Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 30

Սիրելիներդ կրնա՛ն ետ կեանքի գալ

Սիրելիներդ կրնա՛ն ետ կեանքի գալ

Մահը մէկու մը հոգեկանը կը քանդէ։ Անոր համար Սուրբ Գիրքը մահը թշնամի կը կոչէ (Ա. Կորնթացիս 15։26Դաս 27–ին մէջ սորվեցար, որ Եհովան այդ թշնամիին պիտի յաղթէ։ Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց, որոնք արդէն մեռած են։ Այս դասին մէջ աւելի պիտի գիտնաս Եհովայի ուրիշ հոյակապ խոստումի մը մասին. ան միլիառաւոր մարդիկ ետ կեանքի պիտի բերէ, որպէսզի յաւիտեա՛ն ապրին։ Ան անոնց յարութի՛ւն պիտի տայ։ Ասիկա կարելի՞ է։ Արդեօք անոնք յարութիւն պիտի առնեն, որպէսզի ապրին երկինքի՞ մէջ, թէ ոչ՝ երկրի վրայ։

1. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ ընել մեր սիրելիներուն համար, որոնք մեռած են

Եհովան շա՜տ կ’ուզէ մեռելները ետ կեանքի բերել։ Յոբ անունով հաւատացեալ մարդ մը վստահ էր, որ Աստուած զինք պիտի չմոռնար, երբ մեռնէր։ Ան Աստուծոյ ըսաւ. «Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ [գերեզմանէն]» (կարդա՛ Յոբ 14։13-15

2. Ինչպէ՞ս գիտենք որ մեռելները կրնան յարութիւն առնել

Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն, Աստուած իրեն զօրութիւն տուած էր, որպէսզի մարդոց յարութիւն տար։ Յիսուս 12 տարեկան աղջիկ մը եւ այրիի մը տղան ետ կեանքի բերաւ (Մարկոս 5։41, 42. Ղուկաս 7։12-15)։ Ետքը, Յիսուսի բարեկամը՝ Ղազարոս, մեռաւ։ Թէեւ ան չորս օրէ ի վեր մեռած էր եւ թաղուած էր, Յիսուս զինք ետ կեանքի բերաւ։ Աստուծոյ աղօթելէ ետք, Յիսուս բարձր ձայնով ըսաւ. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Եւ «մեռելն ալ ելաւ» (Յովհաննէս 11։43, 44)։ Երեւակայէ Ղազարոսի ընտանիքին ու բարեկամներուն ուրախութիւնը։

3. Ի՞նչ յոյս կայ մեռած սիրելիներուդ համար

Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ» (Գործք 24։15)։ Անոնք՝ որոնց Յիսուս յարութիւն տուաւ, երկինք չէին գացած (Յովհաննէս 3։13)։ Անոնք ուրախ էին, որ ետ կեանքի եկան հոս՝ երկրի վրայ։ Մօտ ատենէն, Յիսուս միլիառաւորներու յարութիւն պիտի տայ, որպէսզի կեանքը վայելեն յաւիտեա՛ն՝ դրախտային երկրի վրայ։ Ան ըսաւ, որ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները» յարութիւն պիտի առնեն, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք մարդոց կողմէ մոռցուած են, բայց Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են (Յովհաննէս 5։28, 29

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Սուրբ Գիրքէն նկատի առ, թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուս յարութիւն տալու կարողութիւնը ունի եւ յարութիւն պիտի տայ։ Գիտցիր թէ յարութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ քեզ մխիթարել եւ յոյս տալ։

4. Յիսուս ցոյց տուաւ, որ կրնայ մեռելներուն յարութիւն տալ

Աւելի նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըրաւ իր բարեկամին՝ Ղազարոսին, համար։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 11։14, 38-44 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ինչպէ՞ս գիտենք որ Ղազարոս իրապէս մեռած էր (տե՛ս համար 39

  • Քու կարծիքովդ, եթէ Ղազարոս երկինք ելած էր, Յիսուս զինք երկինքէն երկիր պիտի իջեցնէ՞ր եւ ստիպէր որ նորէն երկրի վրայ ապրի։

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

5. Շատե՜ր յարութիւն պիտի առնեն

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 37։29 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ո՞ւր պիտի ապրին այն միլիառաւոր անհատները, որոնք յարութիւն պիտի առնեն։

Յիսուս ոչ միայն Եհովան պաշտողներուն յարութիւն պիտի տայ, հապա նաեւ ուրիշ շատերու։ Կարդացէ՛ք Գործք 24։15 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ո՞վ կ’ուզես որ յարութիւն առնէ։

Պահ մը մտածէ. Յիսուսին համար յարութիւն տալը նոյնքան դիւրին է, որքան հօր մը համար իր պզտիկը քունէն արթնցնելը

6. Յարութիւնը կրնայ քեզի մխիթարութիւն եւ յոյս տալ

Շատեր, որոնք սուգի մէջ էին, մխիթարուեցան ու քաջալերուեցան՝ Սուրբ Գիրքէն կարդալով Յայրոսի աղջկան պատմութիւնը։ Կարդացէ՛ք այդ իրական պատմութիւնը, որ գրուած է Ղուկաս 8։40-42, 49-56–ի մէջ։

Յայրոսի աղջկան յարութիւն տալէ առաջ, Յիսուս Յայրոսին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա» (տե՛ս համար 50)։ Յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել՝

  • երբ սիրելիներէդ մէկը մեռնի։

  • երբ քու կեանքդ վտանգի տակ է։

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս մխիթարած է եւ քաջալերած է Ֆելիսիթիին ծնողները։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Երբ մէկը մեռնի, երկինք կ’երթայ»։

  • Քու կարծիքդ ի՞նչ է։

  • Ի՞նչ համար կրնաս գործածել, որ ցոյց տաս թէ յարութիւն պիտի ըլլայ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ որ միլիառաւորներ յարութիւն պիտի առնեն։ Եհովան կ’ուզէ որ ետ կեանքի գան, եւ Յիսուսին զօրութիւն տուած է, որպէսզի անոնց յարութիւն տայ։

Վերաքաղ

  • Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Եհովան եւ Յիսուս շատ կը փափաքին, որ մեռելները ետ կեանքի բերեն։

  • Յարութիւն առնող միլիառաւոր մարդիկը ո՞ւր պիտի ապրին։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

  • Ի՞նչ բան քեզ կը համոզէ, որ սիրելիներդ նորէն պիտի ապրին։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ գործնական բաներ, որ կրնաս ընել սուգին դիմանալու համար։

«Օգնութիւն սգաւորներուն» (Զարթի՛ր 2018–ի թիւ 3)

Աստուածաշունչի սկզբունքները իրապէս կրնա՞ն մէկու մը օգնել, որ սուգի մէջ է։

Երբ սիրելի մը մեռնի (5։06)

Պզտիկները ինչպէ՞ս կրնան հաշտուիլ իրենց սիրելիներէն մէկուն մահուան հետ։

Յիսուս եկաւ որ մեզ փրկէ (2։07)

Արդեօք ոմանք յարութիւն առնելով երկինքին մէջ պիտի ապրի՞ն։ Որո՞նք յարութիւն պիտի չառնեն։

«Յարութիւնը ի՞նչ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)