Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 26

Ինչո՞ւ չարութիւն եւ չարչարանք կան

Ինչո՞ւ չարութիւն եւ չարչարանք կան

Երբ մէկու մը շատ գէշ բան մը ըլլայ, բնական է որ հարցնէ՝ «Ինչո՞ւ»։ Ի՜նչ ուրախ ենք որ Սուրբ Գիրքը այդ հարցումին յստակ պատասխաններ կու տայ։

1. Սատանան ինչպէ՞ս չարութիւնը աշխարհ բերաւ

Բանսարկու Սատանան Աստուծոյ դէմ ելաւ։ Ան ուզեց ուրիշներու վրայ իշխել, անոր համար Ադամին եւ Եւային ազդեց, որ իրենք ալ Եհովային դէմ ըմբոստանան։ Ան ասիկա ըրաւ՝ Եւային սուտ մը ըսելով (Ծննդոց 3։1-5)։ Սատանան ձգեց որ Եւան մտածէ, թէ Եհովան լաւ բան մը կը պահէ իրմէ։ Ան ըսել ուզեց թէ մարդիկ աւելի ուրախ պիտի ըլլային, եթէ Աստուծոյ չհնազանդէին։ Սատանան առաջին սուտը խօսեցաւ, երբ Եւային ըսաւ թէ պիտի չմեռնէր։ Անոր համար, Սուրբ Գիրքը Սատանան կը կոչէ ‘ստախօս եւ սուտին հայրը’ (Յովհաննէս 8։44, ԱԾ

2. Ադամն ու Եւան ի՞նչ ընտրութիւն ըրին

Եհովան Ադամին ու Եւային հանդէպ շատ առատաձեռն էր։ Ան ըսաւ որ անոնք կրնային Եդեմի պարտէզի բոլոր ծառերէն ուտել՝ մէկ ծառէ զատ (Ծննդոց 2։15-17)։ Հակառակ ատոր, անոնք որոշեցին այդ ծառէն ուտել։ Եւան «առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ», եւ ետքը՝ Ադամն ալ «կերաւ» (Ծննդոց 3։6)։ Երկուքն ալ Աստուծոյ չհնազանդեցան։ Որովհետեւ Ադամն ու Եւան կատարեալ էին, իրենց համար բնական բան մըն էր որ ճիշդը ընէին, բայց որոշեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ։ Այսպէս, մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժեցին։ Այդ որոշումը իրենց մե՜ծ տառապանք պատճառեց (Ծննդոց 3։16-19

3. Ադամի ու Եւայի որոշումը մեզի ինչպէ՞ս ազդած է

Մեղք գործելով, Ադամն ու Եւան անկատար եղան, եւ անկատարութիւնը իրենց սերունդին փոխանցեցին։ Սուրբ Գիրքը Ադամի մասին կ’ըսէ. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12

Մենք շատ մը պատճառներով կը չարչարուինք։ Ատեններ, կը չարչարուինք մեր առած սխալ որոշումներուն պատճառով։ Ատեններ ալ, կը չարչարուինք ուրիշներուն առած սխալ որոշումներուն պատճառով։ Իսկ երբեմն կը չարչարուինք, քանի որ սխալ ատեն՝ սխալ տեղ կը գտնուինք (կարդա՛ Ժողովող 9։11

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչո՛ւ Աստուած աշխարհին մէջ եղող չարութեան եւ չարչարանքին պատճառը չէ։ Նաեւ նկատի առ թէ ան ի՛նչ կը զգայ, երբ մենք կը չարչարուինք։

4. Այն անձը, որուն պատճառով կը չարչարուինք

Շատեր կը հաւատան, թէ ամբողջ աշխարհը Աստուծոյ իշխանութեան տակ է։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Յակոբոս 1։13 եւ Ա. Յովհաննէս 5։19 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Արդեօք Աստուա՞ծ է չարչարանք ու չարութիւն պատճառողը։

5. Սատանայի իշխանութեան արդիւնքը

Կարդացէ՛ք Ծննդոց 3։1-6 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Սատանան ի՞նչ սուտ խօսեցաւ (տե՛ս համար 4 եւ 5

