Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 27

Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ ազատել

Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ ազատել

Որովհետեւ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ չհնազանդեցան, մենք մեղք կը գործենք, կը չարչարուինք եւ կը մեռնինք a։ Բայց մեր վիճակը անյոյս չէ։ Եհովան իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, երկիր ղրկեց որ մեզի համար մեռնի, որպէսզի կարենանք ազատիլ մեղքին եւ մահուան անէծքէն։ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, որ Յիսուս իր մահով փրկանք վճարեց։ Փրկանքը այն գինն է, որ կը վճարուի մէկը ազատ արձակելու համար։ Յիսուսին վճարած գինը՝ իր կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքն էր (կարդա՛ Մատթէոս 20։28)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու իր իրաւունքէն յօժարաբար վազ անցաւ, մեր առջեւ ճամբան բացաւ որ Ադամի ու Եւայի կորսնցուցածը ետ առնենք։ Յիսուս նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ինք ու Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրեն։ Այս դասը պիտի օգնէ, որ Յիսուսի մահուան հանդէպ գնահատանքդ աւելցնես։

1. Յիսուսին մահը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել այսօր

Մեղաւոր ըլլալով, մենք շատ բաներ կ’ընենք, որոնք Եհովան կը նեղացնեն։ Բայց եթէ մեր մեղքերուն համար իրապէս կը զղջանք, Եհովայէն ներում կը խնդրենք Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ եւ մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ այդ սխալները նորէն չընենք, կրնանք Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենալ (Ա. Յովհաննէս 2։1)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ» (Ա. Պետրոս 3։18

2. Յիսուսին մահը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել ապագային

Եհովան Յիսուսը ղրկեց, որ իր կատարեալ մարդկային կեանքը տայ, «որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Յիսուսին այս ըրածով կարելի պիտի դառնայ, որ Եհովան մօտ ատենէն Ադամի անհնազանդութեան պատճառով եղած բոլոր գէշ բաները մէջտեղէն վերցնէ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ Յիսուսի զոհին հաւատանք, առիթը պիտի ունենանք որ կեանքը վայելենք յաւիտեա՛ն դրախտային երկրին վրայ (Եսայի 65։21-23

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Աւելի գիտցիր թէ Յիսուս ինչո՛ւ իր կեանքը տուաւ, եւ նկատի առ թէ դուն ինչպէ՛ս կ’օգտուիս։

3. Յիսուսի մահը մեզ կ’ազատէ մեղքէն ու մահէն

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Ադամ Աստուծոյ չհնազանդելով ի՞նչ առիթ կորսնցուց։

Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 5։12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ադամին մեղքը ինչպէ՞ս կեանքիդ ազդած է։

Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 3։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան ինչո՞ւ իր Որդին երկիր ղրկեց։

  1. Ա. Ադամ կատարեալ մարդ մըն էր, որ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ, եւ իր պատճառով բոլոր մարդիկը մեղք կը գործեն եւ կը մեռնին

  2. Բ. Յիսուս կատարեալ մարդ մըն էր, որ Աստուծոյ հնազանդեցաւ, եւ ճամբան բացաւ որ մարդիկ կատարեալ ըլլան ու յաւիտեան ապրին

4. Յիսուսի մահէն բոլոր մարդիկը կրնան օգտուիլ

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Ինչպէ՞ս կարելի է որ մէկ մարդու մահէն բոլոր մարդիկը օգտուին։

Կարդացէ՛ք Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ադամ կատարեալ մարդ մըն էր, բայց քանի որ մեղք գործեց, բոլոր մարդիկը մեղք կը գործեն եւ կը մեռնին։ Յիսուս ալ կատարեալ մարդ մըն էր։ Ան ինչպէ՞ս համապատասխան փրկանք տուաւ։

5. Փրկանքը Եհովային նուէրն է քեզի

Եհովային բարեկամները փրկանքը անձնական նուէր կը նկատեն։ Օրինակ, կարդացէ՛ք Գաղատացիս 2։20 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ փրկանքը անձնական նուէր կը նկատէր։

Երբ Ադամ մեղք գործեց, ինք եւ իր ամբողջ սերունդը մահուան դատապարտուեցան։ Բայց Եհովան իր Որդին ղրկեց որ մեռնի, որպէսզի դուն կարենաս կեանքը վայելել յաւիտեա՛ն։

Մինչ այս համարները կը կարդաս, երեւակայէ թէ Եհովան ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ իր Որդին կը չարչարուէր։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 19։1-7, 16-18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Քեզի համար Եհովայի եւ Յիսուսի ըրածին հանդէպ ի՞նչ կը զգաս։

ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մէկ անձ մեռնի բոլո՛ր մարդոց համար»։

  • Ի՞նչ կրնաս պատասխանել։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Յիսուսի մահը Եհովային հիմ կու տայ, որ մեր մեղքերը ներէ, իսկ մեզի առիթ կու տայ որ կեանքը վայելենք յաւիտեան։

Վերաքաղ

  • Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ։

  • Յիսուսի կատարեալ մարդկային կեանքը ի՞նչ կերպով համապատասխան փրկանք էր։

  • Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ ինչո՛ւ Յիսուսի կատարեալ մարդկային կեանքը փրկանք կը կոչուի։

«Յիսուս ինչպէ՞ս ‘շատերու համար փրկանք’ տուաւ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի փրկուինք։

«Յիսուս ինչպէ՞ս կը փրկէ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Եհովան նոյնիսկ լուրջ մեղքերը կրնա՞յ ներել։

«Աստուածաշունչին պատասխանները» (Դիտարան 1 մայիս 2013)

Տե՛ս թէ մարդ ու մը անձնաւորութիւնը ինչպէ՛ս փոխուեցաւ, երբ սորվեցաւ Քրիստոսի զոհին մասին։

«Այլեւս վայրագ անձ մը չեմ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ, արաբ.)

a Մեղքը միայն գէշ բան մը ընելը չէ։ Մեղք բառը նաեւ կ’ակնարկէ այն իրողութեան, որ մենք՝ Ադամին զաւակները ըլլալով, Աստուծմէ բաժնուած ենք։