Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 15

Ո՞վ է Յիսուս

Ո՞վ է Յիսուս

Յիսուս պատմութեան մէջ ամէնէն հռչակաւոր անձերէն մէկն է, բայց շատեր իր անունէն զատ շատ բան չեն գիտեր իր մասին։ Եւ շատեր տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին, թէ ան իրապէս ո՛վ է։ Սուրբ Գիրքը Յիսուսի մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

1. Ո՞վ է Յիսուս

Յիսուս զօրաւոր հոգեղէն անձ մըն է, որ երկինքը կ’ապրի։ Ան Եհովա Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ ամէն բանէ առաջ։ Անոր համար, ան կը կոչուի «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» (Կողոսացիս 1։15)։ Սուրբ Գիրքը Յիսուսին համար կ’ըսէ, որ Աստուծոյ «միածին Որդին» է, քանի որ Եհովան միայն զինք ուղղակիօրէն ստեղծեց (Յովհաննէս 3։16)։ Յիսուս իր Հօր հետ մօտէն աշխատեցաւ, Իրեն օգնելով որ միւս բոլոր բաները ստեղծէ (կարդա՛ Առակաց 8։30)։ Յիսուս կը շարունակէ Եհովային հետ մտերմութիւն վայելել։ Ան հաւատարմօրէն կը ծառայէ որպէս Աստուծոյ «Բան»ը, այսինքն՝ Աստուծոյ պատգամները եւ ուղղութիւնները կը փոխանցէ (Յովհաննէս 1։14

2. Յիսուս ինչո՞ւ երկիր եկաւ

Շուրջ 2000 տարի առաջ, Եհովան իր սուրբ հոգին գործածեց, որպէսզի Յիսուսին կեանքը հրաշքով փոխադրէ երկինքէն Մարիամ անունով կոյսի մը արգանդը։ Այսպէս, Յիսուս ծնաւ որպէս մարդ (կարդա՛ Ղուկաս 1։34, 35)։ Յիսուս երկիր եկաւ, որպէսզի ըլլայ խոստացուած Մեսիան, կամ՝ Քրիստոսը, եւ մարդկութիւնը փրկէ a։ Ամէն բան որ Եհովան սկիզբէն Սուրբ Գիրքին մէջ ըսած էր Մեսիային մասին, Յիսուսով կատարուեցաւ։ Ասիկա մարդոց օգնեց, որ գիտնան թէ Յիսուսն էր «Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս 16։16

3. Յիսուս հիմա ո՞ւր է

Երբ Յիսուսի մարդկային կեանքը վերջ գտաւ, ան յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն անձ եւ վերադարձաւ երկինք։ Երկինքին մէջ, ‘Աստուած զինք խիստ բարձրացուց’ (Փիլիպպեցիս 2։9)։ Հիմա Յիսուս շա՛տ զօրաւոր հոգեղէն անձ մըն է, եւ միայն Եհովան իրմէ աւելի զօրաւոր է։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Սորվէ՛ աւելի, թէ Յիսուս իրապէս ո՛վ է, եւ թէ ինչո՛ւ իր մասին գիտնալը շատ կարեւոր է։

4. Յիսուս Ամենակարող Աստուածը չէ

Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, որ թէեւ Յիսուս զօրաւոր հոգեղէն անձ մըն է երկինքին մէջ, բայց իր Աստուծոյն եւ Հօր՝ Եհովային, կը հնազանդի։ Ինչո՞ւ այդպէս կրնանք ըսել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ ըստ Սուրբ Գիրքին, Յիսուս ինչո՛վ տարբեր է Ամենակարող Աստուծմէն։

Հետեւեալ համարները մեզի կ’օգնեն, որ հասկնանք Եհովայի եւ Յիսուսի միջեւ եղած կապը։ Կարդացէ՛ք համարները եւ քննարկեցէ՛ք հարցումները։

Կարդացէ՛ք Ղուկաս 1։30-32։

  • Հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ Եհովա Աստուծոյ՝ «Բարձրեալ»ին, եւ Յիսուսի միջեւ եղած կապին մասին։

