Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 23

Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մը

Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մը

Յիսուս ըսաւ, որ քրիստոնեաները պէ՛տք է մկրտուին (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20)։ Մկրտութիւնը ի՞նչ է։ Եւ մէկը ի՞նչ պէտք է ընէ, որ այդ նպատակակէտին հասնի։

1. Մկրտութիւնը ի՞նչ է

«Մկրտել» բառը եկած է յունարէն բառէ մը, որ կը նշանակէ՝ ջուրին մէջ «մխրճել», կամ՝ լման մտցնել։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Յորդանան գետին մէջ մխրճուեցաւ եւ ‘ջուրէն ելաւ’ (Մարկոս 1։9, 10)։ Նոյնպէս, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը մկրտուին՝ ջուրին մէջ լիովին մխրճուելով։

2. Մէկը մկրտուելով ի՞նչ ցոյց կու տայ

Մկրտուելով՝ անհատը ցոյց կու տայ, որ իր անձը Եհովա Աստուծոյ նուիրած է։ Անհատը ինչպէ՞ս կը նուիրուի։ Մկրտուելէ առաջ, անձնական աղօթքի մը մէջ, ան Եհովային կ’ըսէ, որ կ’ուզէ յաւիտեան իրեն ծառայել։ Ան կը խոստանայ, որ միայն Եհովան պիտի պաշտէ եւ անոր կամքը ընելը ամենակարեւոր բանը պիտի ըլլայ իր կեանքին մէջ։ Ան կ’ընտրէ իր ‘անձը ուրանալ եւ Յիսուսի ետեւէն գալ’, այսինքն՝ անոր ուսուցումներուն եւ օրինակին հետեւիլ (Մատթէոս 16։24)։ Նուիրուելով եւ մկրտուելով, ան կրնայ Եհովային եւ հաւատակիցներուն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենալ։

3. Անհատը ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն

Մկրտուելու համար, կարեւոր է որ Եհովային մասին սորվիս եւ իրեն հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենաս (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։ Մինչ գիտելիքներդ եւ հաւատքդ կ’աւելնան, Եհովային հանդէպ սէրդ ալ պիտի աւելնայ։ Այն ատեն, պիտի ուզես իր մասին ուրիշներուն պատմել եւ իր ուզած կերպով ապրիլ (Բ. Տիմոթէոս 4։2. Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Երբ անհատը Աստուծոյ ‘արժանի կերպով քալէ եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէ’, շատ հաւանաբար պիտի ուզէ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրել եւ մկրտուիլ (Կողոսացիս 1։9, 10) a։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ Յիսուսի մկրտութենէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ եւ թէ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ պատրաստուիլ այս կարեւոր քայլը առնելու։

4. Կրնանք Յիսուսի մկրտութենէն սորվիլ

Յիսուսի մկրտութեան մասին աւելին գիտնալու համար, կարդացէ՛ք Մատթէոս 3։13-17։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Յիսուս նորածին մանո՞ւկ էր երբ մկրտուեցաւ։

  • Յիսուս ինչպէ՞ս մկրտուեցաւ։ Յովհաննէս իր վրայ պարզապէս ջո՞ւր սրսկեց։

Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, սկսաւ ընել այն յատուկ գործը, որ Աստուած իրեն տուած էր երկրի վրայ ընելու։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 3։21-23 եւ Յովհաննէս 6։38 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Յիսուս մկրտուելէ ետք, ի՞նչ գործ իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։

5. Մկրտութեան նպատակակէտին կարելի է հասնիլ

Նուիրումի եւ մկրտութեան գաղափարը թերեւս սկիզբը քեզ վախցնէ։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին յառաջդիմելով՝ կրնաս ինքնավստահ ըլլալ, որ այդ կարեւոր քայլը առնես։ Տեսնելու համար ոմանց օրինակը, որոնք այդպէս ըրին, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 17։3 եւ Յակոբոս 1։5 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչը կրնայ անհատի մը օգնել, որ մկրտութեան պատրաստուի։

  1. Ա. Եհովային կը նուիրուինք, իրեն ըսելով որ կ’ուզենք յաւիտեա՛ն իրեն ծառայել

  2. Բ. Մկրտութեան ատեն, բոլոր դիտողներուն ցոյց կու տանք, որ Աստուծոյ նուիրուած ենք

6. Մկրտուելով՝ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը կ’ըլլանք

Երբ մկրտուինք, միացած եւ համաշխարհային ընտանիքի մը մէկ մասը կ’ըլլանք։ Թէեւ տարբեր տեղերէ եւ ենթահողերէ կու գանք, բոլորս նոյն բաներուն կը հաւատանք եւ նոյն բարոյական օրէնքներուն համաձայն կ’ապրինք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 25։14 եւ Ա. Պետրոս 2։17 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Երբ անհատը կը մկրտուի, ինչպիսի՞ փոխյարաբերութիւն կ’ունենայ Եհովայի եւ զինք պաշտողներուն հետ։

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Պատրաստ չեմ մկրտուելու»։

  • Եթէ այդպէս կը զգաս, կը կարծե՞ս որ տակաւին կ’արժէ մկրտութեան նպատակակէտը դնել։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Յիսուս ըսաւ որ քրիստոնեաները պէ՛տք է մկրտուին։ Այդ նպատակակէտին հասնելու համար, անհատը պէտք է Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենայ, անոր օրէնքներուն համաձայն ապրի եւ իր անձը անոր նուիրէ։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ է մկրտութիւնը, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է։

  • Մկրտութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

  • Նուիրուելու եւ մկրտուելու համար, անհատը ի՞նչ պէտք է ընէ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ մկրտութիւնը ի՛նչ է եւ ի՛նչ չէ։

«Մկրտութիւնը ի՞նչ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Աչքէ անցուր կերպեր, որոնք կրնան օգնել յառաջդիմելու դէպի մկրտութիւն։

«Եհովայի հանդէպ սէրը մկրտութեան կ’առաջնորդէ» (Դիտարան մարտ 2020)

Կարդա՛ մարդու մը մասին, որուն մկրտուելու որոշումը զգացումներու վրայ չէր հիմնուած։

«Ուզեցին որ անձա՛մբ քննեմ, թէ ինչ է ճշմարտութիւնը» (Դիտարան 1 փետրուար 2013)

Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կ’արժէ մկրտութեան նպատակակէտին հասնիլ, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոր պատրաստուիլ։

«Պէ՞տք է մկրտուիմ» (Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր Բ., գլուխ 37, արաբ.)

a Եթէ մէկը նախապէս ուրիշ կրօնքի մէջ մկրտուած է, պէտք է նորէն մկրտուի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ կրօնքը Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը չսորվեցուց (տե՛ս Գործք 19։1-5 եւ Դաս 13