Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 09

Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ

Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ

Ատեններ կը զգա՞ս որ ուղղութեան պէտք ունիս։ Կ’ուզե՞ս օգնութիւն ստանալ խնդիրներ լուծելու համար։ Մխիթարուելու կամ քաջալերուելու պէտք ունի՞ս։ Կ’ուզե՞ս Եհովային աւելի մօտենալ։ Աղօթքը կրնայ քեզի օգնել։ Բայց աղօթելու ճիշդ կերպը ի՞նչ է։ Աստուած բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ։ Ի՞նչ կրնաս ընել որ ան քու աղօթքներդ լսէ։ Տեսնե՛նք։

1. Որո՞ւն պէտք է աղօթենք եւ ի՞նչ բանի մասին կրնանք աղօթել

Յիսուս սորվեցուց որ պէտք է միայն մեր երկնաւոր Հօր աղօթենք։ Յիսուս ի՛նք Եհովային աղօթեց։ Ան ըսաւ. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես. . . ’» (Մատթէոս 6։9)։ Եհովային աղօթելով՝ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրացնենք։

Երբ կ’աղօթենք, կրնանք խնդրել որեւէ բան, որ Աստուծոյ կամքին համաձայն է։ Այդ պարագային, ան կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք [Աստուծոյ] կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհաննէս 5։14)։ Յիսուս օրինակ տուաւ, թէ ի՛նչ բաներ կրնանք խնդրել (կարդա՛ Մատթէոս 6։9-13)։ Անձնական հարցերու մասին աղօթելէ զատ, պէտք չէ մոռնանք Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու իր ըրած բաներուն համար եւ իրմէ խնդրելու որ ուրիշներուն օգնէ։

2. Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք

Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ ‘Աստուծոյ առջեւ մեր սրտերը բանանք’ (Սաղմոս 62։8)։ Ուրեմն, մեր աղօթքները պէտք է անկեղծ ու սրտանց ըլլան։ Որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ, կրնանք աղօթել մեր սրտին մէջ կամ բարձրաձայն։ Եհովան չի պահանջեր որ ծունկի գանք, նստինք կամ ոտքի կենանք, երբ կ’աղօթենք։ Ամենակարեւոր բանն է, որ իրեն հանդէպ յարգանք ցոյց տանք։

3. Աստուած ինչպէ՞ս մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ

Ան տարբեր կերպերով կը պատասխանէ։ Եհովան մեզի տուած է Սուրբ Գիրքը, որուն մէջ շատ անգամ մեր հարցումներուն պատասխանները կրնանք գտնել։ Աստուծոյ Խօսքը «տգէտը իմաստուն կ’ընէ» (Սաղմոս 19։7. կարդա՛ Յակոբոս 1։5)։ Աստուած կրնայ մեզի մտքի խաղաղութիւն տալ, երբ նեղութիւններ կ’ունենանք։ Եւ կրնայ իր ծառաներուն մէջ փափաք դնել որ մեզի օգնեն, երբ օգնութեան պէտք ունինք։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս սրտանց աղօթել՝ Աստուծոյ ընդունելի կամ հաճելի կերպով, եւ նկատէ թէ աղօթքը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգտել։

4. Աստուած աղօթքի նկատմամբ մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ

Ի՞նչ բաներ մեր աղօթքները Աստուծոյ ընդունելի կը դարձնեն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Եհովան կ’ուզէ որ իրեն աղօթենք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 65։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, «աղօթքի լսող»ը կ’ուզէ՞ որ դուն իրեն աղօթես։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր աղօթքները լսէ, պէտք է ջանանք իր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Կարդացէ՛ք Միքիա 3։4 եւ Ա. Պետրոս 3։12 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ կրնանք ընել, որ Եհովան մեր աղօթքները լսէ։

