Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 32

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կ’իշխէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կ’իշխէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ սկսաւ իշխել 1914–ին։ Այդ տարին, նաեւ մարդկային իշխանութեան վերջին օրերը սկսան։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Նկատի առ Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները ու այն վիճակները եւ մարդոց բնաւորութիւնները, որոնք 1914–էն ի վեր կը տեսնենք։

1. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ մարգարէացաւ

Սուրբ Գիրքի Դանիէլ գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի սկսէր իշխել ժամանակամիջոցէ մը ետք, որ կը կոչուի «եօթը ժամանակ» (Դանիէլ 4։16, 17)։ Հարիւրաւոր տարիներ ետք, Յիսուս այդ նոյն ժամանակամիջոցը կոչեց «ազգերուն ժամանակները», եւ ըսաւ որ այդ ժամանակամիջոցը դեռ չէր վերջացած (Ղուկաս 21։24)։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, եօթը ժամանակը վերջ գտաւ 1914–ին։

2. 1914–էն ի վեր, ի՞նչ վիճակներ եւ բնաւորութիւններ կը տեսնենք

Յիսուսի աշակերտները իրեն հարցուցին. «Քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։ Յիսուս պատասխանեց, մարգարէանալով թէ շատ բաներ պիտի ըլլային, երբ երկինքի մէջ սկսէր իշխել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը. օրինակ՝ պատերազմներ, սովեր եւ երկրաշարժներ (կարդա՛ Մատթէոս 24։7)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ մարգարէացաւ, որ «վերջին օրեր»ուն, «չար ժամանակներ» պիտի գային, քանի որ մարդոց բնաւորութիւնները կեանքը ա՛լ աւելի պիտի դժուարացնէին (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Այս վիճակները եւ բնաւորութիւնները մանաւանդ յայտնի եղած են 1914–էն ի վեր։

3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իշխելու սկսելէն ի վեր, վիճակները ինչո՞ւ այսքան գէշ եղած են

Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալէ կարճ ժամանակ ետք, ան երկինքին մէջ պատերազմեցաւ Սատանային եւ անոր դեւերուն դէմ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Սատանան «վար ձգուեցաւ» եւ «իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ» (Յայտնութիւն 12։9, 10, 12)։ Սատանան շատ բարկացած է, քանի որ գիտէ թէ պիտի կործանի։ Ան մեծ ցաւ եւ չարչարանք կը պատճառէ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Ուրեմն զարմանալի չէ, որ աշխարհի վիճակները այսքան գէշ են։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր այս խնդիրները մէջտեղէն պիտի վերցնէ։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս գիտենք, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ցոյց տալ, որ կը հաւատանք թէ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ։

4. Ըստ Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւններուն, Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–էն ի վեր

Աստուած Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին երազ մը տուաւ, որ ցոյց կու տար թէ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլար։ Այդ երազը եւ անոր բացատրութիւնը, որ Դանիէլ տուաւ, ցոյց կու տան որ երազը թէ՛ Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան եւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին էր (կարդացէ՛ք Դանիէլ 4։17) a։

Կարդացէ՛ք Դանիէլ 4։20-26 եւ ետքը նկարին օգնութեամբ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ա) Նաբուգոդոնոսոր իր երազին մէջ ի՞նչ տեսաւ (տե՛ս համար 20 եւ 21

  • Բ) Ծառին ի՞նչ պիտի ըլլար (տե՛ս համար 23

  • Գ) «Եօթը ժամանակ»ը լրանալէ ետք, ի՞նչ տեղի պիտի ունենար (տե՛ս համար 26

Ծառին մասին երազը ինչպէ՞ս կապ ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ (Դանիէլ 4։20-36)

Իշխանութիւն

Ա) Հսկայ ծառ մը

Իշխանութիւնը կը կենայ

Բ) «Ծառը կտրեցէ՛ք» եւ թող «եօթը ժամանակ անցնի»

Իշխանութիւնը ետ կը սկսի

Գ) «Քու թագաւորութիւնդ պիտի վերահաստատուի»

Այս մարգարէութեան առաջին կատարումին մէջ՝

  • Դ) Ծառը ո՞վ կը ներկայացնէր (տե՛ս համար 22

  • Ե) Իր իշխանութիւնը ինչպէ՞ս կեցաւ (կարդացէ՛ք Դանիէլ 4։29-33

  • Զ) «Եօթը ժամանակ»ը լրանալէ ետք, Նաբուգոդոնոսորին ի՞նչ եղաւ (կարդացէ՛ք Դանիէլ 4։34-36

ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄ

Իշխանութիւն

Դ) Բաբելոնի թագաւորը՝ Նաբուգոդոնոսոր

Իշխանութիւնը կը կենայ

Ե) Ք.Ա. 606–էն ետք, Նաբուգոդոնոսոր իր խելքը կը կորսնցնէ եւ եօթը տարի չի կրնար իշխել

