Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 19

Եհովա Աստուծոյ մօտի՛կ մնացիր

Եհովա Աստուծոյ մօտի՛կ մնացիր

1, 2. Այսօր ո՞ւր կրնանք պաշտպանուիլ։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ հով–փոթորիկ է եւ դուն ճամբան կը քալես։ Երկինքը երթալով կը մթննայ, կայծակներ կ’ըլլան եւ որոտումի ձայներ կը լսուին։ Շատ չանցած կը սկսի զօրաւոր անձրեւ տեղալ։ Անձրեւէն պաշտպանուելու համար տեղ մը կը փնտռես։ Եւ ի՜նչ կ’ուրախանաս, երբ վերջապէս ապահով եւ չոր տեղ մը գտնես։

2 Այսօր աշխարհի վիճակը այդ օդին պէս է եւ օրէ օր աւելի գէշ կ’ըլլայ։ Թերեւս հարց տաս. ‘Ո՞ւր կրնամ պաշտպանուիլ’։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը գրեց. «Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. ‘Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ’» (Սաղմոս 91։2)։ Այո՛, Եհովան կրնայ մեզ պաշտպանել խնդիրներով լեցուն այս աշխարհին մէջ, եւ յոյս կու տայ որ ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ։

3. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ Եհովան մեզ պաշտպանէ։

3 Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզ պաշտպանել։ Ան կրնայ մեզի օգնել որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք։ Եւ ան շա՛տ աւելի զօրաւոր է այն մարդոցմէ, որոնք թերեւս փորձեն մեզի վնաս հասցնել։ Եւ նոյնիսկ եթէ գէշ բան մը պատահի մեզի, կրնանք վստահ ըլլալ որ ապագային Եհովան վիճակը պիտի շտկէ։ Պէտք է Եհովային մօտիկ մնանք, որ ան դժուար ժամանակներուն մեզի օգնէ։ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» (Յուդա 21)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։

ԱՐԺԵՒՈՐԷ՛ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ

4, 5. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է որ մեզ կը սիրէ։

4 Եհովային մօտիկ մնալու համար, պէտք է յիշենք որ ան որքա՜ն մեզ կը սիրէ։ Մտածէ որ Եհովան մեզի համար ինչե՜ր ըրած է։ Ան մեզի տուած է գեղեցիկ երկրագունդը, տեսակ–տեսակ բոյսեր եւ անասուններ։ Ան նաեւ մեզի տուած է համով ուտելիքներ եւ մաքուր ջուր։ Աստուածաշունչին միջոցաւ Եհովան մեզի սորվեցուցած է իր անուան եւ իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին։ Ան գլխաւորաբար իր սէրը ցոյց տուաւ, երբ իր սիրելի Որդին՝ Յիսուսը, երկիր ղրկեց որ իր կեանքը զոհէ մեզի համար (Յովհաննէս 3։16)։ Եւ այդ զոհողութեան պատճառով, մենք աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը ունինք։

5 Եհովան երկինքին մէջ հաստատած է կառավարութիւն մը՝ մեսիական Թագաւորութիւնը, որ մօտ ատենէն մարդոց չարչարանքին վերջ պիտի դնէ։ Անիկա երկիրը պիտի վերածէ դրախտի, ուր մարդիկ խաղաղ եւ ուրախ կեանք պիտի ապրին՝ յաւիտեան (Սաղմոս 37։29)։ Ասկէ զատ, Եհովան իր սէրը ցոյց կու տայ, երբ մեզի կը սորվեցնէ որ ինչպէ՛ս կրնանք հիմա իսկ ուրախ ապրիլ։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ իրեն աղօթենք եւ միշտ պատրաստ է մեր աղօթքները լսելու։ Այո՛, Եհովան յստակօրէն ցոյց տուած է որ ամէն մէկս կը սիրէ։

6. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային ցոյց տալ, որ իր սէրը կ’արժեւորես։

