհովան կ’ուզէ որ ընտանիքները ինչպէ՞ս ըլլան։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ առաջին ամուսնութիւնը ըրաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ան առաջին կինը ստեղծեց եւ «Ադամին բերաւ»։ Ադամ այնքա՛ն ուրախ էր, որ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է» (Ծննդոց 2։22, 23)։ Ասկէ կը հասկնանք, որ Եհովան կ’ուզէ որ ամուսնացած զոյգերը ուրախ ըլլան։

2 Ցաւալի է որ շատեր բնա՛ւ ընտանեկան ուրախ կեանք չեն ունեցած։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը սկզբունքներ, որոնք ընտանիքի բոլոր անդամներուն կ’օգնեն որ ուրախ եւ համերաշխ ըլլան (Ղուկաս 11։28

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐԷՆ

3, 4. ա) Ամուսին մը իր կնոջ հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ամուսինն ու կինը իրարու ներեն։

3 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ամուսին մը պէտք է իր կնոջ հետ սիրով ու յարգանքով վարուի (կարդա՛ Եփեսացիս 5։25-29)։ Եւ ան պէտք է մի՛շտ այդպէս վարուի։ Ան պէտք է իր կինը պաշտպանէ, անոր հոգ տանի, վիրաւորական խօսքեր չըսէ եւ չծեծէ։

4 Բայց ամուսին մը ի՞նչ պէտք է ընէ, երբ իր կինը սխալներ ընէ։ Ամուսիններուն կ’ըսուի որ շարունակեն ‘սիրել իրենց կիները ու դառն չըլլան անոնց’, այսինքն՝ խիստ չըլլան անոնց հետ (Կողոսացիս 3։19)։ Ամուսիննե՛ր, յիշեցէք որ դո՛ւք ալ կը սխալիք։ Եթէ կ’ուզէք որ Աստուած ձեզի ներէ, պէտք է որ դուք ալ ձեր կիներուն ներէք (Մատթէոս 6։12, 14, 15)։ Երբ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը ներող ըլլան, ուրախ ամուսնական կեանք կ’ունենան։

5. Ամուսին մը ինչո՞ւ պէտք է որ իր կինը պատուէ։

5 Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսինը իր կինը յարգէ կամ պատուէ։ Ամուսին մը պէտք է որ իր կնոջ ֆիզիքական եւ զգացական պէտքերը հոգայ։ Ասիկա լուրջ հարց է, քանի որ եթէ ամուսինը իր կնոջ հետ լաւ չվարուի, կրնայ ըլլալ որ Եհովան իր աղօթքներուն մտիկ չընէ (Ա. Պետրոս 3։7)։ Անոնք՝ որոնք Եհովան կը սիրեն, իր աչքին թանկագին են։ Ան տղամարդոց եւ կիներուն միջեւ զատողութիւն չի դներ. այսինքն՝ տղամարդիկը կիներէն աւելի չի նախընտրեր։

6. Ի՞նչ ըսել է որ ամուսին մը եւ կին մը «մէկ մարմին» են։

6 Յիսուս ըսաւ որ ամուսին մը եւ կին մը «ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին» (Մատթէոս 19։6)։ Անոնք իրարու հաւատարիմ են եւ բնաւ իրար չեն դաւաճաներ (Առակաց 5։15-21. Եբրայեցիս 13։4)։ Ամուսիններն ու կիները պէտք է իրարու սեռային պէտքերը հոգան եւ անձնասէր չըլլան (Ա. Կորնթացիս 7։3-5)։ Ամուսին մը պէտք է յիշէ որ «մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա»։ Ուրեմն ան պէտք է իր կինը սիրէ եւ անոր հոգ տանի։ Կին մը ամէն բանէ առաջ կ’ուզէ որ իր ամուսինը իրեն հետ սիրով վարուի եւ ազնիւ ըլլայ (Եփեսացիս 5։29

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷ ԿԻՆԵՐԷՆ

7. Ընտանիք մը ինչո՞ւ գլուխի մը պէտք ունի։

7 Ամէն ընտանիք պէտք ունի գլուխի մը, այսինքն՝ մէկու մը, որ ընտանիքը առաջնորդէ, որպէսզի ամէն մէկը կարենայ իր դերը լաւ կատարել։ Աստուածաշունչը Ա. Կորնթացիս 11։3–ին մէջ կ’ըսէ. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։

