Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 18

Ինչպէ՞ս գիտնալ թէ որո՛նք են իսկական քրիստոնեաները

Ինչպէ՞ս գիտնալ թէ որո՛նք են իսկական քրիստոնեաները

Միլիառաւոր մարդիկ կ’ըսեն որ քրիստոնեայ են։ Բայց բոլորը նոյն բաներուն չեն հաւատար, ոչ ալ բոլորը նոյն կարծիքը ունին թէ ի՛նչ բան ճիշդ է եւ ի՛նչ բան սխալ է։ Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, թէ որո՛նք են իսկական քրիստոնեաները։

1. Ի՞նչ ըսել է քրիստոնեայ

Քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսին աշակերտները կամ հետեւորդներն են (կարդա՛ Գործք 11։26)։ Անոնք ինչպէ՞ս կը փաստեն, որ Յիսուսին աշակերտներն են։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք» (Յովհաննէս 8։31)։ Ասիկա կը նշանակէ որ իսկական քրիստոնեաները պէտք է Յիսուսին սորվեցուցածներուն հնազանդին։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ սորվեցուց, նոյնպէս իսկական քրիստոնեաները իրենց հաւատալիքները Սուրբ Գիրքին վրայ կը հիմնեն (կարդա՛ Ղուկաս 24։27

2. Իսկական քրիստոնեաները ինչպէ՞ս սէր ցոյց կու տան

Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Յովհաննէս 15։12)։ Ան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ իր աշակերտները կը սիրէր։ Ան իրենց հետ ժամանակ անցուց, իրենց օգնեց ու քաջալերեց։ Նոյնիսկ իր կեանքը տուաւ անոնց համար (Ա. Յովհաննէս 3։16)։ Նոյնպէս, իսկական քրիստոնեաները միայն չեն խօսիր սիրելու մասին։ Անոնք իրենց խօսքերով եւ գործերով ցոյց կու տան, որ իրար կը սիրեն։

3. Իսկական քրիստոնեաները ի՞նչ բանով զբաղած են

Յիսուս իր աշակերտներուն գործ մը տուաւ։ Ան «զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն» (Ղուկաս 9։2)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները քարոզեցին ոչ միայն իրենց պաշտամունքի վայրերուն մէջ, հապա նաեւ՝ հրապարակներուն եւ մարդոց տուներուն մէջ (կարդա՛ Գործք 5։42. 17։17)։ Ներկայիս, իսկական քրիստոնեաները նոյնը կ’ընեն. անոնք Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը կը քարոզեն ո՛ւր որ մարդիկ կը գտնուին։ Անոնք իրենց ընկերը կը սիրեն, անոր համար ուրախութեամբ իրենց ժամանակը եւ ուժը կու տան, որպէսզի Սուրբ Գիրքէն յոյս եւ մխիթարութիւն տան մարդոց (Մարկոս 12։31

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ իսկական քրիստոնեաները ի՛նչ կերպերով կը տարբերին այն մարդոցմէն, որոնք Յիսուսի սորվեցուցածներուն եւ օրինակին չեն հետեւիր։

4. Անոնք Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը կը փնտռեն

Առաջին դարու քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը արժեւորեցին

Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կոչողներէն շատեր Սուրբ Գիրքի ճշմարտութեան արժէք չեն տար։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Եկեղեցիներէն ոմանք ի՞նչ ըրած են, որպէսզի մարդիկ չգիտնան Յիսուսին սորվեցուցածները։

Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը գործածելով ճշմարտութիւնը սորվեցուց։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 18։37 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ըստ Յիսուսի, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ այն քրիստոնեաները, որոնք «ճշմարտութենէն» են։

5. Անոնք Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը կը քարոզեն

Առաջին դարու քրիստոնեաները ուրիշներուն քարոզեցին

Յիսուս երկինք վերադառնալէ առաջ, իր հետեւորդներուն գործ մը տուաւ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 28։19, 20 եւ Գործք 1։8 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Անոնք որքա՞ն ժամանակ եւ մինչեւ ո՞ւր պիտի քարոզէին։

