Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 16

Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ երկրի վրայ էր

Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ երկրի վրայ էր

Շատեր երբ Յիսուսին մասին կը մտածեն, իրենց միտքը կու գայ նորածին մանուկ մը, իմաստուն մարգարէ մը կամ մեռնելու վրայ եղող մարդ մը։ Բայց կրնանք իր մասին աւելի գիտնալ, նկատի առնելով երկրի վրայ իր կեանքը։ Այս դասին մէջ պիտի տեսնենք Յիսուսի ըրած ամէնէն կարեւոր բաներէն ոմանք եւ թէ ատոնք գիտնալը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել։

1. Յիսուսի բուն գործը ի՞նչ էր

Յիսուսի բուն գործն էր՝ ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզել’ (կարդա՛ Ղուկաս 4։44)։ Ան քարոզեց այն բարի լուրը, թէ Աստուած պիտի հաստատէր թագաւորութիւն մը, կամ կառավարութիւն մը, որ մարդկութեան բոլոր խնդիրները պիտի լուծէր a։ Յիսուս երեքուկէս տարի շատ ջանք թափեց, որ այս ուրախ լուրը մարդոց պատմէ (Մատթէոս 9։35

2. Յիսուս ինչո՞ւ հրաշքներ ըրաւ

Սուրբ Գիրքը կը յիշէ շատ մը ‘զօրութիւններ ու հրաշքներ եւ նշաններ, որոնք Աստուած Յիսուսի ձեռքով ըրաւ’ (Գործք 2։22)։ Աստուծոյ զօրութեամբ, Յիսուս կրցաւ փոթորիկ մը հանդարտեցնել, հազարաւորներ կերակրել, հիւանդներ բժշկել եւ նոյնիսկ մեռելներ ետ կեանքի բերել (Մատթէոս 8։23-27. 14։15-21. Մարկոս 6։56. Ղուկաս 7։11-17)։ Յիսուսի ըրած հրաշքները յայտնի ըրին, որ Աստուա՛ծ զինք ղրկած էր։ Անոնք նաեւ ցոյց տուին, որ Եհովան զօրութիւնը ունի մեր բոլոր խնդիրները լուծելու։

3. Յիսուսի ապրելակերպէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

Յիսուս Եհովային հնազանդեցաւ ամէն պարագայի (կարդա՛ Յովհաննէս 8։29)։ Ան ըրաւ ամէն բան, որ իր Հայրը իրմէ խնդրեց որ ընէ։ Ան ասիկա ըրաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, թէեւ շատեր իրեն հակառակեցան։ Ան փաստեց որ մարդիկ կրնա՛ն Աստուծոյ ծառայել, նոյնիսկ դժուար պայմաններու տակ։ Այսպէս, Յիսուս ‘օրինակ թողուց մեզի՝ որպէսզի հետեւինք իր հետքերուն’ (Ա. Պետրոս 2։21ԱԾ

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ Յիսուս ինչպէ՛ս բարի լուրը քարոզեց եւ հրաշքներ ըրաւ։

4. Յիսուս բարի լուրը քարոզեց

Յիսուս հարիւրաւոր քիլոմեթրներ քալեց փոշոտ ճամբաներու վրայ, բարի լուրը հասցնելով կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 8։1 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուս քարոզեց միա՞յն անոնց, որոնք իր քով կու գային։

  • Յիսուս մարդիկը գտնելու համար ի՞նչ ջանք թափեց։

Աստուած առաջուընէ ըսած էր, որ Մեսիան բարի լուրը պիտի քարոզէր։ Կարդացէ՛ք Եսայի 61։1, 2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուս ինչպէ՞ս կատարեց այս մարգարէութիւնը։

  • Կը կարծե՞ս որ այսօր մարդիկ պէտք ունին բարի լուրը լսելու։

5. Յիսուս արժէքաւոր ճշմարտութիւններ սորվեցուց

Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը քարոզելէ զատ, Յիսուս գործնական դասեր սորվեցուց։ Նկատի առ իր հռչակաւոր Լերան քարոզէն քանի մը օրինակներ։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 6։14, 34 եւ 7։12 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուս այս համարներուն մէջ ի՞նչ գործնական խրատներ տուաւ։

  • Կը կարծե՞ս թէ այս խրատները տակաւին օգտակար են։

6. Յիսուս հրաշքներ ըրաւ

Եհովան Յիսուսին կարողութիւն տուաւ, որ շատ մը հրաշքներ ընէ։ Օրինակ մը տեսնելու համար, կարդացէ՛ք Մարկոս 5։25-34 կամ դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, հիւանդ կինը ի՞նչ բանի համոզուած էր։

  • Այս հրաշքին նկատմամբ ի՞նչ բան ուշադրութիւնդ կը գրաւէ։

Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 5։36 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Յիսուսի հրաշքները իր մասին ի՞նչ ‘վկայեցին’, կամ փաստեցին։

Գիտէի՞ր

Գրեթէ ամէն ինչ որ գիտենք Յիսուսին մասին, յիշուած է Սուրբ Գիրքի չորս Աւետարաններուն մէջ՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս։ Ամէն մէկ գրող Յիսուսի մասին տարբեր մանրամասնութիւններ տուաւ։ Երբ այս չորս գիրքերն ալ կը կարդանք, շա՜տ աղուոր գաղափար մը կ’ունենանք իր կեանքին մասին։

  • ՄԱՏԹԷՈՍ

    միւսներէն առաջ իր Աւետարանը գրեց։ Անիկա կը կեդրոնանայ Յիսուսի սորվեցուցածներուն վրայ, մանաւանդ՝ ինչ որ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։

  • ՄԱՐԿՈՍ

    ամէնէն կարճ Աւետարանը գրեց։ Անիկա ետեւ–ետեւի կը պատմէ հետաքրքրական դէպքեր։

  • ՂՈՒԿԱՍ

    յատկապէս կը խօսի աղօթքին մասին եւ թէ Յիսուս կիներուն հետ ինչպէ՛ս վարուեցաւ։

  • ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ

    կը պատմէ թէ Յիսուս ի՛նչ խօսակցութիւններ ունեցաւ իր մտերիմ բարեկամներուն եւ ուրիշներու հետ, ինչ որ մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ Յիսուս ինչպիսի՛ անձ մըն էր։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Յիսուս շատ խելացի մարդ մըն էր։ Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս»։

  • Քու կարծիքդ ի՞նչ է։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզեց, հրաշքներ ըրաւ եւ միշտ Եհովային հնազանդեցաւ։

Վերաքաղ

  • Երկրի վրայ Յիսուսի բուն գործը ի՞նչ էր։

  • Յիսուսի ըրած հրաշքները ի՞նչ կը փաստեն։

  • Յիսուս ի՞նչ գործնական դասեր սորվեցուց։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կրնանք հաւատալ, որ Յիսուսի հրաշքները իրապէս կատարուեցան։

«Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Կարդա՛ թէ մարդ մը ինչպէ՛ս իր կեանքը փոխեց, երբ գիտցաւ թէ Յիսուս որքա՜ն անձնազոհ էր։

«Եսասէր կեանք մը կը վարէի» (Դիտարան 1 հոկտեմբեր 2014)

Տե՛ս ժամանակի կարգով այն կարեւոր բաները, որ Յիսուս ըրաւ երկրի վրայ։

«Յիսուսի երկրային կեանքին գլխաւոր դէպքերը» (Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց, մաս 4Բ)

a Դաս 31-33 աւելի մանրամասնութեամբ պիտի խօսին Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։