Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 17

Նիւթը հասկնալի կերպով ներկայացնել

Նիւթը հասկնալի կերպով ներկայացնել

Ա. Կորնթացիս 14։9

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողին օգնել, որ պատգամիդ իմաստը հասկնայ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Նիւթը շատ լաւ սերտէ։ Նիւթը շատ լաւ հասկցիր, որ կարենաս յստակ կերպով, պարզ ոճով եւ քու բառերովդ բացատրել։

  • Կարճ եւ պարզ նախադասութիւններ գործածէ։ Երբեմն պէտք կ’ըլլայ որ երկար նախադասութիւններով արտայայտուիս, բայց լաւ կ’ըլլայ որ գլխաւոր կէտերը կարճ նախադասութիւններով փոխանցես։

  • Անծանօթ բառերը բացատրէ։ Անծանօթ արտայայտութիւններ շատ մի՛ գործածեր։ Իսկ եթէ անծանօթ բառ մը ըսես կամ Աստուածաշունչի մէկ անձնաւորութեան մասին խօսիս կամ ալ հին սովորութիւն մը եւ կամ չափ մը նշես, բացատրութիւն տուր։