Կարդացէ՛ք Մատթէոս 3։16, 17։

  • Յիսուսի մկրտութեան ատեն, երկինքէն եկած ձայնը ի՞նչ ըսաւ։

  • Քու կարծիքովդ, ատիկա որո՞ւն ձայնն էր։

Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 14։28։

  • Ո՞վ տարիքով աւելի մեծ է եւ աւելի իշխանութիւն ունի. հա՞յրը, թէ ոչ՝ իր տղան։

  • Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Եհովան իր Հայրը կոչեց։

Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 12։49։

  • Յիսուս կը կարծէ՞ թէ ինք ու իր Հայրը նոյն անձն են։ Քու կարծիքդ ի՞նչ է։

5. Յիսուս իրապէս Մեսիան էր

Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած են շատ մը մարգարէութիւններ, որոնք մարդոց պիտի օգնէին, որ գիտնային թէ ո՛վ է Մեսիան, այսինքն՝ այն անձը, որ Աստուած ընտրեց մարդկութիւնը փրկելու համար։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ գաղափար մը առնելու համար կարգ մը մարգարէութիւններու մասին, որոնք Յիսուս կատարեց, երբ երկիր եկաւ։

Կարդացէ՛ք այս մարգարէութիւնները եւ քննարկեցէ՛ք հարցումները.

Կարդացէ՛ք Միքիա 5։2 գիտնալու համար թէ Մեսիան ո՛ւր պիտի ծնէր b։

  • Յիսուսի ծնունդը այս մարգարէութիւնը կատարե՞ց (Մատթէոս 2։1

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 34։20 եւ Զաքարիա 12։10, գիտնալու համար թէ ի՛նչ մարգարէացուած էր Մեսիային մահուան մասին։

  • Այս մարգարէութիւնները կատարուեցա՞ն (Յովհաննէս 19։33-37

  • Կը կարծե՞ս որ Յիսուս կրնար բան մը ընել, որ ատոնք կատարուին։

  • Քու կարծիքովդ, ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ Յիսուսին մասին։

6. Յիսուսի մասին սորվելով կ’օգտուինք

Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ շատ կարեւոր է սորվիլ Յիսուսին եւ անոր դերին մասին։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 14։6 եւ 17։3 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ Յիսուսի մասին սորվինք։

Յիսուս ճամբան բացաւ որ Աստուծոյ բարեկամը ըլլանք։ Ան Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը սորվեցուց եւ իր միջոցաւ կրնանք յաւիտենական կեանք ունենալ

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Եհովայի վկաները Յիսուսին չեն հաւատար»։

  • Ի՞նչ կը պատասխանես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Յիսուս զօրաւոր հոգեղէն անձ մըն է։ Ան Աստուծոյ Որդին է եւ Մեսիան է։

Վերաքաղ

  • Յիսուս ինչո՞ւ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» կը կոչուի։

  • Երկիր գալէ առաջ, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։

  • Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Յիսուս Մեսիան է։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, որ Յիսուս Մեսիան է։

«Մարգարէութիւնները կը փաստե՞ն որ Յիսուս Մեսիան էր» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ՞, որ Աստուած Յիսուսին Հայրը եղաւ այն նոյն կերպով, որ մարդ արարածը զաւակներ կ’ունենայ։

«Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդին կը կոչուի» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ փաստեր, թէ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ Երրորդութիւնը։

«Յիսուս Աստուա՞ծ է» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կնոջ մը կեանքը փոխուեցաւ, երբ սերտեց թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Յիսուսին մասին։

«Հրեայ կին մը կը բացատրէ որ ինչո՛ւ իր հաւատքը աչքէ անցուց» (Զարթի՛ր մայիս 2013, արաբ.)

a Դաս 26 եւ Դաս 27 պիտի բացատրեն, թէ մարդկութիւնը ինչո՛ւ պէտք ունի փրկուելու եւ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս մեզ կը փրկէ։

b Տե՛ս Բացատրութիւն 2, որ կը խօսի մարգարէութեան մը մասին, թէ Մեսիան ճիշդ ե՛րբ պիտի գար։