Պատերազմի ընթացքին, երկու կողմերը թերեւս աղօթեն, որ Աստուած իրենց օգնէ որ յաղթեն։ Տրամաբանակա՞ն է Աստուծմէ սպասել, որ այս աղօթքներուն պատասխանէ

5. Պէտք է սրտանց աղօթենք

Ոմանց ըսուած է որ որոշ աղօթքներ գոց սորվին եւ բառ առ բառ կրկնեն։ Կամ սորված են աղօթել լեզուով մը, որ լաւ չեն հասկնար։ Բայց Աստուած այսպէ՞ս կ’ուզէ որ իրեն աղօթենք։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 6։7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ կրնաս ընել որ աղօթքներուդ մէջ միշտ նոյն բաները չկրկնես։

Ամէն օր մտածէ լաւ բանի մը մասին որ կեանքիդ մէջ ունիս եւ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ անոր համար։ Եթէ ասիկա մէկ շաբաթ ընես, պիտի տեսնես որ եօթը տարբեր նիւթերու մասին աղօթեցիր առանց բան մը նորէն կրկնելու։

Լաւ հայր մը կ’ուզէ որ իր զաւակը իրեն ըսէ, թէ իրապէս ի՛նչ կը զգայ։ Նոյնպէս, Եհովան կ’ուզէ որ իրեն աղօթենք մեր սրտէն

6. Աղօթքը Աստուծոյ կողմէ նուէր է

Աղօթքը ինչպէ՞ս մեզ կը զօրացնէ թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ ժամանակներուն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ, թէ աղօթքը կրնայ իսկական մտքի խաղաղութիւն տալ։ Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 4։6, 7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Թէեւ աղօթքը միշտ չէ որ խնդիրը մէջտեղէն կը վերցնէ, բայց ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

  • Ի՞նչ կարգ մը բաներու մասին կ’ուզես աղօթել։

Գիտէի՞ր

«Ամէն» բառը կը նշանակէ՝ «այնպէ՛ս ըլլայ» կամ «իսկապէս»։ Հին ժամանակներէն ի վեր, «ամէն» կ’ըսուի աղօթքներու վերջաւորութեան (Ա. Մնացորդաց 16։36

7. Աղօթելու ժամանակ տուր

Ատեններ այնքա՛ն զբաղած կ’ըլլանք որ կը մոռնանք աղօթել։ Յիսուսի համար, աղօթելը որքա՞ն կարեւոր էր։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 14։23 եւ Մարկոս 1։35 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուս ի՞նչ ըրաւ որ աղօթելու ժամանակ ունենայ։

  • Դուն ե՞րբ կրնաս աղօթել։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աղօթելը օգուտ մը չունի։ Աստուած բնա՛ւ աղօթքներուս չի պատասխաներ»։

  • Այդպիսի անհատի մը ի՞նչ կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Անկեղծ աղօթքները մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնեն, մեզի մտքի խաղաղութիւն կու տան եւ պէտք եղած ուժը կու տան որ զինք հաճեցնենք։

Վերաքաղ

  • Որո՞ւն պէտք է աղօթենք։

  • Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք։

  • Աղօթքին կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ աղօթքի մասին այն հարցումներուն պատասխանները, որոնք մարդիկ շատ անգամ կը հարցնեն։

«Աղօթքի մասին եօթը բաներ՝ զորս պէտք է գիտնաս» (Դիտարան 1 նոյեմբեր 2010)

Նկատի առ աղօթելու կարեւոր պատճառները եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս աղօթքներդ բարելաւել։

«Ինչո՞ւ պէտք է աղօթեմ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ Աստուածաշունչին համաձայն, որո՛ւն պէտք է աղօթենք։

«Պէ՞տք է սուրբերու աղօթեմ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Այս երաժշտական վիտէոն դիտելով, նկատէ՛ թէ արդեօք տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ո՛ւր կամ ե՛րբ կ’աղօթենք։

Ամէն ատեն աղօթէ (1։22)