6 Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային ցոյց տալ որ իր սէրը կ’արժեւորես։ Երախտապարտ եղիր քեզի համար իր ըրած բոլոր բաներուն համար։ Ցաւալի է որ այսօր շատեր ապերախտ են։ Նոյնն էր պարագան Յիսուսին օրերուն։ Օր մը Յիսուս տասը բորոտներ բժշկեց, բայց միայն մէկ հոգի իրմէ շնորհակալ եղաւ (Ղուկաս 17։12-17)։ Մենք կ’ուզենք այդ մարդուն պէս, Եհովայէն միշտ շնորհակալ ըլլալ։

7. Եհովան ինչպէ՞ս պէտք է սիրենք։

7 Ասկէ զատ, պէտք է ցոյց տանք որ Եհովան կը սիրենք։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ պէտք է Եհովան սիրեն իրենց ամբողջ սրտով, ամբողջ անձով եւ ամբողջ մտքով (կարդա՛ Մատթէոս 22։37)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր սէրը ցոյց տալ։

8, 9. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ցոյց տալ որ զինք կը սիրենք։

8 Բաւարա՞ր է որ միայն ըսենք թէ Եհովան կը սիրենք։ Ո՛չ, բաւարար չէ։ Եթէ Եհովան կը սիրենք մեր ամբողջ սրտով, անձով եւ մտքով, պէտք է իրեն հանդէպ մեր սէրը գործերով ցոյց տանք (Մատթէոս 7։16-20)։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ, որ եթէ Աստուած կը սիրենք, պէտք է անոր պատուիրաններուն հնազանդինք։ Ասիկա ընելը դժուա՞ր է։ Ո՛չ, քանի որ անոր «պատուիրանքները ծանր բան չեն» (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3

9 Եթէ Եհովային հնազանդինք, ուրախ կեանք մը կ’ունենանք (Եսայի 48։17, 18)։ Բայց ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովային մօտիկ մնանք։ Տեսնե՛նք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԴ ԱՄՐԱՑՈՒՐ

10. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես Եհովային մասին սորվիլ։

10 Ինչպէ՞ս Եհովային բարեկամը դարձար։ Երբ Աստուածաշունչը սերտեցիր, սկսար Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ եւ այսպէս՝ անոր բարեկամը դարձար։ Ձեր այս բարեկամութիւնը կրնանք նմանցնել կրակի, որ չես ուզեր որ մարի։ Ինչպէս որ կրակը փայտի պէտք ունի որ վառած մնայ, նոյնպէս ալ դուն պէտք է շարունակես Եհովային մասին սորվիլ որ իրեն հետ բարեկամութիւնդ ամուր մնայ (Առակաց 2։1-5

Եհովային հանդէպ սէրդ կը նմանի կրակի, որ վառած մնալու համար փայտի պէտք ունի

11. Աստուածաշունչէն սորվածներդ քեզի ինչպէ՞ս պիտի ազդեն։

11 Մինչ կը շարունակես Աստուածաշունչը սերտել, պիտի սորվիս բաներ, որոնք սրտիդ պիտի դպնան։ Նկատէ թէ Յիսուսի աշակերտներէն երկուքը ինչ զգացին, երբ Յիսուս Աստուածաշունչի մարգարէութիւններ կը բացատրէր անոնց։ Անոնք ըսին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր» (Ղուկաս 24։32

12, 13. ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյն։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը չպաղի։

12 Թերեւս, Յիսուսին աշակերտներուն պէս, դուն ալ շատ ուրախացար, երբ սկսար Աստուածաշունչը հասկնալ։ Ասիկա քեզի օգնեց որ Եհովան ճանչնաս եւ զինք սիրես։ Բայց ժամանակի ընթացքին սէրդ կրնայ պաղիլ, եւ անշուշտ դուն ասիկա չես ուզեր (Մատթէոս 24։12

