Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 22

Ինչպէ՞ս կրնաս բարի լուրի մասին ուրիշներուն խօսիլ

Ինչպէ՞ս կրնաս բարի լուրի մասին ուրիշներուն խօսիլ

Մինչ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները կը սորվիս, թերեւս մտածես. ‘Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ ասոր մասին’։ Այո՛, ամէն մարդ պէ՛տք է գիտնայ։ Բայց թերեւս ջղագրգիռ կ’ըլլաս սորվածներդ ուրիշներուն պատմելու։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնաս այդ զգացումը թեթեւցնել եւ սկսիլ ուրախութեամբ բարի լուրը ուրիշներուն պատմել։

1. Ինչպէ՞ս կրնաս սորվածներդ պատմել անոնց, որոնք կը ճանչնաս

Յիսուսի աշակերտները ըսին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։20)։ Անոնք այնքա՛ն արժեւորեցին ճշմարտութիւնը, որ ուզեցին կարելի եղածին չափ շատ մարդոց պատմել ատոր մասին։ Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։ Եթէ այո, առիթներ փնտռէ որ սորվածներդ յարգանքով պատմես ընտանիքիդ եւ բարեկամներուդ (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6

Կրնաս այսպէս սկսիլ

  • Երբ ընտանիքիդ հետ կը խօսիս, Սուրբ Գիրքէն նիւթ մը բաց, ըսելով. «Այս շաբաթ հետաքրքրական բան մը գիտցայ»։

  • Քաջալերական համար մը ցոյց տուր հիւանդ կամ մտահոգ բարեկամի մը։

  • Երբ գործակից մը կը հարցնէ՝ «Այս շաբաթ ի՞նչ ըրիր», իրեն պատմէ թէ ի՛նչ սորվեցար Սուրբ Գիրքի դասիդ ատեն կամ ժողովի մը մէջ։

  • Բարեկամներուդ ցոյց տուր jw.org կայքը։

  • Ուրիշները հրաւիրէ, որ Սուրբ Գիրքի դասիդ ներկայ ըլլան, կամ իրենց ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնան jw.org կայքին միջոցաւ ուսումնասիրութիւն մը խնդրել։

2. Ինչո՞ւ ժողովքին հետ քարոզելը աղուոր նպատակակէտ մըն է

Յիսուսի աշակերտները բարի լուրին մասին միայն իրենց գիտցած մարդոց չխօսեցան։ Յիսուս «զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները», որպէսզի քարոզեն (Ղուկաս 10։1)։ Այդ կազմակերպուած քարոզչութիւնը շատ աւելի մարդոց առիթ տուաւ, որ բարի լուրը լսեն։ Նաեւ միասին քարոզելը աշակերտներուն շա՜տ ուրախութիւն բերաւ (Ղուկաս 10։17)։ Դուն ալ կրնա՞ս նպատակ դնել, որ ժողովքին հետ քարոզես։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ջղագրգռութիւնդ թեթեւցնել եւ վայելել այն ուրախութիւնը, որ կու գայ բարի լուրին մասին խօսելէն։

3. Եհովան հետդ պիտի ըլլայ

Ոմանք, որոնք կ’ուզեն քարոզել, թերեւս մտահոգ ըլլան թէ ի՛նչ տպաւորութիւն պիտի ձգեն, կամ թէ մարդիկ ի՛նչ պատասխան պիտի տան իրենց։

  • Դուն ալ կը մտահոգուի՞ս սորվածդ ուրիշներուն պատմելու մասին։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Այս պատանի Վկաները ինչպէ՞ս կրցան իրենց վախերը յաղթահարել։

Կարդացէ՛ք Եսայի 41։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Երբ կը վախնաս քարոզելու, աղօթելը ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգնէ։

Գիտէի՞ր

Շատ մը Եհովայի վկաներ կը զգային, թէ բնա՛ւ պիտի չկարենային բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել։ Օրինակ, Սերկէյ Սուրբ Գիրքը սերտելէ առաջ, անարժէք կը զգար եւ իրեն համար դժուար էր ուրիշներուն հետ խօսիլ։ Ան կ’ըսէ. «Հակառակ անոր որ կը վախնայի, սկսայ սորվածներս ուրիշներուն պատմել։ Շատ զարմացայ, երբ տեսայ որ Սուրբ Գիրքին մասին ուրիշներուն պատմելով՝ ինքնավստահութիւնս կ’աւելնար։ Եւ նոր հաւատալիքներուս մասին խօսելով՝ հաւատքս կը զօրանար»։