6. Անոնք իրենց քարոզածը կը գործադրեն

Ի՞նչ բան համոզեց Թոմ անունով մարդ մը, թէ իսկական քրիստոնէութիւնը գտած էր։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, Թոմ ի՞նչ պատճառով իր յոյսը կտրեց կրօնքէն։

  • Ան ինչո՞ւ համոզուած է, որ ճշմարտութիւնը գտած է։

Գործերը խօսքերէն աւելի բարձր կը խօսին։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 7։21 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Յիսուսի համար ի՞նչ բան աւելի կարեւոր է. ինչ որ կ’ըսե՞նք որ կը հաւատանք, թէ ոչ՝ ինչ որ կը փաստենք մեր գործերով։

7. Անոնք իրար կը սիրեն

Առաջին դարու քրիստոնեաները իրարու հանդէպ սէր ունէին

Քրիստոնեաներ իրապէս իրենց կեանքը վտանգի տակ դրա՞ծ են իրենց հաւատակիցներուն համար։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, ի՞նչ բան ձգեց որ եղբայր Լոյտ իր կեանքը վտանգի տակ դնէ եղբայր Ճոհէնսընին համար։

  • Կը կարծե՞ս որ ան իսկական քրիստոնեայի մը պէս վարուեցաւ։

Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 13։34, 35 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուսի աշակերտները (իսկական քրիստոնեաները) ինչպէ՞ս պիտի վարուէին ուրիշ ցեղէ կամ ազգէ եղող մարդոց հետ։

  • Անոնք ինչպէ՞ս պիտի վարուէին պատերազմի ժամանակ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Կարեւոր չէ թէ ո՛ր եկեղեցիին կը պատկանիս. կարեւորը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի կը հաւատաս»։

  • Սուրբ Գիրքէն ի՞նչ համար կրնաս գործածել, որ կ’օգնէ գիտնալու թէ որո՛նք են իսկական քրիստոնեաները։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Իսկական քրիստոնեաները Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները կը գործադրեն, անձնազոհ սէր ցոյց կու տան եւ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը կը քարոզեն։

Վերաքաղ

  • Իսկական քրիստոնեաները իրենց հաւատալիքները ինչի՞ վրայ կը հիմնեն։

  • Իսկական քրիստոնեաները ո՞ր յատկութիւնով կը ճանչցուին։

  • Իսկական քրիստոնեաները ի՞նչ գործ կ’ընեն։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Աւելի՛ գիտցիր խումբի մը մասին, որ իր լաւագոյնը կ’ընէ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի օրինակին եւ սորվեցուցածներուն հետեւի։

Ո՞վ են Եհովայի վկաները (1։13)

Նկատի առ թէ ի՛նչ բան ձգեց որ մայրապետ մը գտնէ «եղբայրներէ եւ քոյրերէ բաղկացած համաշխարհային ընտանիք մը»։

«Բոլոր հարցումներուս պատասխանները Աստուածաշունչէ՛ն տուին» (Դիտարան 1 ապրիլ 2014)

Տե՛ս թէ իսկական քրիստոնեաները ինչպէ՛ս սէր ցոյց կու տան իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ, որոնք օգնութեան պէտք կ’ունենան։

Մեր եղբայրներուն օգնել՝ երբ բնական աղէտ մը հարուածէ. հատուած (3։57)

Նկատի առ թէ ներկայիս իսկական քրիստոնեաները ինչպէ՛ս կ’ընեն այն նոյն բաները, որ առաջին դարու քրիստոնեաները ըրին, փաստելով որ Յիսուսի հետեւորդներն են։

«Ճշմարիտ քրիստոնէութեան նշանները ի՞նչ են» (Դիտարան 1 մայիս 2012)