Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՀԱՐՑՈՒՄ 8

Ի՞նչ պէտք է գիտնամ սեռային բռնութեան մասին

Ի՞նչ պէտք է գիտնամ սեռային բռնութեան մասին

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամէն տարի միլիոնաւորներ,– գլխաւորաբար պատանիներ,– կա՛մ կը բռնաբարուին, կամ ալ սեռային ուրիշ բռնութեան մը զոհը կ’երթան։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Տղայ մը յանկարծ Անէթը գետին կը նետէ։ Անէթը կ’ըսէ. «Ամէ՛ն բան փորձեցի որ այդ տղան ինձմէ հեռացնեմ։ Սկսայ պոռալ–կանչել, բայց կարծես ձայնս չէր ելլեր։ Հրեցի, կից զարկի, բռունցքով զարկի եւ ճանկռտեցի։ Բայց ճիշդ այդ վայրկեանին ան վրաս դանակ քաշեց եւ ես տեղս գամուեցայ»։

Եթէ ասանկ պարագայի մը մէջ գտնուէիր, ինչպէ՞ս կը վարուէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Ճիշդ է որ ասանկ պարագաներու թերեւս պատրաստուած ըլլաս,– օրինակ՝ զգոյշ ըլլաս երբ գիշերը դուրսը կը քալես,– բայց գէշ բաներ կրնան պատահիլ։ «Մրցարշաւը թեթեւաշարժներուն[ը] չէ» (ԱԾ), կ’ըսէ Աստուածաշունչը, «նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ, հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն» (Ժողովող 9։11

Անէթին պէս, կարգ մը պատանիներ օտարի մը կողմէ սեռային բռնութեան զոհը կ’երթան։ Ուրիշներ ալ յարձակումի կ’ենթարկուին ծանօթի մը կամ նոյնիսկ ընտանիքի անդամի մը կողմէ։ Օրինակ, երբ Նաթալին միայն տասը տարեկան էր, ան բռնաբարուեցաւ իր տան մօտ ապրող պատանիի մը կողմէ։ Ան կ’ըսէ. «Այնքա՛ն վախցայ եւ ամչցայ որ սկիզբը մէկու մը չպատմեցի»։

ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ ԴՈՒՆ ՉԵՍ

Անէթը մինչեւ այսօր յանցաւոր կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Այդ գիշերը մտքէս չ’ելլեր։ Կը զգամ որ պէտք էր աւելի՛ ջանք թափէի որ իմ անձս պաշտպանէի։ Բայց իրականութեան մէջ երբ վիրաւորուեցայ, վախէս անդամալուծուեցայ։ Չկրցա՛յ աւելին ընել, բայց կը զգամ որ պէտք էր ընէի»։

Նաթալին ալ յանցաւոր կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Պէտք չէր չափէ դուրս օտարին վստահէի։ Ծնողքս ինծի եւ քրոջս ըսած էր որ եթէ տունէն դուրս պիտի խաղանք, միասի՛ն ըլլանք։ Բայց իրենց խօսքը մտիկ չըրի։ Անոր համար, կը զգամ որ ե՛ս դրացիին տղուն առիթ տուի որ ինծի վնաս հասցնէ։ Եղածը ընտանիքիս խոր ցաւ պատճառեց, եւ կը զգամ որ ե՛ս եմ ատոր պատճառը։ Ամէնէն շատ ատոր համար կը նեղուիմ»։

Եթէ Անէթին եւ Նաթալիին պէս բռնաբարութեան զոհը գացած ես, գիտցիր որ անիկա ուզելովդ չէր։ Ոմանք այս հարցը թեթեւի կ’առնեն, ըսելով որ բռնաբարուած անհա՛տը դիմացինին առիթ տուաւ։ Բայց մէ՛կը չ’ուզեր բռնաբարուիլ։ Եթէ այս գարշելի վարքին զոհը գացած ես, յանցաւորը դուն չես։

Անշուշտ շատ դիւրին է կարդալ «յանցաւորը դուն չես» արտայայտութիւնը, բայց շատ դժուար է ընդունիլ որ իրապէ՛ս յանցաւոր չես։ Ոմանք եղածին մասին չեն խօսիր եւ հետեւաբար կը տանջուին յանցաւորութեան զգացումէ եւ ուրիշ ժխտական զգացումներէ։ Բայց լուռ մնալով, որո՞ւն օգնած կ’ըլլաս. դուն քեզի՞ կամ վրադ յարձակողին։ Լուռ մնալը քեզի պիտի չօգտէ։

ՊԱՏԱՀԱԾԻՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԷ

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ երբ արդար Յոբ հոգեպէս շատ գէշ վիճակի մէջ էր, ըսաւ. «Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ» (Յոբ 10։1)։ Եթէ իրեն պէս վարուիս, կրնաս օգտուիլ։ Վստահելի անձի մը հետ խօսիլը կրնայ քեզի օգնել, որ եղածին հետ հաշտուիս եւ հոգեկանդ փոխես։

Զգացումներդ կրնան այնքա՛ն ծանր ըլլալ, որ մինակդ չես կրնար շալկել։ Սիրտդ վստահելի անձի մը բաց

