Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 16

Աստուած պաշտէ ի՛ր ուզած կերպով

Աստուած պաշտէ ի՛ր ուզած կերպով

1. Դուն քեզի ի՞նչ հարցում պէտք է հարցնես եւ ինչո՞ւ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ սերտած ատեն նկատեցիր որ շատ մը մարդիկ, որոնք կ’ըսեն որ Աստուած կը պաշտեն, իրականութեան մէջ կը սորվեցնեն կամ կ’ընեն բաներ, որոնք ան կ’ատէ (Բ. Կորնթացիս 6։17)։ Անոր համար է որ Եհովա Աստուած մեզի կ’ըսէ որ սուտ կրօնքէն, այսինքն՝ Մեծ «Բաբելոն»էն, դուրս ելլենք (Յայտնութիւն 18։2, 4)։ Իսկ դուն ի՞նչ պիտի ընես։ Ամէն մէկը ի՛նք կ’որոշէ թէ ինչ պիտի ընէ եւ պէտք է ինքն իրեն հարցնէ. ‘Կ’ուզե՞մ Աստուած պաշտել ի՛ր ուզած կերպով, թէ կ’ուզեմ զինք պաշտել իմ գիտցած կերպովս’։

2. Այս դասին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Եթէ արդէն սուտ կրօնքէն դուրս ելած ես՝ լաւ ըրած ես։ Բայց թերեւս դեռ կը սիրես եւ կ’ուզես մասնակցիլ սուտ կրօնքին կարգ մը սովորութիւններուն։ Նկատի առնենք քանի մը սովորութիւն եւ տեսնենք թէ ինչո՛ւ շատ կարեւոր է որ ատոնք Եհովային աչքով դիտենք։

ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՆԿԱՐՆԵՐ, ԱՐՁԱՆՆԵՐ ԵՒ ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ

3. ա) Ինչո՞ւ կարգ մը մարդոց համար թերեւս դժուար ըլլայ առանց սուրբերու նկարներու եւ արձաններու Աստուած պաշտել։ բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ սուրբերու նկարներով ու արձաններով Աստուած պաշտելու մասին։

3 Կարգ մը մարդիկ իրենց տան մէջ սուրբերու նկարներ, արձաններ կամ սրբարաններ ունին եւ տարիներէ ի վեր անոնց միջոցաւ Աստուած կը պաշտեն։ Եթէ դուն ալ սուրբերու նկարներ ու արձաններ ունիս, թերեւս առանց անոնց Աստուած պաշտելը տարօրինակ կամ նոյնիսկ սխալ տեսնես։ Բայց յիշէ որ Եհովան մեզի կը սորվեցնէ զինք ինչպէ՛ս պաշտել։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ Եհովան չ’ուզեր որ մեր պաշտամունքին մէջ կուռքեր գործածենք. ինչպէս՝ սուրբերու նկարներ կամ արձաններ (կարդա՛ Ելից 20։4, 5. Ղեւտացւոց 26։1. Սաղմոս 115։4-8. Եսայի 42։8. Ա. Յովհաննէս 5։21

4. ա) Մենք ինչո՞ւ մեռելներուն համար չենք աղօթեր։ բ) Եհովան ինչո՞ւ իր ժողովուրդին ըսաւ որ չփորձեն մեռելներուն հետ խօսիլ։

4 Կարգ մը մարդիկ շատ ժամանակ կու տան եւ դրամ կը ծախսեն որ մեռելներուն հետ կապ ունեցող սովորութիւններ պահեն, օրինակ՝ անոնց համար աղօթել։ Բայց մենք սորվեցանք որ մեռելները մեզի չեն կրնար օգնել կամ վնասել։ Անոնք ուրիշ տեղ մը չեն ապրիր։ Եւ տեսանք որ անոնց հետ կապի մէջ մտնելը վտանգաւոր է, քանի որ որեւէ տեղեկութիւն որ կը կարծենք որ մեռելէն կու գայ, իրականութեան մէջ դեւերէն կու գայ։ Անոր համար, Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ որ չփորձեն մեռելներուն հետ խօսիլ կամ ուրիշ որեւէ տեսակ ոգեհարցութեան մասնակցիլ (Բ. Օրինաց 18։10-12. տե՛ս Բացատրութիւն 26 եւ 31

5. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ առանց սուրբերու նկարներու եւ արձաններու Աստուած պաշտես եւ մեռելներուն հետ կապ ունեցող սովորութիւններ չպահես։

5 Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել որ առանց սուրբերու նկարներու եւ արձաններու Աստուած պաշտես եւ կամ մեռելներուն հետ կապ ունեցող սովորութիւններ չպահես։ Պէտք է Աստուածաշունչը կարդաս եւ լրջօրէն մտածես, թէ Եհովան այդ տեսակ բաները ինչպէ՛ս կը դիտէ։ Անոնք իր աչքին «պիղծ» կամ զզուելի են (Բ. Օրինաց 27։15)։ Ամէն օր Եհովային աղօթէ որ քեզի օգնէ որ իր մտածելակերպը ունենաս եւ զինք պաշտես ի՛ր ուզած կերպով (Եսայի 55։9)։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի պէտք եղած քաջութիւնը պիտի տայ, որ հեռու մնաս որեւէ բանէ որ սուտ պաշտամունքին հետ կապ ունի։

ՊԷ՞ՏՔ Է ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ՏՕՆԵՆՔ

6. Ինչո՞ւ որոշուեցաւ որ Յիսուսին ծնունդը դեկտեմբեր 25–ին տօնուի։

6 Աշխարհի չորս կողմը, Սուրբ Ծնունդը ամէնէն յայտնի տօներէն մէկն է եւ մարդոց մեծ մասը կը կարծէ որ անիկա Յիսուսի ծնունդին տօնն է։ Բայց իրականութեան մէջ, Սուրբ Ծնունդը կապ ունի սուտ պաշտամունքին հետ։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ որ հռոմայեցի հեթանոսները արեւին ծնունդը կը տօնէին դեկտեմբեր 25–ին *։ Եկեղեցական առաջնորդներ ուզեցին որ ա՛լ աւելի հեթանոսներ քրիստոնեայ դառնան, անոր համար անոնք որոշեցին այդ թուականին Յիսուսի ծնունդը տօնել, հակառակ անոր որ Յիսուս դեկտեմբեր 25–ին չէր ծնած (Ղուկաս 2։8-12)։ Յիսուսին աշակերտները Սուրբ Ծնունդը չտօնեցին։ Գիրք մը կ’ըսէ որ Յիսուսի ծնունդէն մօտ 200 տարի ետք, «մէ՛կը չէր գիտեր որ ան երբ ծնաւ եւ քիչեր այդ նիւթով հետաքրքրուած էին» (Sacred Origins of Profound Things)։ Մարդիկ սկսան Սուրբ Ծնունդը տօնել Յիսուսի ծնելէն մօտ 300 տարի ետք։

7. Ինչո՞ւ ճշմարիտ քրիստոնեաները Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ։

7 Շատեր գիտեն որ Սուրբ Ծնունդը եւ անոր սովորութիւնները, ինչպէս՝ խնճոյքները եւ նուէրներ տալը, հեթանոսական են։ Օրինակ, աւելի քան 300 տարի առաջ, Ամերիկայի կարգ մը շրջաններուն եւ Անգլիոյ մէջ Սուրբ Ծնունդ տօնելը արգիլուած էր հեթանոսական տօն ըլլալուն պատճառաւ։ Եւ ով որ զայն տօնէր կը պատժուէր։ Բայց յետոյ մարդիկ սկսան Սուրբ Ծնունդը նորէն տօնել։ Լաւ ինչո՞ւ ճշմարիտ քրիստոնեաները Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ։ Քանի որ անոնք կ’ուզեն ամէն բանի մէջ Աստուած ուրախացնել։

