Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 19

Ջանալ սրտին հասնիլ

Ջանալ սրտին հասնիլ

Առակաց 3։1

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Քեզի մտիկ ընողին օգնել, որ սորվածը արժեւորէ եւ գործի անցնի։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Քեզի մտիկ ընողներուն օգնել, որ ինքնաքննութիւն ընեն։ Նիւթին մէջ ուղղէ այնպիսի հարցումներ, որոնք կրնան անոնց օգնել որ իրենց անձը քննեն։

  • Քեզի մտիկ ընողները քաջալերէ։ Քաջալերէ որ մտածեն թէ ինչո՛ւ լաւ բաներ կ’ընեն։ Անոնց օգնէ, որ Եհովային ու ընկեր արարածին հանդէպ սէ՛րը եւ Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածնե՛րը զիրենք մղեն բարի գործերու։ Անոնց քարոզ մի՛ տար, հապա համոզէ որ իրենց սորվածը իրենց կ’օգտէ։ Փոխանակ յանցաւոր զգացնելու, զանոնք քաջալերէ եւ օգնէ որ իրենց լաւագոյնը ընեն։

  • Ուշադրութիւնը Եհովային ուղղէ։ Աչքառու դարձուր, թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին սկզբունքները եւ պատուէրները կ’արտացոլեն Աստուծոյ յատկութիւններն ու սէրը։ Քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ, որ փափաքին Եհովան հաճեցնել։