  • Սատանան ինչպէ՞ս հասկցուց, թէ Եհովան լաւ բան մը կը պահէր մարդոցմէն։

  • Ըստ Սատանային, մարդիկ ուրախ ըլլալու համար պէտք ունի՞ն որ Եհովան իրենց վրայ իշխէ։

Կարդացէ՛ք Ժողովող 8։9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան աշխարհի Իշխանը չըլլալով, ի՞նչ պատահած է։

  1. Ա. Ադամն ու Եւան կատարեալ էին եւ Դրախտին մէջ կ’ապրէին։ Բայց Սատանային մտիկ ըրին եւ Եհովային դէմ ըմբոստացան

  2. Բ. Ըմբոստութենէն ետք, աշխարհը լեցուեցաւ մեղքով, չարչարանքով եւ մահով

  3. Գ. Եհովան վերջ պիտի դնէ մեղքին, չարչարանքին եւ մահուան։ Մարդիկ դարձեալ կատարեալ պիտի ըլլան եւ Դրախտին մէջ պիտի ապրին

6. Չարչարանքի ատեն Եհովան մեզի հետ կը զգայ

Արդեօք Աստուծոյ հոգը չէ՞, որ մենք կը չարչարուինք։ Նկատի առ թէ Դաւիթ թագաւոր եւ Պետրոս առաքեալ ի՛նչ գրեցին։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 31։7 եւ Ա. Պետրոս 5։7 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ կը զգաս գիտնալով, որ Եհովան կը տեսնէ մեր չարչարանքը եւ մեզի հետ կը զգայ։

7. Աստուած մարդկային ամբողջ չարչարանքին վերջ պիտի դնէ

Կարդացէ՛ք Եսայի 65։17 եւ Յայտնութիւն 21։3, 4 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչպէ՞ս կը մխիթարուիս գիտնալով, որ Եհովան մարդկութեան տեսած գէշ բաներուն հետեւանքները պիտի ջնջէ։

Գիտէի՞ր

Երբ Սատանան առաջին սուտը խօսեցաւ, Եհովայի անունը աւրեց։ Այսինքն՝ ան Եհովայի բարի անունին վնաս հասցուց, ձգելով որ մարդիկ մտածեն թէ ան արդար եւ հոգատար Կառավարիչ մը չէ։ Երբ մօտ ապագային Եհովան մարդկային չարչարանքը վերցնէ, իր բարի համբաւը ետ պիտի բերէ։ Ուրիշ խօսքով, ան պիտի փաստէ որ իր իշխելու կերպը իրապէս լաւագոյն կերպն է։ Եհովայի անուան սրբացումը տիեզերքին մէջ ամէնէն կարեւոր հարցն է (Մատթէոս 6։9, 10

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուած մարդիկը կը փորձէ՝ զիրենք չարչարելով»։

  • Դուն ի՞նչ կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սատանան եւ Ադամն ու Եւան գլխաւորաբար պատասխանատու են աշխարհի մէջ եղող չարութեան համար։ Եհովան մեր չարչարանքին նկատմամբ անտարբեր չէ եւ շուտով անոր վերջ պիտի դնէ։

Վերաքաղ

  • Սատանան Եւային ի՞նչ սուտ խօսեցաւ։

  • Ադամին ու Եւային ըմբոստութիւնը ինչպէ՞ս բոլորիս ազդած է։

  • Ինչպէ՞ս գիտենք թէ երբ կը չարչարուինք, Եհովան մեզի հետ կը զգայ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ թէ մեղք բառով Աստուածաշունչը ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։

«Մեղքը ի՞նչ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ առ այն հարցին շուրջ, որ Բանսարկու Սատանան մէջտեղ բերաւ Եդեմի պարտէզին մէջ։

«Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը» (Դիտարան 1 յունուար 2014)

Տե՛ս թէ մարդ մը ի՛նչ սորվեցաւ իր շուրջը եղող չարչարանքին մասին։

Այլեւս մինակս չեմ (5։09)