Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 13

Սուտ կրօնքները ինչպէ՞ս մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնեն

Սուտ կրօնքները ինչպէ՞ս մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնեն

Աստուած սէր է։ Բայց կրօնքները, որոնք կ’ըսեն թէ Աստուծոյ անունով կը խօսին եւ կը գործեն, շա՜տ գէշ բաներ ըրած են։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ։ Մէկ խօսքով, այս կրօնքները սուտ են։ Իրենց ըսածները եւ ըրածները Աստուծոյ մասին սխալ գաղափար կու տան։ Անոնք ինչպէ՞ս մարդիկը Աստուծմէ հեռացուցած են։ Աստուած ասիկա տեսնելով ի՞նչ կը զգայ։ Եւ ատոր նկատմամբ ի՞նչ պիտի ընէ։

1. Սուտ կրօնքները ինչպէ՞ս մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնեն իրենց ուսուցումներով

Սուտ կրօնքները ‘Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխած են’ (Հռովմայեցիս 1։25)։ Օրինակ, կրօնքներուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ անունը չեն սորվեցուցած իրենց հետեւորդներուն, բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուծոյ անունը պէ՛տք է գործածուի (Հռովմայեցիս 10։13, 14)։ Երբ շատ գէշ բան մը պատահի, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կ’ըսեն, թէ պատահածը Աստուծոյ կամքն է։ Բայց ասիկա սուտ է։ Չար բաները բնա՛ւ Աստուծմէ չեն գար (կարդա՛ Յակոբոս 1։13)։ Ցաւալին այն է, որ կրօնական սուտերը մարդիկը Աստուծմէ հեռացուցած են։

2. Սուտ կրօնքները ինչպէ՞ս մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնեն իրենց ըրածներով

Սուտ կրօնքները մարդոց հետ չեն վարուիր ինչպէս Եհովան կը վարուի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ սուտ կրօնքներուն ‘մեղքերը մինչեւ երկինք հասած են’ (Յայտնութիւն 18։5)։ Հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, կրօնքները քաղաքական հարցերու խառնուած են, պատերազմներու մէջ դեր ունեցած են եւ պատճառ եղած են կամ համաձայնած են, որ մեծ թիւով մարդիկ մեռցուին։ Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ իրենց հետեւորդներուն հաշւոյն մեծահարուստի կեանք կ’ապրին։ Իրենց այս ըրածներէն յայտնի կ’ըլլայ, որ նոյնիսկ Աստուած չեն ճանչնար. ուրեմն իրաւունք չունին զինք ներկայացնելու (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։8

3. Աստուած սուտ կրօնքներուն հանդէպ ի՞նչ կը զգայ

Եթէ դո՛ւն կը ջղայնանաս սուտ կրօնքներուն ըրածներէն, քու կարծիքովդ՝ Եհովա՛ն ի՞նչ կը զգայ։ Ան մարդիկը կը սիրէ, բայց բարկացած է կրօնական առաջնորդներուն դէմ, որոնք իր մասին սուտեր կը սորվեցնեն եւ իրենց հետեւորդներուն հետ գէշ կերպով կը վարուին։ Ան կը խոստանայ, որ սուտ կրօնքները մէջտեղէն պիտի վերցուին եւ ‘ա՛լ պիտի չգտնուին’ (Յայտնութիւն 18։21)։ Մօտ ատենէն, Աստուած վերջ պիտի դնէ բոլոր սուտ կրօնքներուն (Յայտնութիւն 18։8

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Աւելի նկատի առ թէ Աստուած սուտ կրօնքներուն նկատմամբ ի՛նչ կը զգայ։ Տե՛ս թէ ատոնք ուրիշ ի՛նչ բաներ ըրած են, բայց նաեւ տե՛ս թէ իրենց ըրածները ինչո՛ւ պէտք չէ արգելք ըլլան, որ Եհովան ճանչնաս։

4. Աստուած ամէն կրօնք չ’ընդունիր

Շատեր կրօնքները կը նմանցնեն տարբեր ճամբաներու, որոնք բոլորն ալ Աստուծոյ կը տանին։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 7։13, 14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ այն ճամբուն մասին, որ դէպի կեանք կը տանի։

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՞ որ Աստուած շատ կրօնքներ կ’ընդունի։