4. Դիմացինդ յարգէ՛

Մէկու մը քարոզելէ առաջ, բնականաբար պիտի մտածես թէ ի՛նչ պիտի ըսես։ Բայց նաեւ կարեւոր է, որ մտածես թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնաս յարգանքով ըսել։ Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 2։24 եւ Ա. Պետրոս 3։15 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ինչպէ՞ս կրնաս այս համարները գործադրել, որպէսզի ուրիշներուն հետ մեղմութեամբ եւ խոր յարգանքով խօսիս։

  • Ընտանիքէդ կամ ընկերներէդ ոմանք թերեւս քեզի հետ չհամաձայնին։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ի՞նչ պէտք չէ ընես։

  • Ինչո՞ւ աւելի լաւ է որ անհատին զգացումները նկատի առնելով հարցումներ հարցնես, փոխանակ անոր ուղղակի ըսելու թէ ինչի՛ պէտք է հաւատայ։

5. Բարի լուրին մասին խօսիլը ուրախութիւն կու տայ

Եհովան Յիսուսին տուաւ բարի լուրը քարոզելու գործը։ Յիսուս այդ գործը ինչպէ՞ս նկատեց։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 4։34 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Համով ուտելիք ուտելը ոչ միայն կ’օգնէ որ ողջ մնանք, հապա նաեւ մեր սիրտը կ’ուրախացնէ։ Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ կամքը ընելը,– մէջը ըլլալով՝ բարի լուրը քարոզելը,– նմանցուց կերակուր ուտելուն։

  • Քու կարծիքովդ, բարի լուրը քարոզելով ի՞նչ ուրախութիւններ կրնաս վայելել։

Առաջարկներ

  • Միջշաբաթային ժողովին ընթացքին, տե՛ս թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս խօսակցութիւններ սկսիլ։

  • Մտածէ միջշաբաթային ժողովին մէջ աշակերտ ըլլալուն մասին։ Աշակերտական բաժիններ տալը կրնայ քեզի օգնել, որ աւելի պատրաստ զգաս սորվածներդ ուրիշներուն պատմելու։

  • Գործածէ այս դասընթացքին «Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն» կամ «Թերեւս մէկը հարցնէ» բաժինները, փորձ ընելու համար թէ ինչպէ՛ս կրնաս պատասխանել սովորական հարցումներու եւ առարկութիւններու։

ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Ի՞նչ կայ–չկայ»։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս այս առիթը օգտագործել, որպէսզի անհատին պատմես Սուրբ Գիրքէն սորվածիդ մասին։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Բարի լուրին մասին ուրիշներուն խօսիլը ուրախութիւն կու տայ եւ կրնայ երեւակայածէդ աւելի դիւրին ըլլալ։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ պէտք է բարի լուրը քարոզենք ուրիշներուն։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա յարգանքով ընել։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս որեւէ ջղագրգռութիւն յաղթահարել։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ չորս պարզ կերպեր, որոնցմով կրնաս բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել, գործածելով jw.org կայքի քարտը։

JW.ORG կայքի քարտի ներկայացումի նմոյշ (1։43)

Կարդա՛ չորս յատկութիւններու մասին, որոնք կրնան քեզի օգնել, որ բարի լուրը քարոզես։

«Պատրա՞ստ ես մարդոց որսորդ ըլլալու» (Դիտարան սեպտեմբեր 2020)

Տե՛ս թէ Աստուածաշունչէն օրինակ մը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի քաջութիւն տալ, որ բարի լուրը ուրիշներուն քարոզենք, նոյնիսկ եթէ պատանի ենք։

Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ համարձակ ըլլաս (11։59)

Գիտցիր թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուածաշունչի մասին խօսիլ տնեցիներուն, որոնք Եհովայի մասին չեն գիտեր։

«Անհաւատ ազգականներու սրտին հասնիլ» (Դիտարան 15 մարտ 2014)