8. Կին մը ինչպէ՞ս կրնայ խոր յարգանք ցոյց տալ իր ամուսինին հանդէպ։

8 Ամէն ամուսին սխալներ կ’ընէ։ Բայց երբ կինը իր ամուսինին որոշումները յարգէ եւ անոր ձեռք տայ, ամբողջ ընտանիքը կ’օգտուի (Ա. Պետրոս 3։1-6)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կինը իր այրէն ակնածի [կամ իր ամուսինին հանդէպ խոր յարգանք ունենայ]» (Եփեսացիս 5։33)։ Բայց կինը ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ ամուսինը իր հաւատալիքները չընդունի։ Ան պէտք է շարունակէ անոր հանդէպ խոր յարգանք ունենալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը» (Ա. Պետրոս 3։1, 2)։ Եթէ կինը լաւ վարք ունենայ, ամուսինը թերեւս հասկնայ որ անոր հաւատալիքները կարեւոր են իրեն համար եւ սկսի յարգել զանոնք։

9. ա) Կին մը ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ նիւթի մը շուրջ իր ամուսինէն տարբեր կարծիք ունի։ բ) Տիտոս 2։4, 5–ին մէջ կիներուն ի՞նչ խրատ կը տրուի։

9 Կին մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ նիւթի մը շուրջ իր ամուսինէն տարբեր կարծիք ունի։ Ան պէտք է իր կարծիքը յարգանքով ըսէ։ Օրինակ, Սառան ըսաւ բան մը որ Աբրահամին խելքին չպառկեցաւ, բայց Եհովան անոր ըսաւ. «Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ» (Ծննդոց 21։9-12)։ Երբ ամուսինը առնէ որոշում մը, որ Աստուածաշունչին սկզբունքներուն չի հակասեր, կինը պէտք է իր ամուսինին կռնակ կենայ (Գործք 5։29. Եփեսացիս 5։24)։ Լաւ կինը իր ընտանիքին հոգ կը տանի (կարդա՛ Տիտոս 2։4, 5)։ Երբ կնոջ ամուսինն ու զաւակները տեսնեն թէ ան որքա՛ն ծանր կ’աշխատի անոնց համար, զինք ա՛լ աւելի պիտի սիրեն ու յարգեն (Առակաց 31։10, 28

Սառան կիներուն համար ինչպէ՞ս լաւ օրինակ է

10. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ զոյգեր իրարմէ բաժնուելուն մասին եւ ամուսնալուծման մասին։

10 Երբեմն զոյգեր շատ արագ կ’որոշեն իրարմէ բաժնուիլ կամ ալ՝ ամուսնալուծուիլ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «կինը այրէն չզատուի» եւ «այրը իր կինը թող չձգէ» (Ա. Կորնթացիս 7։10, 11)։ Կան շատ քիչ պարագաներ, որոնց պատճառով զոյգեր կրնան իրարմէ բաժնուիլ. օրինակ, եթէ կողակիցը դրամական ծախսերը դիտմամբ չհոգայ, ֆիզիքապէս չարչարէ կամ հոգեւոր բաներու մասնակցիլը բացարձակապէս արգիլէ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել ամուսնալուծման մասին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ամուսին մը կամ կին մը կրնայ ամուսնալուծուիլ միա՛յն՝ երբ անոր կողակիցը ուրիշի մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ (Մատթէոս 19։9

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷ ԾՆՈՂՆԵՐԷՆ

Յիսուս ընտանիքի ամէն մէկ անդամին համար լաւ օրինակ է

11. Զաւակները ամէն բանէ աւելի ի՞նչ բանի պէտք ունին։

11 Ծնողնե՛ր, կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ անցուցէք ձեր զաւակներուն հետ։ Ձեր զաւակները ձեզի պէտք ունին, եւ ամէն բանէ աւելի անոնք պէտք ունին որ իրենց Եհովային մասին սորվեցնէք (Բ. Օրինաց 6։4-9

12. Ծնողները ի՞նչ պէտք է ընեն որ իրենց զաւակները պաշտպանեն։

12 Սատանային աշխարհը երթալով աւելի կը չարանայ եւ կան մարդիկ, որոնք թերեւս ուզեն մեր զաւակներուն վնաս հասցնել, եւ նոյնիսկ բռնաբարել։ Կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ այս նիւթին մասին խօսիլը դժուար կը գտնեն։ Բայց ծնողները պէտք է իրենց զաւակները զգուշացնեն այս տեսակ մարդոցմէ եւ անոնց սորվեցնեն ինչպէ՛ս այդ մարդոցմէ պաշտպանուիլ։ Ծնողնե՛ր, պէտք է որ ձեր զաւակները պաշտպանէք (Ա. Պետրոս 5։8) *։