ՊԷ՞ՏՔ Է ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՏՕՆԵՆՔ

8, 9. Ինչո՞ւ առաջին դարու քրիստոնեաները ծննդեան տարեդարձ չէին տօներ։

8 Ուրիշ յայտնի տօն մըն է ծննդեան տարեդարձը։ Քրիստոնեաները պէ՞տք է ծննդեան տարեդարձ տօնեն։ Աստուածաշունչին մէջ նշուած ծննդեան տարեդարձ տօնող անձերը Եհովան չպաշտող մարդիկ էին (Ծննդոց 40։20. Մարկոս 6։21)։ Մարդիկ այս տօնը կը տօնէին չաստուածներ պատուելու համար։ Անոր համար, առաջին դարու քրիստոնեաները «ոեւէ մէկուն ծննդեան տարեդարձը տօնելը հեթանոսական սովորութիւն նկատեցին» (The World Book Encyclopedia

9 Անցեալին, հռոմայեցիները եւ յոյները կը հաւատային, որ ամէն մէկ անհատի ծննդեան օրը կը զուգադիպէր չաստուածի մը ծննդեան տարեդարձին։ Այդ չաստուածին հետ կապ ունեցող ոգի մը ներկայ կ’ըլլար այդ անհատին ծննդեան օրը։ Հեթանոսները կը հաւատային թէ որպէսզի այդ ոգին անհատ մը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պաշտպանէր, պէտք էր որ ան իր ծննդեան տարեդարձը տօնէր։

10. Ինչո՞ւ քրիստոնեաները պէտք չէ ծննդեան տարեդարձ տօնեն։

10 Կը կարծե՞ս որ Եհովան կ’ընդունի այն տօները, որոնք սուտ կրօնքին հետ կապ ունին (Եսայի 65։11, 12)։ Ո՛չ, չ’ընդունիր։ Անոր համար մենք չենք տօներ ծննդեան տարեդարձ կամ ուրիշ տօներ, որոնք սուտ կրօնքին հետ կապ ունին։

ԿԱՐԵՒՈ՞Ր Է ՈՐ ՏՕՆԵՐԸ ՈՒՐԿԷ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ ԵՆ

11. Կարգ մը մարդիկ ի՞նչ պատճառով տօներ կը տօնեն։ Քեզի համար ի՞նչ բան ամէնէն կարեւորը պէտք է ըլլայ։

11 Կարգ մը մարդիկ գիտեն որ Սուրբ Ծնունդը եւ ուրիշ տօներ հեթանոսական են, բայց կը շարունակեն այդ տօները տօնել։ Անոնք կը զգան որ տօները պարզապէս լաւ առիթներ են իրենց ընտանիքին հետ լաւ ժամանակ անցընելու։ Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։ Սխալ չէ որ ընտանիքիդ հետ ժամանակ անցընել ուզես։ Եհովան է ընտանեկան կարգադրութիւնը ընողը եւ կ’ուզէ որ մեր ընտանիքին հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Բայց աւելի կարեւոր է իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ, քան թէ սուտ կրօնական տօներ տօնելով մեր ազգականները ուրախացնել։ Անոր համար, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին» (Եփեսացիս 5։10

12. Ո՞ր տօները Եհովային համար հաճելի չեն։

12 Շատերու համար, կարեւոր չէ թէ տօն մը ուրկէ՛ սկիզբ առած է, բայց Եհովային համար՝ կարեւոր է։ Իրեն հաճելի չեն ազգային տօները, ոչ ալ այնպիսի տօներ, որոնք սուտ պաշտամունքէն սկիզբ կ’առնեն կամ մարդոց չափէ դուրս պատիւ կու տան։ Օրինակ, եգիպտացիները իրենց չաստուածներուն համար շատ մը տօներ ունէին։ Եգիպտոսէն դուրս ելլելէ ետք, իսրայէլացիները անոնց հեթանոսական տօներէն մէկը տօնեցին եւ զայն կոչեցին ‘տօն Տէրոջ’։ Բայց Եհովան զիրենք պատժեց (Ելից 32։2-10)։ Ինչպէս որ Եսայի մարգարէն ըսաւ, մենք պէտք է որ ‘պիղծ բանի չդպչինք’ (կարդա՛ Եսայի 52։11