Իշխանութիւնը ետ կը սկսի

Զ) Նաբուգոդոնոսորին խելքը իրեն կը վերադառնայ եւ ետ կը սկսի իշխել

Այս մարգարէութեան երկրորդ կատարումին մէջ՝

  • Է) Ծառը ո՞վ կը ներկայացնէր (կարդացէ՛ք Ա. Մնացորդաց 29։23

  • Ը) Անոնց իշխանութիւնը ե՞րբ կեցաւ։ Ինչպէ՞ս գիտենք, որ անոնք դեռ չէին իշխեր, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր (կարդացէ՛ք Ղուկաս 21։24

  • Թ) Այս իշխանութիւնը ե՞րբ եւ ո՞ւր վերսկսաւ։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԱՏԱՐՈՒՄ

Իշխանութիւն

Է) Իսրայէլացի թագաւորներ, որոնք Աստուծոյ իշխանութիւնը կը ներկայացնեն

Իշխանութիւնը կը կենայ

Ը) Երուսաղէմ կը կործանուի, եւ Աստուծոյ իշխանութիւնը ներկայացնող իսրայէլացի թագաւորներ ա՛լ չեն իշխեր 2520 տարի

Իշխանութիւնը ետ կը սկսի

Թ) Երկինքին մէջ Յիսուս կը սկսի իշխել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը

Եօթը ժամանակը որքա՞ն երկար է

Սուրբ Գիրքի կարգ մը մասեր մեզի կ’օգնեն, որ ուրիշ մասեր հասկնանք։ Օրինակ, Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ որ երեքուկէս ժամանակը հաւասար է 1260 օրերու (Յայտնութիւն 12։6, 14)։ Ուրեմն, եօթը ժամանակը հաւասար է 2520 օրերու։ Երբեմն Սուրբ Գիրքը մէկ օրը մէկ տարի կը հաշուէ (Եզեկիէլ 4։6)։ Այս է պարագան Դանիէլ գրքին մարգարէութեան. եօթը ժամանակը հաւասար է 2520 տարիներու։

5. 1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է

Յիսուս մարգարէացաւ որ աշխարհին մէջ ի՛նչ վիճակներ պիտի տիրէին, ինք Թագաւոր ըլլալէն ետք։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 21։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս վիճակներէն որո՞նք տեսած ես կամ լսած ես։

Պօղոս առաքեալ նկարագրեց, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի ըլլային մարդկային իշխանութեան վերջին օրերուն ընթացքին։ Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 3։1-5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Նկատա՞ծ ես որ մարդիկ այսպէս կը վարուին։

6. Ցոյց տուր որ կը հաւատաս, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ

Կարդացէ՛ք Մատթէոս 24։3, 14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ի՞նչ կարեւոր գործ մը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս այս գործին մասնակցիլ։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ, եւ շուտով կը հասնի այն օրը, երբ ամբողջ երկրի վրայ լիովին պիտի իշխէ։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 10։24, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է ընենք, մինչ «այն օրուան մօտենալը» կը տեսնենք։

Եթէ գիտնայիր բան մը, որ կրնայ ուրիշներուն օգնել եւ ազատել, ի՞նչ կ’ընէիր

ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Եհովայի վկաները ինչո՞ւ այսքան կը խօսին 1914–ին մասին»։

  • Ի՞նչ կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Մարգարէութիւնները եւ աշխարհի վիճակները կը փաստեն, որ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ։ Կը յայտնենք որ ասոր կը հաւատանք, Թագաւորութեան մասին քարոզելով եւ ժողովներուն ներկայ ըլլալով։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ պատահեցաւ Դանիէլ գիրքին մէջ մարգարէացուած եօթը ժամանակը լրանալէ ետք։

  • Ի՞նչը քեզ կը համոզէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ կը հաւատաս որ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ թէ պատմաբաններ եւ ուրիշներ ի՛նչ կ’ըսեն՝ 1914–էն ի վեր աշխարհի մէջ եղած փոփոխութիւններուն մասին։

«Երբ աշխարհի բարոյական մակարդակը յանկարծ ցածցաւ» (Զարթի՛ր ապրիլ 2007, արաբ.)

Կարդա՛ թէ Մատթէոս 24։14–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս ազդեց մարդու մը կեանքին։

«Ամէնէն շատ պէյսպոլ կը սիրէի» (Դիտարան 2017–ի թիւ 3)

 Ինչպէ՞ս գիտենք որ Դանիէլ 4–րդ գլուխին մէջ գրուած մարգարէութիւնը կապ ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ։

«Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել (Մաս 1)» (Դիտարան 1 հոկտեմբեր 2014)

Ի՞նչը ցոյց կու տայ որ Դանիէլ 4–րդ գլուխին մէջ յիշուած «եօթը ժամանակ»ը վերջ գտաւ 1914–ին։

«Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել (Մաս 2)» (Դիտարան 1 նոյեմբեր 2014)

a Տե՛ս այս դասին «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինին մէջ յիշուած  վերջին երկու յօդուածները։