Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՀԱՐՑՈՒՄ 5

Ի՞նչ ընեմ եթէ դպրոցին մէջ ինծի կը սպառնան

Ի՞նչ ընեմ եթէ դպրոցին մէջ ինծի կը սպառնան

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հակադարձած ձեւդ կա՛մ կրնայ վիճակը շտկել, կամ ալ վատթարացնել։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Թոմասը ո՛չ այսօր կ’ուզէ դպրոց երթալ, ոչ ալ վաղը։ Իրականութեան մէջ ան բնա՛ւ չ’ուզեր դպրոց երթալ։ Ինչո՞ւ։ Երեք ամիս առաջ իր դպրոցակիցները սկսան իր մասին հոս–հոն գէշ բաներ խօսիլ։ Ետքը սկսան իրեն անուն կախել։ Երբեմն անոնցմէ մէկը քալած ատեն Թոմասին կը զարնուէր, որ անոր գիրքերը ձեռքէն իյնային, յետոյ կը ձեւացնէր որ մասնաւոր չըրաւ։ Կամ, ուրիշ մը ետեւէն Թոմասը կը հրէր. եւ երբ ան ետեւ դառնար որ նայէր թէ ո՛վ էր հրողը, չէր կրնար գիտնալ։ Այս ճնշումները երէկ աւելի լուրջ դարձան, երբ համացանցին վրայ Թոմասին սպառնացին. . .

Եթէ Թոմասին տեղը ըլլայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Դուն տկար չես։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛ս քեզի սպառնացողին յաղթել առանց բռունցքդ գործածելու։ Ինչպէ՞ս։

  • ՄԻ՛ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ» (Առակաց 29։11)։ Եթէ կարելի եղածին չափ հանդարտ մնաս,– առնուազն դուրսէն,– քեզի սպառնացողները կը ձանձրանան եւ այլեւս հետդ չեն իյնար։

  • ԻՐԵՆ ՊԷՍ ՄԻ՛ ՎԱՐՈՒԻՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք» (Հռովմայեցիս 12։17)։ Եթէ վրէժ առնելու ելլես, բան մը շինելու տեղ՝ կը քանդես։

  • ԽՆԴԻՐՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ» (Առակաց 22։3)։ Կարելի եղածին չափ հեռու կեցիր խնդիրներու դուռ բացող անհատներէ եւ պարագաներէ։

  • ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ՏՈՒՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ» (Առակաց 15։1)։ Նոյնիսկ կրնաս կատակի ձեւով պատասխանել։ Օրինակ, եթէ մէկը քեզի ըսէ որ շատ գէր ես, կրնաս ըսել. «Հա՜, պէտք է քիչ մը նիհարնամ»։

  • ՀԱՆԴԱՐՏՕՐԷՆ ՀԵՌԱՑԻՐ։ 19 տարեկան Նորան կ’ըսէ. «Հանդարտօրէն հեռանալով ցոյց կու տաս որ հասուն ես եւ աւելի՛ զօրաւոր ես այն անձէն, որ քեզ կը նեղացնէ։ Նաեւ ցոյց կու տաս որ ժուժկալ ես,– յատկութիւն մը, որ քեզի սպառնացողը չունի» (Բ. Տիմոթէոս 2։24

  • ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ԵՂԻՐ։ Ընդհանրապէս սպառնացողները կրնան նկատել անոնք՝ որոնք իրենց անձին մասին ժխտական տեսակէտ ունին եւ թերեւս չեն կրնար հակադարձել։ Միւս կողմէ, անոնք ե՛տ կը քաշուին, երբ տեսնեն որ իրենց առիթ չես տար որ «վրադ հեծնեն»։

  • ՄԷԿՈՒ ՄԸ ՊԱՏՄԷ։ Նախկին ուսուցիչ մը կ’ըսէ. «Ես սպառնալիքի զոհ գացողները կը քաջալերեմ որ մէկու մը պատմեն։ Ասիկա առնուելիք ճիշդ քայլն է եւ կ’օգնէ որ ուրիշներ ալ այս գէշ վերաբերմունքին զոհը չերթան»։

Ինքնավստահութիւնը քեզի ոյժ պիտի տայ. յատկութիւն մը՝ որ քեզի սպառնացողը չունի