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱԶՆԻՒ ԵՂԻՐ

13. Թերեւս ի՞նչ հարցումներ ունենաս, երբ որոշես տօներ չտօնել։

13 Երբ որոշես տօներ չտօնել, թերեւս շատ մը հարցումներ ունենաս։ Օրինակ. ի՞նչ պէտք է ըսեմ, եթէ գործակիցներս հարցնեն որ ինչո՛ւ իրենց հետ Սուրբ Ծնունդը չեմ տօներ։ Ի՞նչ պէտք է ընեմ, եթէ Սուրբ Ծնունդի առիթով մէկը ինծի նուէր տայ։ Ի՞նչ պէտք է ընեմ, եթէ կողակիցս ուզէ որ տօն մը տօնեմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ զաւակներուս օգնել որ չնեղուին, երբ տօն մը չտօնեն։

14, 15. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ մէկը տօնական առիթով քեզ շնորհաւորէ կամ նուէր տայ։

14 Կարեւոր է որ ամէն մէկ պարագայի տրամաբանօրէն մտածես, որ ի՛նչ պիտի ըսես կամ ի՛նչ պիտի ընես։ Օրինակ, եթէ մարդիկ տօնական առիթով մը քեզ շնորհաւորեն, պէտք չունիս զանոնք անտեսելու։ Կրնաս պարզապէս ըսել. «Շնորհակալ եմ»։ Բայց եթէ անհատ մը ուզէ գիտնալ թէ որոշ տօն մը ինչո՛ւ չես տօներ, կրնաս անոր բացատրել։ Բայց մի՛շտ ազնիւ ու քաղաքավար եղիր եւ յարգանքով վարուէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ» (Կողոսացիս 4։6)։ Կրնաս ըսել որ դուն կը սիրե՛ս ուրիշներուն հետ ժամանակ անցընել եւ անոնց նուէրներ տալ, բայց ոչ տօնական առիթներով։

15 Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ տօնի մը առթիւ մէկը քեզի նուէր տայ։ Աստուածաշունչը օրէնքներու ցանկ մը չի տար, բայց կ’ըսէ որ մենք պէտք է մաքուր խիղճ ունենանք (Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19)։ Թերեւս նուէր տուողը չի գիտեր որ դուն այդ տօնը չես տօներ։ Կամ թերեւս ըսէ. «Գիտեմ որ այս տօնը չես տօներ, բայց ես կ’ուզեմ քեզի այս նուէրը տալ»։ Երկու պարագաներուն ալ կրնաս որոշել, թէ նուէրը պիտի ընդունիս կամ ոչ։ Բայց ի՛նչ որ ալ որոշես, վստահ եղիր որ խիղճդ մաքուր է։ Մենք չենք ուզեր ընել բան մը, որ կրնայ գէշ կերպով ազդել Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՎԱՐՈՒԻՍ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ՀԵՏ

Անոնք՝ որոնք Եհովային կը ծառայեն ուրախ են

16. Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ ընտանիքիդ անդամները ուզեն տօներ տօնել։