13 Երբ Աստուծոյ բարեկամը դառնաս, պէտք է շատ ջանք թափես որ այդ բարեկամութիւնը ամուր պահես։ Պէտք է շարունակես սորվիլ Եհովային եւ Յիսուսին մասին եւ սորվածներուդ մասին մտածել եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնք կեանքիդ մէջ գործադրել (Յովհաննէս 17։3)։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս կամ կը սերտես, դուն քեզի հարցուր. ‘Այս համարները ինծի ի՞նչ կը սորվեցնեն Եհովա Աստուծոյ մասին։ Անոնք ինծի ինչպէ՞ս կ’օգնեն որ Եհովան սիրեմ իմ ամբողջ սրտովս եւ անձովս’ (Ա. Տիմոթէոս 4։15

14. Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ Եհովային հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր մնայ։

14 Մտերիմ բարեկամի մը հետ միշտ խօսիլը ձեր բարեկամութիւնը զօրաւոր կը պահէ։ Նոյնպէս, Եհովային հետ միշտ խօսիլը, կամ իրեն աղօթելը, իրեն հանդէպ մեր սէրը զօրաւորը կը պահէ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Աղօթքը մեր երկնաւոր Հօր կողմէ արժէքաւոր նուէր մըն է։ Անոր համար պէտք է որ միշտ սրտանց իրեն աղօթենք (Սաղմոս 62։8)։ Պէտք չէ գոց սորված աղօթքներ կրկնենք, հապա մեր աղօթքները պէտք է որ մեր սրտէն բխին։ Այո՛, եթէ շարունակենք Աստուածաշունչը սերտել եւ սրտանց աղօթել, Եհովային հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր կը մնայ։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԽՕՍԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

15, 16. Քարոզչութիւնը ի՞նչ կը սեպես։

15 Եթէ կ’ուզենք Եհովային մօտիկ մնալ, պէտք է նաեւ ուրիշներուն խօսինք Սուրբ Գիրքէն մեր սորվածներուն մասին։ Շատ մեծ պատիւ է ուրիշներուն խօսիլ Եհովային մասին։ Անիկա նաեւ պատասխանատուութիւն է, որ Յիսուս բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն տուաւ։ Բոլորս պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզենք։ Դուն կը քարոզե՞ս (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

16 Պօղոս առաքեալ քարոզչութիւնը շատ արժէքաւոր բան մը սեպեց եւ զայն «գանձ» կոչեց (Բ. Կորնթացիս 4։7)։ Եհովային եւ անոր նպատակներուն մասին ուրիշներուն խօսիլը ամէնէն կարեւոր գործունէութիւնն է որ կ’ընես։ Անիկա Եհովային ծառայելու կերպ մըն է, եւ ան ըրածդ կ’արժեւորէ (Եբրայեցիս 6։10)։ Քարոզելը նաեւ կրնայ օգտել թէ՛ քեզի եւ թէ անոնց՝ որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։ Երբ քարոզես, դուն քեզի եւ ուրիշներուն կ’օգնես, որ Եհովային հետ մտերմանան եւ յաւիտենական կեանք ունենան (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Արդեօք կա՞յ ուրիշ գործունէութիւն մը, որ կրնայ քեզ աւելի ուրախացնել։

17. Քարոզելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

17 Քարոզելը շատ կարեւոր է եւ չի յետաձգուիր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ‘խօսքը քարոզենք’ ամէն ատեն եւ բոլոր պարագաներուն (Բ. Տիմոթէոս 4։2)։ Մարդիկ պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին լսեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ [կամ շատ արագ կը մօտենայ]»։ Վերջը «ետ պիտի չմնայ [կամ պիտի չուշանայ]» (Սոփոնիա 1։14. Ամբակում 2։3)։ Այո՛, շատ մօտ ատենէն Եհովան Սատանային չար աշխարհը պիտի կործանէ։ Բայց անկէ առաջ, պէտք է ասոր մասին մարդիկը զգուշացնենք, որ կարենան որոշել Եհովային ծառայել։

18. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովան պաշտենք ճշմարիտ քրիստոնեաներուն հետ։

18 Եհովան կ’ուզէ որ զինք պաշտենք ճշմարիտ քրիստոնեաներուն հետ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Մենք պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլանք։ Ժողովները առիթներ են, որ մենք իրար քաջալերենք եւ զօրացնենք։

19. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք։

19 Երբ ժողովներու երթաս, պիտի ունենաս լաւ ընկերներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ Եհովան պաշտես։ Պիտի ծանօթանաս տարբեր միջավայրերէ եկած եւ տարբեր անձնաւորութիւններ ունեցող եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք, քեզի պէս, իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ Եհովան պաշտեն։ Քեզի պէս, անոնք ալ անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն։ Ուրեմն երբ սխալին, պատրաստ եղիր իրենց ներելու (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13)։ Միշտ կեդրոնացիր իրենց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ զիրենք սիրես եւ Եհովային հետ ա՛լ աւելի մտերմանաս։

ԻՍԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

20, 21. Ի՞նչ է իսկական կեանքը։

20 Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր բարեկամները ամէնէն լաւ կեանքը ապրին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ապագային մեր կեանքը հիմակուան կեանքէն շա՜տ տարբեր պիտի ըլլայ։

Եհովան կ’ուզէ որ իր բարեկամները իսկական կեանքը վայելեն։ Դուն ալ պիտի վայելե՞ս

21 Ապագային յաւիտեա՛ն պիտի ապրինք եւ ոչ թէ միայն 70 կամ 80 տարի։ Մենք գեղեցիկ Դրախտին մէջ պիտի վայելենք կատարեալ առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։ Աստուածաշունչը այս կեանքը կը կոչէ՝ «յաւիտենական կեանք [կամ իսկական կեանք]»։ Եհովան կը խոստանայ մեզի տալ այդ իսկական կեանքը, բայց մենք պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք որ զայն ամուր ‘բռնենք’ (Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19

22. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական կեանքը ամուր ‘բռնել’։ բ) Ինչո՞ւ բնա՛ւ չենք կրնար յաւիտենական կեանքին արժանի ըլլալ։

22 Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական կեանքը ամուր ‘բռնել’։ Պէտք է ‘բարիք գործենք’ (Ա. Տիմոթէոս 6։18)։ Այսինքն՝ Աստուածաշունչէն մեր բոլոր սորվածները պէտք է գործադրենք։ Բայց որքա՛ն ալ ջանք թափենք, բնա՛ւ չենք կրնար իսկական կեանքին արժանի ըլլալ։ Անիկա Եհովային կողմէ ձրի նուէր է, որ ցոյց կու տայ իր «շնորհք»ը իր հաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ (Հռովմայեցիս 5։15)։ Մեր երկնաւոր Հայրը իրապէս կ’ուզէ այս նուէրը իր հաւատարիմ ծառաներուն տալ։

23. Ինչո՞ւ պէտք է հիմա ճիշդ որոշումներ առնես։

23 Դուն քեզի հարցուր. ‘Աստուած կը պաշտե՞մ իր ուզած կերպով’։ Եթէ տեսնես որ պէտք է որ փոփոխութիւններ ընես, շուտով ըրէ։ Երբ Եհովային վստահիս եւ ամէն բան ընես որ իրեն հնազանդիս, ան ապաւէնդ պիտի ըլլայ։ Ան իր հաւատարիմ ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ Սատանայի չար աշխարհին վերջին օրերուն ընթացքին։ Յետոյ անոնց յաւիտենական կեանք պիտի տայ Դրախտին մէջ, ինչպէս որ խոստացած է։ Այո՛, կրնա՛ս իսկական կեանքը վայելել, եթէ հիմա ճիշդ որոշումներ առնես։