5. Սուտ կրօնքները Աստուծոյ սէրը չեն ընդօրինակեր

Կրօնքները սխալ գաղափար տուած են Աստուծոյ մասին։ Անոնք պատերազմներու մէջ դեր ունեցած են, եւ ասիկա յայտնի բան մըն է։ Օրինակ մը տեսնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Շատ մը եկեղեցիներ ի՞նչ դեր ունեցան Համաշխարհային Բ. պատերազմին ատեն։

  • Ի՞նչ է կարծիքդ անոնց կեցուածքին մասին։

Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 13։34, 35 եւ 17։16։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ կրօնքներ պատերազմի հետ կապ կ’ունենան։

  • Սուտ կրօնքները շատ մը գէշ բաներու պատճառ եղած են։ Ըստ քեզի, կրօնքները ի՞նչ կերպերով Աստուծոյ սէրը չեն ընդօրինակած։

Սուտ կրօնքները Աստուծոյ սէրը չեն ընդօրինակած

6. Աստուած կ’ուզէ մարդիկը սուտ կրօնքներէ ազատել

Կարդացէ՛ք Յայտնութիւն 18։4 a եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ կը զգաս տեսնելով, թէ Աստուած կ’ուզէ ազատել այն անհատները, որոնք սուտ կրօնքներու կողմէ խաբուած են։

7. Շարունակէ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին սորվիլ

Արդեօք սուտ կրօնքներուն ըսածներն ու ըրածները պէ՞տք է Աստուծոյ մասին կարծիքիդ ազդեն։ Երեւակայէ որ տղայ մը իր հօր տուած իմաստուն խրատը կը մերժէ։ Տղան տունը կը ձգէ եւ կը սկսի անվայել կեանք ապրիլ։ Հայրը իր տղուն ըրածները չ’ընդունիր։ Ինչո՞ւ արդար չէ հայրը այպանել իր անհնազանդ տղուն ապրելակերպին համար։

  • Արդար պիտի ըլլա՞յ, եթէ մէկը սուտ կրօնքներուն ըրածներուն երեսէն Եհովան այպանէ եւ իր մասին սորվելէ ետ կենայ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուծմով չեմ հետաքրքրուած, քանի որ կրօնք ըսուածը շատ խնդիրներու դուռ բացած է»։

  • Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։

  • Եհովայի մասին մեր կարծիքը ինչո՞ւ պէտք չէ ազդուի սուտ կրօնքներուն ըրածներէն։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սուտ կրօնքները մարդիկը Աստուծմէ հեռացուցած են իրենց սուտ ուսուցումներով եւ իրենց ըրած գէշ բաներով։ Աստուած սուտ կրօնքները մէջտեղէն պիտի վերցնէ։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ է կարծիքդ սուտ կրօնքներուն ըսածներուն եւ ըրածներուն մասին։

  • Եհովան ի՞նչ կը զգայ սուտ կրօնքներուն նկատմամբ։

  • Աստուած սուտ կրօնքներուն ի՞նչ պիտի ընէ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ ի՛նչ երկու կերպերով կրօնքներուն մեծամասնութիւնը Աստուած չի հաճեցներ։

«Բոլո՞ր կրօնքները Աստուծոյ կ’առաջնորդեն» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ, որ ուրիշներու հետ զինք պաշտենք։

«Պէ՞տք է կազմակերպուած կրօնքի պատկանիմ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Քահանայ մը իր կրօնքէն գոհ չէր։ Բայց ասիկա արգելք չեղաւ որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվի։

«Ինչո՛ւ քահանայ մը իր եկեղեցին ձգեց» (Զարթի՛ր փետրուար 2015, արաբ.)

Կրօնքները իրենց սուտերով այն գաղափարը տուած են, թէ Աստուած կարծրասիրտ է։ Գիտցիր այդ սուտերէն երեքին մասին ճշմարտութիւնը։

«Սուտ ուսուցումներ՝ որոնք մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնեն» (Դիտարան 1 նոյեմբեր 2013)

a Գիտնալու համար, թէ ինչո՛ւ Յայտնութիւն գիրքը սուտ կրօնքներուն համար կ’ըսէ, թէ Մեծ Բաբելոն անունով կին մըն են, տե՛ս Բացատրութիւն 1։