16 Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ ընտանիքիդ անդամները ուզեն տօն մը տօնել։ Պէտք չունիս անոնց հետ վիճաբանելու։ Յիշէ, որ անոնք ազատ են որոշելու թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Ազնիւ եղիր եւ անոնց որոշումը յարգէ, ինչպէս որ կ’ուզես որ իրենք ալ որոշումդ յարգեն (կարդա՛ Մատթէոս 7։12)։ Բայց եթէ անոնք ուզեն որ տօնին ժամանակ իրենց հետ ըլլաս, ի՞նչ պիտի ընես։ Որոշում առնելէ առաջ, Եհովային աղօթէ որ քեզի օգնէ որ ճիշդ որոշումը առնես։ Պարագային մասին մտածէ եւ պրպտում ըրէ։ Յիշէ, որ ամէնէն կարեւոր բանն է Եհովան ուրախացնել։

17. Ի՞նչ կրնաս ընել որ զաւակներդ զրկուած չզգան, երբ տեսնեն որ ուրիշներ տօներ կը տօնեն։

17 Ի՞նչ կրնաս ընել որ զաւակներդ զրկուած չզգան, երբ տեսնեն որ ուրիշներ տօներ կը տօնեն։ Կրնաս ատեն–ատեն իրենց համար մասնաւոր յայտագիր պատրաստել։ Ասկէ զատ, կրնաս իրենց անակնկալ ընել եւ նուէրներ բերել։ Իսկ ամէնէն աղուոր նուէրն է՝ իրենց ժամանակ տրամադրել եւ սէր ցոյց տալ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՇՏԷ Ի՛Ր ՈՒԶԱԾ ԿԵՐՊՈՎ

18. Ինչո՞ւ պէտք է ժողովներուն ներկայ ըլլանք։

18 Եհովան ուրախացնելու համար պէտք է որ սուտ կրօնքէն դուրս գանք եւ անոր սովորութիւններուն ու տօներուն չմասնակցինք։ Բայց պէտք է նաեւ Աստուած պաշտենք ի՛ր ուզած կերպով։ Ասիկա ընելու մէկ կերպն է Եհովայի վկաներուն ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալ (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Ժողովները ճշմարիտ պաշտամունքին շատ կարեւոր մէկ մասն են (Սաղմոս 22։22. 122։1)։ Երբ ատոնց ներկայ ըլլանք, կրնանք իրար քաջալերել (Հռովմայեցիս 1։12

19. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ սորվածդ ուրիշներուն պատմես։

19 Ճշմարիտ պաշտամունքը ընդունելու եւ անոր համաձայն ապրելու ուրիշ մէկ կերպն է՝ մարդոց խօսիլ Սուրբ Գիրքէն սորվածներուդ մասին։ Շատեր աշխարհի մէջ եղած չարութիւնը տեսնելով՝ կը յուսահատին։ Թերեւս կը ճանչնաս մարդիկ, որոնք այդպէս կը զգան։ Անոնց պատմէ թէ ապագային համար ի՜նչ հոյակապ յոյս ունիս։ Մինչ ժողովներու ներկայ կը գտնուիս եւ ուրիշներուն կը պատմես Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւններուն մասին, պիտի անդրադառնաս որ այլեւս չես ուզեր սուտ կրօնքին մաս կազմել եւ անոր սովորութիւններուն մասնակցիլ։ Վստահ եղիր, որ մինչ Եհովան ճիշդ ձեւով կը պաշտես, ուրախ պիտի ըլլաս եւ ան ջանքերդ առատօրէն պիտի օրհնէ (Մաղաքիա 3։10

^ պարբ. 6 Հայերուն մեծամասնութիւնը Սուրբ Ծնունդը կը տօնէ յունուար 6–ին։ Բայց Յիսուս ո՛չ դեկտեմբերին ծնաւ, ոչ ալ յունուարին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երբ Յիսուս ծնաւ, «այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին» (Ղուկաս 2։8-11)։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Յիսուս ձմեռը չծնաւ, քանի որ ձմեռը Բեթլեհէմի մէջ շատ անձրեւ եւ ձիւն կու գար եւ հովիւները դուրսերը չէին կրնար մնալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]