Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 07

Եհովան ինչպիսի՞ Անձ մըն է

Եհովան ինչպիսի՞ Անձ մըն է

Միտքդ ի՞նչ կու գայ, երբ Եհովա Աստուծոյ մասին մտածես։ Արդեօք կը կարծե՞ս թէ ան շատ փառաւոր է ու քեզմէ շա՜տ հեռու է, հեռաւոր աստղախումբի մը աստղերուն պէս։ Կամ, արդեօք կ’երեւակայե՞ս թէ շա՜տ զօրաւոր է բայց անձ չէ, փոթորիկի մը պէս։ Եհովայի բնոյթը իրապէս ի՞նչ է։ Իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ, ան կը գիտցնէ իր կարգ մը յատկութիւնները եւ թէ քեզմով հետաքրքրուած է։

1. Ինչո՞ւ չենք կրնար Աստուած տեսնել

«Աստուած Հոգի է» (Յովհաննէս 4։24)։ Եհովան մարմին չունի։ Ան Հոգի է եւ կ’ապրի երկինքը, տեղ մը՝ որ չենք կրնար տեսնել։

2. Եհովայի յատկութիւններէն ոմանք ի՞նչ են

Թէեւ Եհովան չի տեսնուիր, բայց իրական Անձ մըն է, որ շատ դիւրաւ կը սիրուի իր հոյակապ յատկութիւններուն համար։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ երբեք չի լքեր իրեն հաւատարիմ մարդիկը» (Սաղմոս 37։28, ՆԹ)։ Ան նաեւ «բազմագութ ու ողորմած է», մանաւանդ անոնց հանդէպ՝ որոնք կը չարչարուին (Յակոբոս 5։11)։ «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղմոս 34։18)։ Իսկ գիտէի՞ր որ Եհովան մեր վարուելակերպէն կ’ազդուի։ Այն անձը, որ գէշ բաներ կ’ընէ, զինք կը տխրեցնէ (Սաղմոս 78։40, 41)։ Միւս կողմէ, այն անձը, որ ճիշդը կ’ընէ, զինք կ’ուրախացնէ (կարդա՛ Առակաց 27։11

3. Եհովան մեզի հանդէպ իր սէրը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ

Սէրը Եհովայի ամէնէն աչքառու յատկութիւնն է։ Իրականութեան մէջ, «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Եհովան իր սէրը կ’արտայայտէ ոչ միայն Սուրբ Գիրքին միջոցաւ, հապա նաեւ իր ստեղծած բաներուն միջոցաւ (կարդա՛ Գործք 14։16)։ Օրինակ, նկատի առ թէ ան ինչպէ՛ս մեզ ստեղծած է։ Ան մեզի կարողութիւն տուած է որ անուշիկ գոյներ տեսնենք, գեղեցիկ երաժշտութիւն լսենք եւ համով ուտելիքներ համտեսենք։ Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ ան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս հիանալի բաներ կ’ընէ։ Նաեւ տե՛ս թէ ան ինչպէ՛ս իր հոյակապ յատկութիւնները ցոյց կու տայ։

4. Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործող ուժն է

Ճիշդ ինչպէս որ բան մը ընելու համար մեր ձեռքերը կը գործածենք, Եհովան ալ իր սուրբ հոգին կը գործածէ։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ սուրբ հոգին ոչ թէ Աստուած է, հապա այն ուժն է, որ Աստուած կը գործածէ, որպէսզի բան մը ընէ։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 11։13 եւ Գործք 2։17 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Աստուած իր սուրբ հոգին ‘պիտի թափէ’ անոնց վրայ, որոնք զայն կը խնդրեն։ Ուրեմն, ի՞նչ կը կարծես։ Սուրբ հոգին Աստուա՞ծ է, թէ ոչ՝ Աստուծոյ գործող ուժն է։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Եհովան իր սուրբ հոգին կը գործածէ, որ հիանալի գործեր ընէ։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 33։6 եւ Բ. Պետրոս 1։20, 21 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան ի՞նչ կարգ մը կերպերով իր սուրբ հոգին գործածած է։

5. Եհովան գեղեցիկ անձնաւորութիւն ունի

Մովսէս տարիներէ ի վեր հաւատարմօրէն Աստուած կը պաշտէր, բայց դեռ կը զգար որ պէտք ունէր իր Ստեղծիչը աւելի լաւ ճանչնալու։ Ան Աստուծոյ ըսաւ. «Ինծի ցուցուր. . . քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ» (Ելից 33։13)։ Եհովան ալ Մովսէսին գիտցուց թէ ի՛նչ տեսակ անձնաւորութիւն ունի։ Կարդացէ՛ք Ելից 34։4-6 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եհովան իր անձնաւորութեան մասին Մովսէսին ի՞նչ բան գիտցուց։

  • Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները ամէնէն շատ սրտիդ կը խօսին։

6. Եհովան մարդոցմով հետաքրքրուած է

Աստուծոյ ժողովուրդը անցեալին, Եգիպտոսի մէջ ծառայութիւն կ’ընէր։ Եհովան ի՞նչ զգաց, երբ իր ժողովուրդին չարչարուիլը տեսաւ։ Մտի՛կ ըրէք ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ մինչ Սուրբ Գիրքը բացած էք, կամ կարդացէ՛ք Ելից 3։1-10։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Այս դէպքը քեզի ի՞նչ կ’ըսէ Եհովայի զգացումներուն մասին, երբ մարդիկ չարչարուին (տե՛ս համար 7 եւ 8

  • Կը կարծե՞ս որ Եհովան կ’ուզէ եւ կրնայ մարդոց օգնել։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

7. Բնութիւնը ցոյց կու տայ Եհովայի յատկութիւնները

Եհովան իր յատկութիւնները կը գիտցնէ իր ստեղծած բաներուն միջոցաւ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 1։20 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները կը տեսնես իր ստեղծած բաներուն մէջ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուած անձ չէ, հապա ոյժ մըն է, որ ամէն տեղ է»։

  • Քու կարծիքդ ի՞նչ է։

  • Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան Հոգի է որ չենք կրնար տեսնել եւ ունի շատ մը գեղեցիկ յատկութիւններ, մանաւանդ՝ սէր։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ չենք կրնար Եհովան տեսնել։

  • Սուրբ հոգին ի՞նչ է։

  • Եհովայի յատկութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Եհովան ա՛լ աւելի ճանչցիր, նկատի առնելով իր գլխաւոր յատկութիւններէն չորսը։

«Աստուած ի՞նչ յատկութիւններ ունի» (Դիտարան 2019–ի թիւ 1)

Տե՛ս թէ ի՛նչ փաստեր կան որ Եհովան ամէն բանի մէջ չէ։

«Աստուած ամէ՞ն տեղ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչը սուրբ հոգիին համար կ’ըսէ որ Աստուծոյ ձեռքն է։

«Ի՞նչ է սուրբ հոգին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Կոյր երիտասարդ մը չէր կրնար հաւատալ, որ Աստուած զինք կը սիրէ։ Նկատէ՛ թէ ի՛նչ բան իր միտքը փոխեց։

«Հիմա կը զգամ որ կրնա՛մ ուրիշներուն օգնել» (Դիտարան 1 հոկտեմբեր 2015)