Անէթը այս մէկը մորթին վրայ զգաց։ Ան կ’ըսէ. «Խօսեցայ մտերիմ ընկերուհիիս հետ. եւ ան ինծի ըսաւ որ ժողովքիս երէցներուն հետ խօսիմ։ Շատ ուրախ եմ որ այդ քայլը առի։ Անոնք քանի մը անգամ հետս նստեցան եւ ինծի ըսին այն ինչ որ պէտք ունէի լսելու,– թէ ես յանցաւոր չէի։ Այն ինչ որ եղաւ բնաւ իմ յանցանքս չէր»։

Իսկ Նաթալին իր ծնողքին հետ խօսեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք ինծի թիկունք կանգնեցան եւ քաջալերեցին որ եղածին մասին խօսիմ. ինչ որ ինծի օգնեց որ շատ չնեղուիմ եւ ջղային չըլլամ»։

Աղօթելն ալ Նաթալին մխիթարեց։ Ան կ’ըսէ. «Աստուծոյ հետ խօսիլը ինծի օգնեց, մանաւանդ ա՛յն պահերուն՝ երբ կը զգայի որ մարդ արարածի մը չեմ կրնար սիրտս բանալ։ Աղօթած ատեն ազատօրէն կ’արտայայտուիմ. ինչ որ ինծի խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն կու տայ»։

Գիտցիր որ «բժշկ[ու]ելու ժամանակ կայ» (Ժողովող 3։3)։ Մարմնիդ լաւ հոգ տար եւ ջանա՛ միտքդ դրական բաներու վրայ կեդրոնացած պահել։ Նաեւ բաւարար չափով հանգիստ ըրէ։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, ապաւինէ Եհովային, որ մխիթարութեան Աստուածն է (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

ԵԹԷ ՏԱՐԻՔԴ ԿԸ ՆԵՐԷ ՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԻՍ

Եթէ աղջիկ մըն ես եւ ընկերդ քեզ կը ճնշէ որ անմաքուր բան մը ընես, սխալ չէ կտրուկ կերպով ըսել. «Մի՛ ըներ» կամ «Ձեռքդ վրայէս հանէ՛»։ Սիրած տղադ կորսնցնելու գաղափարը թող քեզ չվախցնէ։ Բայց եթէ ասոր համար ան քեզ ձգէ, գիտցիր որ չ’արժեր ասանկ տղայ մը կեանքիդ մէջ պահել։ Ընդհակառակը, դուն կ’արժես տղամարդ մը, որ մարմինդ եւ սկզբունքներդ կը յարգէ։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ

«Միջնակարգ դպրոցը, տղաքը ետեւէս սութիէնս կը քաշէին եւ անկիրթ խօսքեր կ’ըսէին։ Օրինակ, կ’ըսէին որ ինչ լաւ պիտի զգամ, եթէ իրենց հետ սեքս ընեմ» (Քորէթա)։

Քու կարծիքովդ այս տղոց ըրածը ի՞նչ էր.

  1. 1. Նեղութի՞ւն տալ

  2. 2. Անլո՞ւրջ սիրախօսութիւն

  3. 3. Սեռայի՞ն նեղացում

«Պասին մէջ, տղայ մը սկսաւ շատ անկիրթ բաներ ըսել ինծի եւ իր ձեռքը վրաս դնել։ Ձեռքը վրայէս հանեցի եւ ըսի որ իր տեղը փոխէ։ Ինծի այնպէս մը նայեցաւ, որ կարծես թէ ուրիշ մոլորակէ եկած եմ» (Քէնտիս)։

Քու կարծիքովդ այս տղուն ըրածը ի՞նչ էր.

  1. 1. Նեղութի՞ւն տալ

  2. 2. Անլո՞ւրջ սիրախօսութիւն

  3. 3. Սեռայի՞ն նեղացում

«Անցեալ տարի, տղայ մը ինծի միշտ կ’ըսէր որ ինձմէ կ’ախորժէր եւ կ’ուզէր հետս ժամադրուիլ, հակառակ անոր որ պատասխանս միշտ ‘ո՛չ’ էր։ Երբեմն ան ձեռքս կը շոյէր։ Իրեն կ’ըսէի որ մէյ մըն ալ չփորձուի ատանկ բան մը ընել, բայց ան ինծի մտիկ չէր ըներ։ Անգամ մը, երբ կօշիկիս կապը կը կապէի ան ձեռք նետեց» (Պէթընի)։

Քու կարծիքովդ այս տղուն ըրածը ի՞նչ էր.

  1. 1. Նեղութի՞ւն տալ

  2. 2. Անլո՞ւրջ սիրախօսութիւն

  3. 3. Սեռայի՞ն նեղացում

Երեք հարցումներուն ճիշդ պատասխանը երրորդն է։

Երրորդ ընտրութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր է առաջին երկուքէն։

Սեռային նեղացումը մէկ կողմէն կ’ըլլայ եւ կը շարունակուի, նոյնիսկ երբ անոր զոհը գացողը դիմացինին կ’ըսէ որ դադրի այդպէս վարուելէ։

Անիկա լուրջ է եւ կրնայ սեռային բռնութեան առաջնորդել։