Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 11

Խանդավառութեամբ խօսիլ

Խանդավառութեամբ խօսիլ

Գործք 18։24, 25

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողը քաջալերել եւ օգնել որ գործի անցնի՝ խանդավառութեամբ կամ եռանդով խօսելով։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Նիւթը թող սրտիդ դպչի։ Մինչ ներկայացումդ կը պատրաստես, լաւ մտածէ տուած պատգամիդ կարեւորութեան մասին։ Նիւթդ շատ լաւ պատրաստէ, որ կարենաս սրտանց տալ։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն մասին մտածէ։ Մտածէ, որ այն ինչ որ պիտի կարդաս կամ սորվեցնես՝ ինչպէ՛ս պիտի օգտէ անոնց։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս տեղեկութիւնները փոխանցել, որ քեզի մտիկ ընողները կարենան ատոնք շա՛տ արժեւորել։

  • Ներկայացումիդ կեանք տուր։ Խանդավառութեամբ խօսէ։ Շարժուձեւերդ բնական թող ըլլան, իսկ դէմքի արտայայտութիւններդ՝ անկեղծ։