Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 17

Յիսուս ինչպիսի՞ անձ մըն է

Յիսուս ինչպիսի՞ անձ մըն է

Երբ կը գիտնանք, թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ ու ըրաւ երկրի վրայ, կը նկատենք յատկութիւններ, որոնք մեզ կը մօտեցնեն իրեն եւ իր Հօր՝ Եհովային։ Ի՞նչ են այդ գեղեցիկ յատկութիւններէն ոմանք։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել մեր կեանքին մէջ։

1. Յիսուս ի՞նչ կերպերով իր Հօր պէս է

Երկինքին մէջ, Յիսուս միլիառաւոր տարիներ իր սիրալիր Հայրը դիտած է եւ իրմէ սորված է։ Անոր համար, Եհովային պէս կը մտածէ, կը զգայ եւ կը վարուի (կարդա՛ Յովհաննէս 5։19)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր Հօր յատկութիւնները այնքա՛ն լաւ կ’ընդօրինակէ, որ ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհաննէս 14։9)։ Երբ Յիսուսի անձնաւորութեան մասին գիտնաս, պիտի սկսիս Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ։ Օրինակ, Յիսուս մարդոց հետ կը զգար, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Եհովա՛ն քեզի հետ կը զգայ։

2. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուած է որ Եհովան կը սիրէ

Յիսուս ըսաւ. «Ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ» (Յովհաննէս 14։31, ՆԹ)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր Հօր հանդէպ իր խոր սէրը ցոյց տուաւ՝ իրեն հնազանդելով, նոյնիսկ երբ դժուար էր ատիկա ընել։ Ան նաեւ միշտ կ’ուզէր իր Հօր մասին խօսիլ եւ ուրիշներուն օգնել, որ անոր բարեկամը ըլլան (Յովհաննէս 14։23

3. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուած է որ մարդիկը կը սիրէ

Սուրբ Գիրքը Յիսուսին մասին կ’ըսէ, որ ‘իր հաճոյքը մարդոց որդիներուն հետ է’ (Առակաց 8։31, ԱԾ)։ Ան իր սէրը ցոյց տուաւ, մարդիկը քաջալերելով եւ անոնց շահերը իր շահերէն առաջ դնելով։ Ան հրաշքներ ըրաւ, որոնք ցոյց տուին ոչ միայն իր զօրութիւնը, հապա նաեւ՝ թէ մարդոց հետ կը զգար (Մարկոս 1։40-42)։ Ան մարդոց հետ ազնուութեամբ վարուեցաւ եւ անոնց միջեւ զատողութիւն չդրաւ։ Իր խօսքերը մխիթարեցին եւ յոյս տուին բոլոր անկեղծ մարդոց, որոնք իրեն ականջ տուին։ Յիսուս պատրաստ էր չարչարուելու եւ մեռնելու, քանի որ ամբողջ մարդկութիւնը կը սիրէ։ Բայց մանաւանդ կը սիրէ անոնք՝ որոնք իր սորվեցուցածներուն կը հետեւին (կարդա՛ Յովհաննէս 15։13, 14

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Աւելի՛ գիտցիր Յիսուսի անձնաւորութեան մասին։ Եւ տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս իրեն պէս սէր ցոյց տալ եւ առատաձեռն ըլլալ։

4. Յիսուս իր Հայրը կը սիրէ

Յիսուսի օրինակէն կը սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 6։12 եւ Յովհաննէս 15։10. 17։26։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Յիսուսին պէս, ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Եհովան կը սիրենք։

Յիսուս իր երկնաւոր Հայրը կը սիրէր եւ շատ անգամ իրեն կ’աղօթէր

5. Յիսուս կը հոգայ պէտք ունեցող մարդիկը

Յիսուս մարդոց պէտքերը իր պէտքերէն առաջ դրաւ։ Նոյնիսկ երբ յոգնած էր, իր ժամանակը եւ ուժը տուաւ՝ մարդոց օգնելու։ Կարդացէ՛ք Մարկոս 6։30-44 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս պատմութեան մէջ, Յիսուս ի՞նչ կարգ մը կերպերով ցոյց տուաւ, որ ուրիշներով հետաքրքրուած էր (տե՛ս համար 31, 34, 41 եւ 42

  • Յիսուս ինչո՞ւ ուզեց այդ մարդոց օգնել (տե՛ս համար 34

  • Որովհետեւ Յիսուս Եհովայի անձնաւորութիւնը կ’ընդօրինակէ, մեր կարդացածը քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։

  • Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք Յիսուսին պէս ուրիշներով հետաքրքրուիլ։

6. Յիսուս առատաձեռն է

Յիսուս առատաձեռն էր, թէեւ նիւթական շատ բաներ չունէր, եւ մեզ ալ քաջալերեց, որ առատաձեռն ըլլանք։ Կարդացէ՛ք Գործք 20։35 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ըստ Յիսուսի, ինչպէ՞ս կրնանք ուրախ ըլլալ։

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք տալ, նոյնիսկ եթէ մեր նիւթական վիճակը շատ լաւ չէ։

Գիտէի՞ր

Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, որ Եհովային աղօթենք Յիսուսին անունով (կարդա՛ Յովհաննէս 16։23, 24)։ Երբ այդ կերպով կ’աղօթենք, ցոյց կու տանք թէ կը գնահատենք այն ինչ որ Յիսուս ըրաւ, որպէսզի մեզի օգնէ որ Եհովային բարեկամները ըլլանք։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուծոյ հոգը չէ որ մենք կը չարչարուինք»։

  • Որովհետեւ Յիսուս իր Հօր պէս կը վարուի, իր ըրածները ինչպէ՞ս կը փաստեն որ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Յիսուս կը սիրէ Եհովան եւ կը սիրէ մարդիկը։ Որովհետեւ Յիսուս իր Հօր պէս է, ո՛րքան աւելի Յիսուսը ճանչնաս, ա՛յնքան աւելի Եհովան պիտի ճանչնաս։

Վերաքաղ

  • Յիսուսին պէս, ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Եհովան կը սիրենք։

  • Յիսուսին պէս, ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ մարդիկը կը սիրենք։

  • Յիսուսի յատկութիւններէն ո՞ր մէկը ամէնէն շատ կը սիրես։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ Յիսուսի յատկութիւններէն ոմանք, որոնք կրնանք ընդօրինակել։

«Յիսուսը ընդօրինակելու համար, եղիր՝» (Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է)

Տե՛ս թէ ինչո՛ւ պէտք է Յիսուսի անունով աղօթենք։

«Ինչո՞ւ Յիսուսին անունով աղօթել» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Սուրբ Գիրքը Յիսուսի տեսքին մասին բան մը կ’ըսէ՞։

«Յիսուսին տեսքը ինչպէ՞ս էր» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Յիսուս կիներու հետ վարուեցաւ։

«Աստուծոյ հոգատարութեան ներքեւ յարգանք եւ արժանապատուութիւն» (Դիտարան 1 հոկտեմբեր 2012)