Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 08

Կրնա՛ս Եհովայի բարեկամը ըլլալ

Կրնա՛ս Եհովայի բարեկամը ըլլալ

Եհովան կ’ուզէ որ զինք աւելի լաւ ճանչնաս։ Ինչո՞ւ։ Ան կը յուսայ որ երբ իր անձնաւորութեան, իր ճամբաներուն եւ իր նպատակին մասին աւելի գիտնաս, աւելի պիտի ուզես իր բարեկամը ըլլալ։ Իրապէս կրնա՞ս Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ (կարդա՛ Սաղմոս 25։14)։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որ իր բարեկամը ըլլաս։ Սուրբ Գիրքը այս հարցումներուն կը պատասխանէ եւ ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ Եհովայի հետ բարեկամութիւնը ամէնէն կարեւոր փոխյարաբերութիւնը կամ կապն է, որ կրնաս ունենալ։

1. Եհովան քեզի ի՞նչ հրաւէր կու տայ

«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովան քեզ կը հրաւիրէ որ իր բարեկամը ըլլաս։ Ոմանց համար դժուար է երեւակայել, որ կրնան բարեկամ ըլլալ մէկու մը հետ, որ չեն տեսներ, ալ ո՛ւր մնաց Աստուծոյ հետ։ Սակայն իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ, Եհովան կը գիտցնէ իր անձնաւորութեան մասին մեզի պէտք եղած ամէն բան, որպէսզի կարենանք իրեն մօտենալ։ Երբ Սուրբ Գիրքին մէջ կը կարդանք մեզի ուղղուած Աստուծոյ պատգամը, իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ, թէեւ զինք բնաւ չենք տեսած։

2. Ինչո՞ւ Եհովան ամենալաւ Բարեկամն է, որ կրնաս ունենալ

Ո՛չ մէկը քեզ կը սիրէ Եհովա Աստուծմէ աւելի։ Ան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս եւ իրեն դիմես որեւէ ատեն, երբ օգնութեան պէտք ունենաս։ Կրնաս ‘ամէն հոգդ անոր վրայ ձգել, վասն զի անիկա քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7)։ Եհովան միշտ պատրաստ է իր բարեկամներուն օգնելու, մտիկ ընելու եւ զիրենք մխիթարելու (կարդա՛ Սաղմոս 94։18, 19

3. Եհովան իր բարեկամներէն ի՞նչ կը սպասէ

Եհովան մարդիկը կը սիրէ, բայց «անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է» (Առակաց 3։32)։ Ան իր բարեկամներէն կը սպասէ, որ ջանք թափեն որ ընեն այն բաները, որոնք լաւ կը նկատէ, եւ չընեն այն բաները, որոնք գէշ կը նկատէ։ Ոմանք կը խորհին թէ բնա՛ւ չեն կրնար Եհովայի չափանիշներուն,– ճիշդ եւ սխալ վարուելակերպի մասին իր դրած օրէնքներուն,– համաձայն ապրիլ։ Սակայն Եհովան մե՜ծ սիրտ ունի եւ կ’ողորմի։ Ան կ’ընդունի ոեւէ անհատ, որ զինք իրապէս կը սիրէ եւ իր լաւագոյնը կ’ընէ Զինք հաճեցնելու (Սաղմոս 147։11. Գործք 10։34, 35

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Աւելի՛ գիտցիր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովայի բարեկամը ըլլալ եւ թէ ինչո՛ւ ան ամենալաւ Բարեկամն է, որ կրնաս ունենալ։

4. Աբրահամ Եհովայի բարեկամն էր

Ինչ որ Սուրբ Գիրքը կը պատմէ Աբրահամին մասին (նաեւ կը կոչուի՝ Աբրամ), մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ Աբրահամին մասին կարդացէ՛ք Ծննդոց 12։1-4–ին մէջ։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եհովան Աբրահամէն խնդրեց, որ ի՞նչ ընէ։

  • Եհովան անոր ի՞նչ խոստացաւ։

  • Աբրահամ ի՞նչ ըրաւ։

5. Եհովան իր բարեկամներէն ի՞նչ կը խնդրէ

Մենք սովորաբար մեր բարեկամներէն որոշ բաներ կը սպասենք։

  • Ինչպէ՞ս կ’ուզես որ բարեկամներդ քեզի հետ վարուին։

Կարդացէ՛ք Ա. Յովհաննէս 5։3 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան իր բարեկամներէն ի՞նչ կը սպասէ։

Եհովային հնազանդելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ մեր վարքին կամ անձնաւորութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք։ Կարդացէ՛ք Եսայի 48։17, 18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան ինչո՞ւ իր բարեկամներէն կը խնդրէ, որ կարգ մը փոփոխութիւններ ընեն։

Լաւ բարեկամը մեզի կը յիշեցնէ բաներ, որոնք կրնան մեզ պաշտպանել եւ օգտել։ Եհովան նոյնը կ’ընէ իր բարեկամներուն համար

6. Եհովան իր բարեկամներուն օգնելու համար ի՞նչ կ’ընէ

Եհովան իր բարեկամներուն կ’օգնէ, որ իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլեն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Եհովան վիտէոյին մէջի կնոջ ինչպէ՞ս օգնեց, որ իր ժխտական մտածելակերպին եւ զգացումներուն հետ գլուխ ելլէ։

Կարդացէ՛ք Եսայի 41։10, 13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եհովան կը խոստանայ ի՞նչ ընել իր բոլոր բարեկամներուն համար։

  • Քու կարծիքովդ, Եհովան կրնա՞յ լաւ Բարեկամ ըլլալ։ Ինչո՞ւ։

Մտերիմ բարեկամները քեզի կ’օգնեն, երբ պէտք ունիս։ Եհովան ալ քեզի պիտի օգնէ

7. Եհովայի բարեկամը ըլլալու համար պէտք է իրեն խօսիս եւ մտիկ ընես

Բարեկամները իրարու հետ կը մտերմանան, երբ կը խօսակցին։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 86։6, 11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային խօսիլ։

  • Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կը խօսի։

Եհովային կը խօսինք աղօթքի միջոցաւ, ան մեզի կը խօսի Սուրբ Գիրքին միջոցաւ

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուծոյ բարեկամ ըլլալը անկարելի է»։

  • Սուրբ Գիրքի ո՞ր համարը կրնաս գործածել, որպէսզի ցոյց տաս թէ կրնանք Եհովայի բարեկամը ըլլալ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան կ’ուզէ Բարեկամդ ըլլալ եւ քեզի պիտի օգնէ որ իրեն մօտենաս։

Վերաքաղ

  • Եհովան ինչպէ՞ս իր բարեկամներուն կ’օգնէ։

  • Եհովան ինչո՞ւ իր բարեկամներէն կը խնդրէ, որ փոփոխութիւններ ընեն։

  • Կը կարծե՞ս թէ շատ դժուար է Եհովայի բարեկամը ըլլալ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ կեանքիդ ազդել։

«Եհովա Աստուած ճանչնալով պիտի օգտուիս» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Նկատի առ թէ կին մը ինչո՛ւ կը զգայ, թէ Եհովայի հետ իր բարեկամութիւնը իր կեանքը փրկած է։

«Չուզեցի մեռնիլ» (Դիտարան 2017–ի թիւ 1)

Պատանիներ Եհովայի հանդէպ իրենց զգացումները կը պատմեն։ Մտիկ ըրէ թէ ի՛նչ կ’ըսեն։

Ի՞նչ ըսել է Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ (1։46)