13. Ծնողները ինչպէ՞ս պէտք է իրենց զաւակներուն սորվեցնեն։

13 Ծնողները պատասխանատուութիւն ունին իրենց զաւակներուն սորվեցնելու, որ լաւ վարք ունենան։ Լաւ ինչպէ՞ս։ Ձեր զաւակները խրատի պէտք ունին, բայց պէտք չէ զանոնք խստութեամբ կամ կոշտ կերպով դաստիարակէք (Երեմիա 30։11)։ Ուրեմն, երբ բարկացած էք, ձեր զաւակները մի՛ կրթէք։ Քանի որ չէք ուզեր որ ձեր խօսքերը ‘սուրի պէս խոցոտեն’ եւ զանոնք վիրաւորեն (Առակաց 12։18)։ Անոնց բացատրեցէք որ ինչո՛ւ պէտք է հնազանդ ըլլան (Եփեսացիս 6։4. Եբրայեցիս 12։9-11. տե՛ս Բացատրութիւն 30

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷ ԶԱՒԱԿՆԵՐԷՆ

14, 15. Զաւակներ ինչո՞ւ պէտք է իրենց ծնողներուն հնազանդին։

14 Յիսուս մի՛շտ իր Հօր հնազանդ էր, նոյնիսկ երբ հնազանդիլը դիւրին չէր (Ղուկաս 22։42. Յովհաննէս 8։28, 29)։ Եհովան կ’ուզէ որ զաւակներն ալ իրենց ծնողներուն հնազանդին (Եփեսացիս 6։1-3

15 Զաւակնե՛ր, նոյնիսկ եթէ զգաք որ դժուար է ձեր ծնողներուն հնազանդիլ, յիշեցէք որ երբ հնազանդ ըլլաք, թէ՛ անոնք եւ թէ Եհովան ձեզմով կ’ուրախանան (Առակաց 1։8. 6։20. 23։22-25) *։

Ի՞նչը պիտի օգնէ պատանիներուն որ փորձութեան տակ Աստուծոյ հաւատարիմ մնան

16. ա) Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ պատանիները մղել որ սխալ մը ընեն։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովան սիրող ընկերներ ընտրենք։

16 Սատանան կրնայ ընկերներուդ եւ ուրիշ պատանիներու միջոցաւ քեզ մղել որ սխալ մը ընես։ Ան գիտէ որ անոնք կրնան քեզի շատ ազդել։ Օրինակ, Յակոբին աղջիկը՝ Դինան՝ ունէր ընկերներ, որոնք Եհովան չէին սիրեր։ Այս պատճառով, թէ՛ Դինան եւ թէ իր ընտանիքը խնդիրներու մէջ ինկան (Ծննդոց 34։1, 2)։ Եթէ ընկերներդ Եհովան չեն սիրեր, թերեւս քեզ մղեն որ ընես բան մը որ Եհովան կ’ատէ, ինչ որ շատ ցաւ պիտի պատճառէ՝ քեզի, ընտանիքիդ եւ Եհովա Աստուծոյ (Առակաց 17։21, 25Անոր համար շա՛տ կարեւոր է որ ընտրես ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն (Ա. Կորնթացիս 15։33

ԸՆՏԱՆԻՔԴ ԿՐՆԱ՛Յ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ

17. Ընտանիքի ամէն մէկ անդամ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։

17 Երբ ընտանիքի մը անդամները Աստուծոյ ուղղութիւններուն հետեւին, անոնք շատ մը խնդիրներէ հեռու կը մնան։ Ուրեմն, եթէ ամուսին մըն ես, սիրէ կինդ եւ անոր հետ սիրով վարուէ։ Եթէ կին մըն ես, յարգէ ամուսինդ ու ենթարկուէ անոր եւ հետեւէ Առակաց 31։10-31–ին մէջ նշուած կնոջ օրինակին։ Եթէ ծնողք ես, զաւակներուդ սորվեցուր որ Աստուած սիրեն (Առակաց 22։6)։ Եթէ հայր մըն ես, ընտանիքդ «աղէկ» կերպով առաջնորդէ (Ա. Տիմոթէոս 3։4, 5. 5։8)։ Իսկ եթէ զաւակ մըն ես, ծնողքիդ հնազանդէ (Կողոսացիս 3։20)։ Յիշեցէք որ ընտանիքին մէջ ամէն անհատ սխալներ կ’ընէ, անոր համար խոնարհ եղէք եւ իրարմէ ներողութիւն խնդրեցէք։ Ինչպէս տեսանք, Աստուածաշունչին մէջ ուղղութիւններ կան ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար։

^ պարբ. 12 Զաւակներդ ինչպէ՛ս պաշտպանելու մասին կրնաս աւելի տեղեկութիւններ առնել դիտելով «Եհովային ընկերը եղիր. Զաւակներդ պաշտպանէ» (դաս 17) վիտէոն, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 15 Զաւակ մը կրնայ իր ծնողներուն չհնազանդիլ միայն՝ երբ անոնք ուզեն որ ան Աստուծոյ օրէնքին հակառակ բան մը ընէ (Գործք 5։29